Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մարտ 17, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 3480 վարակուածներ եւ մահացած 52 ուրիշներ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ տիրող ընդհանուր իրավիճակը: Շիա մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու: Պըրրի երկրին քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները քննարկեց նաեւ նախկին նախարար Մարուան Շարպելի հետ:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական եւ կրօնական իրադարձութիւնները: Պուխարի յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա կը զօրակցի լիբանանցիներուն` այս տագնապը թօթափելու առումով: Ան ընդգծեց, որ Սէուտական Արաբիա այս կամ այն համայնքին չէ որ կը զօրակցի, այլ` բոլոր համայնքներուն:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Իպրահիմ Մուսաուի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի քայլերը ամօթալի են ու վարկաբեկիչ: «Այդ քայլերը լիբանանեան պետութեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւններ գործելու եւ զայն վարկաբեկելու քայլեր են, որոնք ներքին փտածութեան դրամի երկրորդ երեսն են: Իսկ առաջին երեսը կը մնայ ժողովուրդը աղքատացուցած եւ անօթութեան մատնած դրամատուներու իշխանութիւնը, որ ամերիկեան պատժամիջոցներն ու շրջափակումը գործադրելու իմաստով դարձեալ կը վայելէ ամերիկացի դեսպանին զօրակցութիւնը: Ո՞ւր են գերիշխանութեան կոչեր ուղղողները: Իրանեան ի՞նչ հոգատարութեան մասին է խօսքը», հարց տուաւ ան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Նասրալլա յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջադրած նախաձեռնութիւնը հիմնուած է քաղաքական ոչ մէկ կողմի կառավարութեան որոշումները սառեցնելու մէկ երրորդը շնորհելու վրայ: «Սակայն տիրող մթնոլորտը ժխտական է, եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ու նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ հեռաւորութիւնը խոր է», նշեց ան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին կատարուած զօրակցութիւնն ու զինումը սահմանափակ են` աւելցնելով, որ բանակին տրամադրուած զինուորական օժանդակութեան շրջագիծին մէջ անոր բնաւ պիտի չյանձնուին այնպիսի զէնքեր, որոնք Իսրայէլի ապահովութեան կրնան սպառնալ: Ժսըր աւելցուց, որ կայ նաեւ այլ պատճառաբանութիւն մը, որուն համաձայն, բանակին տրուելիք նման զէնքեր կրնան փոխանցուիլ Հըզպալլային:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ պենզինի տագնապ կայ` աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր կայարանի դիմաց հարիւրաւոր ինքնաշարժներ հերթի կը սպասեն` պենզին ստանալու նպատակով: Քպայսի նշեց, որ լիբանանեան այլ շրջաններու մէջ պենզինի տագնապ գոյութիւն չունի` խստօրէն դատապարտելով պատերազմի օրերուն նման գործադրուած խտրութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի փոխնախագահ Մուսթաֆա Ալլուշ ընդգծեց, որ ժողովրդային պայթումն ու երկրին քաոսի մատնուիլը աւելի հաւանական են եւ իրական, քան կառավարութեան կազմութիւնն ու երկրին տագնապներուն լուծումը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ 6 լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններ եւ կուսակցութիւններու ղեկավարներ ենթակայ են սպանութեան: Ան նշեց, որ ինք չի զարմանար, եթէ մետասաներորդ պահուն կառավարութիւն մը կազմուի, բայց եւ այնպէս հաւանական նկատեց, որ երկրին մէջ զինեալ երեւոյթներ արձանագրուին եւ քաոս ստեղծուի, ինչպէս նաեւ սկսին աւազակութեան արշաւներ: Ան հաստատեց, որ եթէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հրաժարի, ապա անկարելի է հանրապետութեան նախագահ ընտրել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Լիբանանի դրամատնային համակարգը փուլ եկած է` աւելցնելով, որ անիկա ինքզինք վերագտնելու համար 5 տարուան տքնաջան աշխատանքի կարիք ունի:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ֆրանսական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ Լիբանան շատ դժուար փուլի մը դէմ յանդիման կը գտնուի:

Նախորդը

35 Տարիներ Անցած Են… Քայլերգը, Դրօշակն Ու Զէնքը

Յաջորդը

Թարեք Պիթար. «Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Ոչ Մէկ Յանցագործ Բանտէն Դուրս Պիտի Մնայ»

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?