Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Դրամանիշի Արժեզրկման Զուգահեռ Բողոքի Ցոյցերը Շարունակուեցան Շաբաթավերջին

Մարտ 15, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթավերջը անցաւ նոյն մթնոլորտին մէջ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշի արժէքի անկում եւ բողոքի ցոյցեր, որոնք գրեթէ նոյն տիպի էին` հրկիզուող անիւներով ճամբաներու փակում:

Շաբաթ կէսօրէ ետք Նահատակաց հրապարակին վրայ հանգստեան կոչուած բանակայինները վրաններ լարեցին, մինչ ցասկոտ ցուցարարները հասան խորհրդարանի մուտքին մօտակայքը, եւ բախումներ արձանագրուեցան անոնց եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ:

Զայրոյթով զինուած երիտասարդները քարկոծեցին խորհրդարանը պաշտպանող քարաշէն արգելքներն ու երկաթեայ դարպասները, որոնցմէ մէկը յաջողեցան քանդել:

Ցուցարարները քարկոծեցին նաեւ ապահովութեան ուժերը, որոնք իրենց կարգին արցունքաբեր կազեր արձակելով փորձեցին ցրուել ցուցարարները:

Միւս կողմէ, հրշէջներու Պէյրութի ջոկատի զոհերուն հարազատները կատարեցին բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին անոնք հաստատեցին, որ 4 օգոստոս 2020-էն ետք եւ անկէ առաջ Լիբանանի համար տարբեր ժամանակաշրջաններ են:

Անոնք լիբանանեան իշխանութեան ուղղեցին իրենց խօսքը` հաստատելով, որ «դժոխք» եզրը տակաւին քիչ է նկարագրելու այդ իշխանութիւնը: «Երեսուն տարիէ ի վեր չէք կշտացած արիւն թափելէ, քանդելէ, սպաննելէ, պայթեցնելէ եւ բռնագաղթի ենթարկելէ», ըսին անոնք:

Զոհերուն հարազատները խոստացան վրէժ լուծել փտած իշխանութենէն եւ քաղաքական ուժերէն` պահանջելով արբանեակային լուսանկարներ ապահովել` պայթումին մասին հետաքննութիւնը անոր հիման վրայ կատարելու նպատակով:

Նշենք, որ շաբաթ օր Նահատակաց հրապարակին վրայ տեղի ունեցած բախումներուն զուգահեռ լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ փակուեցան փողոցներ: Այդ շրջաններէն են. Նաամէի մայրուղին` պատճառելով երթեւեկի ահաւոր խճողում, Ժատրայի, Ռաշայայի, Ռայաքի եւ Պար Էլիաս ճամբաները, Սայտայի Նըժմէ հրապարակը, Թաալպայան, Ժիէի մայրուղին, Պէյրութի մէջ` Քոռնիշ Մազրաան, Մանարան, Քասքասը, Քոլան եւ Նահատակաց հրապարակը, Պաալպեքը, Թաալպայան եւ Ապպասիէն:

Նշենք, որ Սուրի մէջ հարիւրաւոր ցուցարարներ կատարեցին բողոքի երթ մը, որուն ընթացքին զայրոյթի արտայայտութիւններ հնչեցուցին Լիբանանի տնտեսական տագնապին, սղաճին, իշխանութիւններուն եւ փտածութեան դէմ:

Երէկ յետմիջօրէին ցուցարարներ փակեցին Սայտայի Էլիա հրապարակը, Հարաւային Լիբանանի մայրուղին` Ատուսիէ-Զահրանիի խաչմերուկին կից:

Ապա փակուեցան Պաալպեքի եւ Թաալպայայի ճամբաները, ինչպէս նաեւ Հալպայի Ապտէ հրապարակը:

Մարտ 14-ի Յիշատակին Մասին
Գրառումներ

Մարտ 14-ի առիթով կարգ մը լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններ գրառումներ կատարեցին` անդրադառնալով Մարտ 14-ի յիշատակին:

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ Մարտ 14-ը գաղափար մըն է, որ մահուան չէ դատապարտուած, այլ` միշտ կը վերանորոգուի:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Մարտ 14-ը պիտի շարունակուի` մինչեւ իր նպատակին իրականացումը:

Հզօր Լիբանան համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ Մարտ 14-ը ազատ, անկախ եւ գերիշխան Լիբանանի համար կը մնայ ճշմարտութեան եւ վկայութեան օր, որուն հասած էին` 14 ժամուան հաստատակամ երթ մը ունենալէ ետք:

«Մարտ 14-ը պիտի մնայ ժողովուրդի խիղճին մէջ փոփոխութիւն իրականացնելու օրինակը», ըսաւ ան:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի յեղափոխութենէն 16 տարի ետք կարելի է ըսել, որ անկախութիւնը իրականացած է, սակայն հաշուետուութիւնն ու բարեկարգումները տակաւին կը բացակային:

Ան հաստատեց, որ Մարտ 14-ի նահատակներուն յիշատակին հաւատարիմ մնալով պիտի շարունակեն անզիջող ըլլալ` երկրին գերիշխանութեան կառչածութեան եւ հաշուետուութեան պահանջին առումով:

Նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ Մարտ 14-ը վերականգնեց լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ իսլամ-քրիստոնեայ համերաշխութեան հասկացողութիւնը:

«Մարտ 14-ը արտակարգ ըմբոստութիւն մըն էր Լիբանանի պատմութեան մէջ, անիկա կազմակերպուած էր մտաւորականներու եւ քաղաքական փայլուն ղեկավարներու թափած արիւնով ու մատուցած զոհողութիւններով: Անիկա հայրենիքի կերտման, ազատականութեան եւ հաշտութեան թուական մըն է, որ լիբանանցիներու խիղճին մէջ դրոշմուած է իբրեւ քաղաքական, ժողովրդային եւ քաղաքակիրթ պատկեր, որ չի կրնար ջնջուիլ համայնքային ընդվզումներով եւ շրջանային փոփոխութիւններով», նշեց ան:

Հարիրի ողջունեց բոլոր անոնք, որոնք Պէյրութի փողոցներուն մէջ էին այդ օրը եւ մայրաքաղաքին բազկերակին վերադարձուցած ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան զարկը, ինչպէս նաեւ հաւատարիմ մնացած էին նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի եւ այդ ճամբուն վրայ ինկած նահատակներուն յիշատակին:

Միւս կողմէ, պէտք է աւելցնել, որ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Հարիրի ծրագրած է այցելել նաեւ Բրիտանիա Գերմանիա, Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսիա:

Նշենք նաեւ, որ Հըզպալլայի պատուիրակութիւն մը այսօր պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Ռուսիա:

Այս առիթով, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Մոսկուայի մէջ Հըզպալլայի պատուիրակութիւնը հանդիպումներ պիտի ունենայ ռուս պետական անձնաւորութիւններու հետ:

Ռաատ նշեց, որ Հըզպալլայի եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւնը տարիներ առաջ սկսած է` աւելցնելով, որ անիկա հիմնուած է փոխադարձ շահերու վրայ:

Լիբանանեան տագնապի լուծման եւ երկրին կայունութեան վերահաստատումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ռաատ յայտնեց, որ ներկայիս պէտք է մտածել միայն մէկ ընտրանքի մասին, որն է ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կառավարութիւն մը կազմելու ընտրանքը:

 

Նախորդը

Առողջապահութեան Մարզը Ներկայացնող Պատասխանատուներ Կը Զգուշացնեն «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներու Թիւին Արձանագրած Աճէն

Յաջորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Նիկոլ Փաշինեանի Կողմէ Առջեւ Մղուած Ընտրութիւններու Օրակարգը Կեղծ Է»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?