Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Պէտք Է Ըլլայ Յարձակողի Դիրքի Վրայ»

March 15, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարտ 14-ի յիշատակին առիթով, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ կէսօրին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուց Ազգային ազատ հոսանքի ընդհանուր համագումարէն բխած քաղաքական եւ տնտեսական փաստաթուղթերը:

Պասիլ հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանքի քաղաքականութիւնը իր բոլոր մանրամասնութիւններով կարելի չէ չհիմնել ազգային մօտեցումներու վրայ: «Մօտեցումներ, որոնք կ՛ապահովեն լիբանանցիներուն շահերն ու իրաւունքները, ինչպէս նաեւ մղուած են Լիբանանի գոյացութենէն եւ կը նպատակադրեն տէր կանգնիլ ու պաշտպանել հայրենիքը` իր շերտաւորումներով եւ Ազգային ուխտով, ինչպէս նաեւ ապահովել Լիբանանը բաղկացնող բոլոր շերտերուն իրաւունքները` ամբողջական փոխգործակցութեան շրջագիծին մէջ», ըսաւ ան:

Պասիլ դիտել տուաւ, որ Ազգային ազատ հոսանքը մեծ իրաւազրկում ապրեցաւ` անոր հասցէին կատարուած անհիմն ամբաստանութիւններուն պատճառով: «Այդ ամբաստանութիւններուն տուն տուող պատճառները եղան Լիբանանի արտաքին եւ ներքին իրաւունքները վերադարձնելու առումով իր կատարած ջանքերը, որոնց ծիրին մէջ ան մերժեց բնակեցումը, պահանջեց փտածութեան դէմ պայքարը եւ փշրեց ազգային կեանքի միօրինականութեան շղթաները: Այս իմաստով Ազգային ազատ հոսանքը չի կրնար ինքնապաշտպանուողի դիրքին վրայ գտնուիլ, այլ` պէտք է ըլլայ յարձակողի դիրքին վրայ անոնց նկատմամբ, որոնք երկիրը 30 տարիներու ընթացքին սպառեցին: Միշտ պէտք է յիշել, որ Ազգային ազատ հոսանքը, իրաւունքն ու ճշմարտութիւնը իրարու շաղախուած են: Իրաւունքին համար մղուած պայքարը անպայման յաղթանակ կ՛արձանագրէ», հաստատեց ան:

Պասիլ ընդգծեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը տառապած է քաղաքական եւ ելեւմտական այնպիսի համակարգէ մը, որ սեղմած է պետութեան ու որոշումի կոկորդը` աւելցնելով, որ իրենց ընտրանքները վերատեսութեան ենթարկելով պէտք է յանգին լիբանանցիներուն մտավախութիւնները փարատող տարբեր մօտեցումներու:

Ան շեշտեց նաեւ, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը վճռակամ է վերատեսութեան ենթարկելու Հըզպալլայի հետ ստորագրած իր փոխըմբռնումի համաձայնագիրը` զայն բարելաւելու նպատակով:

«Մենք կը հաւատանք, որ խաղաղութիւն իրականացնելու համար պէտք է պահել Լիբանանի ուժը, որպէսզի անիկա անձնատուութեան չվերածուի: Ապահովական առումով եւ տնտեսապէս հզօր Լիբանանը միայն կարող է Իսրայէլի հետ արդար, մնայուն եւ ամբողջական խաղաղութիւն կերտել», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ բնակեցում կատարելու միջազգային փափաքներուն` Պասիլ ընդգծեց, որ իրենց համար մերժելի է եւ կարելի չէ ընդունիլ, որ լիբանանեան հասարակութեան հետ միաձուլուին գաղթականներն ու տեղահանուածները:

Ան աւելցուց նաեւ, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը մտահոգ է դաշնակցային դրութենէն եւ կոչ կ՛ուղղէ ընդարձակ ապակեդրոնացեալ դրութիւն հաստատելու:

Պասիլ շեշտեց, որ քաղաքացիական պետութիւն մը հիմնելու Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ծրագիրը կ՛իրականանայ լիբանանցիներուն միջեւ երկխօսութեամբ` հանրապետութեան նախագահին գլխաւորելիք երկխօսութեան ընդմէջէն:

Ան հաստատեց նաեւ, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան համար փտածութեան դէմ պայքարին հիմնական նպատակը լիբանանցիներուն պատկանող գումարներուն Լիբանան վերադարձի ապահովումն է:

 

 

Նախորդը

Ժոմպլաթ Արսլանի Հետ Քննարկեց Այն Թինէի Մէջ Գոյացած Համաձայնութեան Մանրամասնութիւնները

Յաջորդը

Առողջապահութեան Մարզը Ներկայացնող Պատասխանատուներ Կը Զգուշացնեն «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներու Թիւին Արձանագրած Աճէն

RelatedPosts

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

September 17, 2026
Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է,  Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ  Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական  Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»
Լիբանանեան

Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է, Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.