Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ նախկին փոխվարչապետ Ղասսան Հասպանիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի ներկայ իրավիճակը` անդրադառնալով յատկապէս երկրին դիմագրաւած տագնապներուն:
Հանդիպումէն ետք Հասպանի յայտնեց, որ ներկայ իրավիճակը կարիքը ունի ազգային պատմական կեցուածքներու, երբ շատեր շրջանցած են պետութեան եւ վարչակարգի իմաստները:
Հասպանի հաստատեց, որ իշխանութեան նկատմամբ վստահութիւնը վերահաստատելու միակ միջոցը այն է, որ ժողովուրդը իր խօսքը ըսէ եւ ուղղուի դէպի երեսփոխանական ընտրութիւններ, որոնք ըլլան հանրաքուէի համազօր:
«Այս է պատճառը կանխահաս ընտրութիւններ կատարելու մեր կեցուածքին: Կանխահաս ընտրութիւններ, որոնք իսկական հիմք պիտի ծառայեն երկիրը քաղաքական, ընկերային, մարդասիրական եւ ելեւմտական տագնապներէ փրկելու», յայտնեց ան:



