Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 3086 վարակուածներ եւ 46 մահացածներ:
Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան ցաւ յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը կ՛աւելնայ` նշելով, որ հակառակ պատուաստումի արշաւին սկսելուն, մարդիկ կը զլանան նախազգուշութիւններուն յանձնառու մնալ:
«Կոչ կ՛ուղղեմ քաղաքացիներուն կառչած մնալու «Քորոնա» ժահրին դէմ որդեգրուած նախազգուշութիւններուն, որոնք անհրաժեշտ են վարակումի պարագաները նուազեցնելու: Մեր բոլորին պարտականութիւնն է զգուշանալ եւ կարգապահութեամբ գործադրել նախազգուշութիւնները` վերջ տալով բնակարանային այցելութիւններուն», ըսաւ ան:
Հասան նշեց, որ պատուաստումի թափը աւելի արագ ընթացք պիտի ունենայ եւ պիտի բարելաւուի:
Միւս կողմէ, «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստումի լիբանանեան պետական շտապի նախագահ Ապտել Ռահման Պըզրի յայտնեց, որ կը մօտենանք տօնական օրերուն, որոնք պէտք չէ առիթ ըլլան կեանքը աղէտի վերածելու:
Պըզրի անդրադարձաւ «Քորոնա» ժահրով վարակուողներու թիւի համեմատութեան աճին` հաստատելով, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասած է 500 հազար վարակուածի, ինչ որ մեծ թիւ է` Լիբանանի նման փոքր երկրի մը համար:
Պատուաստումի ընթացքին մասին խօսելով` Պըզրի յայտնեց, որ անոնք լաւ ընթացքի մէջ են` աւելցնելով, որ հիմնական հարցը այն է, որ պատուաստներուն թիւը քիչ է, այլապէս` պատուաստումի կեդրոնները հեզասահ կերպով կը գործեն, առանց հարցերու:
Ան նշեց, որ շաբաթ օր լիբանանեան պետութիւնը պիտի ստանայ 92 հազար «Ասթրազենիքա» պատուաստ: Այս քանակը պիտի բարելաւէ պատուաստումի աշխատանքը:
Ան յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ օգտագործուող պատուաստները ազդու են եւ ապահով` աւելցնելով, որ «Ասթրազենիքա» պատուաստին դէմ շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերով պէտք չէ տարուիլ, որովհետեւ «Ասթրազենիքա»-ի միլիոնաւոր պատուաստի ներարկում կատարուած է եւրոպական երկիրներու` յատկապէս Բրիտանիոյ, Սպանիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, ինչպէս նաեւ արաբական ու ասիական կարգ մը երկիրներու մէջ:
Պըզրի ընդգծեց, որ Լիբանան 8 միլիոն պատուաստ խնդրած է պատուաստի տարբեր ընկերութիւններէ: «Լիբանանի մէջ կան անհատներ, որոնք պատուաստ ներածելու արտօնագիր ունին, սակայն պատուաստի ընկերութիւնները պնդած են, որ իրենք միայն լիբանանեան պետութեան հետ կը փափաքին գործակցիլ», ըսաւ ան:
Դպրոցները վերաբանալու մասին Պըզրի յայտնեց, որ անիկա կարելի պիտի ըլլայ, երբ հասարակութեան մօտ հաւաքական դիմադրողականութիւն արձանագրուի, եւ ոչ միայն ուսուցիչները պատուաստելէ ետք:
Նշենք, որ Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի ընդհանուր տնօրէն Ֆիրաս Ապիատ քաղաքացիները զգուշացուց «Քորոնա»-ի համաճարակէն` հաստատելով, որ երկրին առողջապահական իրավիճակը օրըստօրէ կը վատթարանայ:
Իր կարգին, Բժիշկներու սենտիքայի նախագահ Շարաֆ Ապու Շարաֆ յայտնեց, որ տարբեր մարզերուն աշխատանքի վերադարձով եւ Լիբանանի մէջ արձանագրուող բողոքի ցոյցերուն պատճառով «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացած է:
Ապու Շարաֆ նշեց, որ վարակուածներուն թիւը յայտարարուած թիւին կրկնապատիկն է եւ աւելի:
Մինչեւ օրս մենք կը գտնուինք վտանգի փուլին մէջ, որովհետեւ պատուաստներուն համեմատութիւնը տակաւին քիչ է` բաղդատած քաղաքացիներուն թուային համեմատութեան:


