Լիբանանեան

Պքերքէի Մէջ.  «Կը Մաղթենք, Որ Նախագահն Ու Վարչապետը  Այսօր Յուսախաբ Դարձնեն Իրենց Ձախողութեան Վրայ  Գրաւ Դնող Կողմերը Եւ Շրջեն Սեղանը»  Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

Պքերքէի Մէջ. «Կը Մաղթենք, Որ Նախագահն Ու Վարչապետը Այսօր Յուսախաբ Դարձնեն Իրենց Ձախողութեան Վրայ Գրաւ Դնող Կողմերը Եւ Շրջեն Սեղանը» Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ շնորհաւորեց բոլոր մայրերը` Մայրերու օրուան առիթով: Ապա ան խօսեցաւ լիբանանցիներուն մասին` հաստատելով, որ Լիբանանի մէջ աւելի քան մէկ միլիոն մարդ աղքատացած է` աւելցնելով, որ հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներ նուազ քան աղքատ են եւ ենթակայ են սովի: «Կոչ կ՛ուղղեմ Լիբանանի բարեկամ արաբական եւ...

Ֆրանսայի Մէջ .  Նաժըմ Այցելեց Ժորժ Ապտալլայի

Ֆրանսայի Մէջ . Նաժըմ Այցելեց Ժորժ Ապտալլայի

Արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Մարի Քլոտ Նաժըմ շաբաթավերջին այցելեց Ֆրանսայի Լանմեզանի արգելարանին մէջ գտնուող լիբանանցի քաղաքական բանտարկեալ Ժորժ Ապտալլային: Նաժըմ - Ապտալլա հանդիպումը տեւեց երեք ժամ: Նշենք, որ 2020 մայիսին Նաժըմ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած էր Ֆրանսայի արդարութեան նախկին նախարար Նիքոլ Պլոպիի հետ` նկատի ունենալով, որ Ապտալլա հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին ամբողջացուց իր բանտարկութեան 37-րդ տարին: Ապտալլայի ընտանիքը բարձր գնահատեց Նաժըմի կատարած...

Միքաթի, Սինիորա Եւ Սալամ Կը Դատապարտեն  Նախագահ Աունի Վարուելակերպը

Միքաթի, Սինիորա Եւ Սալամ Կը Դատապարտեն Նախագահ Աունի Վարուելակերպը

Նախկին վարչապետներ Նեժիպ Միքաթի, Ֆուատ Սինիորա եւ Թամմամ Սալամ գումարեցին ժողով մը, որուն ընթացքին քննարկեցին լիբանանեան իրադարձութիւնները` ցաւ յայտնելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի վարուելակերպին նկատմամբ, յատկապէս նշանակուած վարչապետին ուղղած անոր պատկերասփռուած սպառնական ճառը, մինչդեռ ընդունուած կարգը այն է, որ անոնց միջեւ յարաբերութիւնն ու խորհրդակցութիւնը բնականոն կերպով ընթանայ` հեռու մնալով ամէն տեսակի տեղեկատուական գրգռութենէ: «Այս պահուս Լիբանան կարիքը ունի կառավարութեան...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը շաբաթ օր գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի: Նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Ազգային ազատ հոսանքը հանգիստ կը զգայ հանրապետութեան նախագահին եւ նշանակուած վարչապետին միջեւ խորհրդակցութիւններու վերսկսումին համար: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Ազգային ազատ հոսանքը պատրաստ է լիբանանեան որեւէ քաղաքական ուժի հետ երկխօսութիւն կատարելու: ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ...

Նախագահ Աուն Ընդունեց  Մարալ Նաճարեանը

Նախագահ Աուն Ընդունեց Մարալ Նաճարեանը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ռուսական հարցերու իր խորհրդատուն` Ամալ Ապու Զէյտը, ընկերակցութեամբ Մարալ Նաճարեանի, որ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` իր ազատ արձակումին նպատակով անոր ունեցած դերակատարութեան համար: Ազրպէյճանի կողմէ գերեվարուած եւ ապա ազատ արձակուած Մարալ Նաճարեան նախագահ Աունին յայտնեց, թէ ինք Արցախի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պատերազմի աւարտին ուղղուած է Շուշի իր ընտանիքին անդամներուն հետ...

Պրիթելի Մէջ  Բանակը Ձերբակալեց  Աւազակախումբի Պետը

Պրիթելի Մէջ Բանակը Ձերբակալեց Աւազակախումբի Պետը

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ Պրիթելի մէջ կատարեց ձերբակալութիւններ` դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած յանցագործներ հետապնդելէ ետք: Հետապնդումի ընթացքին արձանագրուեցան կրակոցներ եւ արձակուեցան նռնականետեր` բանակին եւ յանցագործներուն միջեւ: Առաւօտեան կանուխ ժամերուն տեղի ունեցած այս գործողութեան ընթացքին բանակը կրցաւ ձերբակալել գողութիւններ կազմակերպող աւազակախումբի պետն ու անոր օգնականները: Բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Պրիթելի մէջ բանակը ներխուժած է աւազակներու բնակարանները`...

Տիապ Ուազնիի Հետ Քննարկեց  Ամավարկի Նախագիծը

Տիապ Ուազնիի Հետ Քննարկեց Ամավարկի Նախագիծը

Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնին` ներկայութեամբ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, դատաւոր Մահմուտ Մաքքիէի եւ աւագ խորհրդատու Խտըր Թալեպի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ելեւմտական իրավիճակը եւ Կեդրոնական դրամատան կողմէ որդեգրուած միջոցառումները` լուծելու համար սեւ շուկայի վրայ ամերիկեան տոլարի սակին կայունութեան հարցը: Քննարկուեցան նաեւ պետական ամավարկն ու իրաւական հաշուեքննութիւնը արագացնելու կարեւորութիւնը: Միւս կողմէ, Տիապ ընդունեց...

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց  Սամի Ժեմայէլը

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Սամի Ժեմայէլը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ երկրին քաղաքական դասակարգը ոչինչ կը զգայ ժողովուրդին տառապանքին առումով` հաստատելով, որ այդ դասակարգը տարբեր աշխարհի մէջ կ՛ապրի: Ժեմայէլ նշեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը համոզուած է, որ ներկայ կացութեան միակ լուծումը պիտի ըլլայ քաղաքական ներկայ վարչակազմին հրաժարումը եւ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 3588 վարակուածներ եւ 55 մահացածներ: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակը: Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Իմատ Հուպալլա յայտնեց, որ Լիբանան...

Պաապտայի Մէջ.  Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին  Շուրջ Խորհրդակցութիւնները Կը Վերսկսին

Պաապտայի Մէջ. Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Շուրջ Խորհրդակցութիւնները Կը Վերսկսին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Պաապտայի մէջ ընդունեց նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ վերսկսաւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին շուրջ խորհրդակցութիւններուն: Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ դարձեալ խօսած է 18 մասնագէտ նախարար հաշուող կառավարութեան մը մասին, որուն նպատակն է երկիրը իր դիմագրաւած տնտեսական տագնապէն դուրս բերել: Ան շեշտեց, որ կառավարութեան...

Սէյիտ Նասրալլա. «Պիտի Չարտօնենք, Որ Երկիրը  Ուղղուի Դէպի Քաղաքացիական Պատերազմ, Իսկ Մասնագէտներու  Կառավարութիւնը Լուծումը Չէ»

Սէյիտ Նասրալլա. «Պիտի Չարտօնենք, Որ Երկիրը Ուղղուի Դէպի Քաղաքացիական Պատերազմ, Իսկ Մասնագէտներու Կառավարութիւնը Լուծումը Չէ»

Վիրաւոր մարտիկի օրուան առիթով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը` շեշտելով, որ Լիբանանի մէջ ոմանք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն քաղաքացիական պատերազմ բռնկեցնելու», ընդգծեց Նասրալլա: «Կարելի չէ տնտեսական տագնապին եւ տոլարի արժէքի բարձրացումին պատճառաբանութեամբ, ինչպէս նաեւ շուկային մէջ սննդեղէնի տագնապին պատճառը օգտագործելով ոմանք մղուին քաղաքացիական պատերազմ բռնկեցնելու», ընդգծեց Նասրալլա: Սէյիտ Նասրալլա,...

Պըրրի Իպրահիմի Հետ Քննարկեց Երկրին  Քաղաքական Եւ Ապահովական Իրադարձութիւնները

Պըրրի Իպրահիմի Հետ Քննարկեց Երկրին Քաղաքական Եւ Ապահովական Իրադարձութիւնները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Իպրահիմ մեկնեցաւ մերժելով մեկնաբանութիւն կատարել: Պըրրիի այցելեց նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռեմոն Ղաժարը, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ելեկտրականութեան եւ վառելանիւթի թղթածրարներն ու նախարարութեան վերաբերող հարցեր: Միւս կողմէ,...

Ընդհանուր Գործադուլի Մը Շրջագիծին Մէջ`  Դեղարանները Երէկ Փակեցին Իրենց Դռները

Ընդհանուր Գործադուլի Մը Շրջագիծին Մէջ` Դեղարանները Երէկ Փակեցին Իրենց Դռները

Լիբանանի տարածքին գործող դեղարաններուն 60 առ հարիւրը երէկ կատարեց գործադուլ մը, որուն զուգահեռ դեղագործներ նստացոյց մը կատարեցին առողջապահութեան նախարարութեան դիմաց` պահանջելով պէտք եղած քանակով դեղորայք ներածել: Անոնք սպառնացին իրենց դեղարանները մնայուն փակ պահել` իրենց պահանջը անտեսելու պարագային: Դեղագործները հաստատեցին, որ իրենց գործադուլը քաղաքացիներուն դէմ չէ ուղղուած: Նշենք, որ Սեփական հիւանդանոցներու սենտիքայի նախագահ Սլէյման Հարուն յայտնեց, որ առողջապահական մարզը ահաւոր վիճակի...

Ռաատ. «Ռուսիա Լուրջ Հետաքրքրութիւն  Կը Ցուցաբերէ Կառավարութեան Անյապաղ  Կազմութեան Նկատմամբ»

Ռաատ. «Ռուսիա Լուրջ Հետաքրքրութիւն Կը Ցուցաբերէ Կառավարութեան Անյապաղ Կազմութեան Նկատմամբ»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ «Ռաշա թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հըզպալլայի պատուիրակութեան Ռուսիա կատարած այցելութիւնը կը զուգադիպի անկիւնադարձային ժամանակաշրջանի մը, երբ միջազգային եւ շրջանային մակարդակներու վրայ լուրջ զարգացումներ կ՛արձանագրուին մեծ պետութիւններուն միջեւ: «Անոնցմէ ոմանք կը փափաքին շրջանը իրենց մենաշնորհին վերածել եւ իրենց ու յատկապէս սիոնական գոյացութեան շահերը ապահովել, իսկ ոմանք կը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 3757 վարակուածներ եւ 73 մահացածներ: ԿԱԹՈՂԻԿԷ դպրոցներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հայր Պութրոս Ազար յայտնեց, որ առցանց կրթութեան շարունակութիւնը` դպրոց յաճախելու զուգահեռ, ներկայիս մերժելի է եւ անապահով: «Մենք կը մերժենք կրթական տարեշրջանը երկարաձգել», ըսաւ Ազար: ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ռաուլ Նաամէ զգուշացուց, որ տնտեսական կացութիւնը կ՛ուղղուի...

Նախագահ Աուն Նշանակեալ Վարչապետը Պաապտա  Կը Հրաւիրէ. Վարչապետը Կը Խոստանայ Ընդառաջել

Նախագահ Աուն Նշանակեալ Վարչապետը Պաապտա Կը Հրաւիրէ. Վարչապետը Կը Խոստանայ Ընդառաջել

Վառելանիւթը Կը Սղի, Իսկ Դեղարանները Այսօր Կ՛ուղղուին Դէպի Գործադուլ Համատարած յուսալքումի մթնոլորտին ներքեւ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրին հրաւիրեց Պաապտա` անմիջապէս կազմելու համար նոր կառավարութիւնը` իրեն հետ համաձայնաբար, եւ նախկին կառավարութիւններու կազմութեան ընթացքին սահմանադրութեամբ ճշդուած չափանիշներուն համաձայն: «Եթէ նշանակուած վարչապետը զգայ, որ նոր կառավարութիւն մը կազմելու,...

Նախագահ Աուն Եւ Պըրրի  Ընդունեցին Արսլանը

Նախագահ Աուն Եւ Պըրրի Ընդունեցին Արսլանը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանը` ընկերակցութեամբ նախկին նախարար Սալեհ Ղարիպի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթն ու այդ իմաստով կատարուող խորհրդակցութիւնները: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին ընդունեց Արսլանն ու Ղարիպը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները:  

«Քորոնա» Ժահրով Մահացողներուն Թիւը  Օրական Դրութեամբ Աճ Կ՛արձանագրէ

«Քորոնա» Ժահրով Մահացողներուն Թիւը Օրական Դրութեամբ Աճ Կ՛արձանագրէ

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 3544 վարակուածներ եւ 62 մահացածներ: Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան յայտնեց, որ նախարարութիւնը իր պահանջած պատուաստներուն պարագային կը հիմնուի Առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութեան յանձնարարած պատուաստի տեսակներուն վրայ` աւելցնելով, որ կարելի չէ դիմել որեւէ միջոցառումի, որ քաղաքացիներուն կեանքը վտանգի կ՛ենթարկէ: Ան նշեց, որ «Ասթրազենիքա» պատուաստին առումով, նախարարութիւնը տակաւին...

Ռիատ Սալամէ Այցելեց Հարիրիի Եւ Ուազնիի

Ռիատ Սալամէ Այցելեց Հարիրիի Եւ Ուազնիի

Նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական իրադարձութիւնները: Սալամէ այցելեց նաեւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնիի: Հանդիպումէն ետք Սալամէ յայտնեց, որ ինք Ուազնիին ներկայացուցած է կարգ մը առաջարկներ, որոնք պիտի սերտուին Կեդրոնական դրամատան կեդրոնական խորհուրդին կողմէ` յառաջիկայ 24 ժամուան ընթացքին: Սալամէ շեշտեց, որ ինք...

Միացեալ Նահանգներ Ապահովութեան Խորհուրդէն  Ետ Վերցուցած Են Իրանի Պատժամիջոցները  Վերականգնելու` Թրամփի Օրերուն  Ներկայացուած Առաջարկը

Սելիմ Պատտուրա. «Իսրայէլի Ներկայացուցիչին Կողմէ Հըզպալլան Ահաբեկիչ Կոչելը Զրպարտութիւն Է»

ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ Լիբանանի ներկայացուցիչ Սելիմ Պատտուրա պատասխանեց Իսրայէլի ներկայացուցիչին, որ Հըզպալլան ահաբեկիչ կոչած էր: Պատտուրա ընդգծեց, որ Իսրայէլի ներկայացուցիչին կողմէ Հըզպալլայի ահաբեկիչ կոչուիլը զրպարտութիւն է, իսկ լիբանանցիներուն սպառնալը` Դիմադրութեան հրթիռային համակարգին պատճառով, լիբանանեան հարցերուն միջամտութիւն է, այնպիսի երկրի մը կողմէ, որ տակաւին բռնագրաւուած կը պահէ լիբանանեան հողերը: Նշենք, որ ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչը անցեալ սեպտեմբերին` ՄԱԿ-ի 45-րդ...

Page 426 of 988 1 … 425 426 427 … 988

Արխիւներ