Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թարեք Պիթար. «Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Ոչ Մէկ Յանցագործ Բանտէն Դուրս Պիտի Մնայ»

March 17, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին դրդապատճառները քողազերծելու նպատակով բացուած հետաքննութեան շրջագիծին մէջ, Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթար հանդիպում մը ունեցաւ նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն հարազատները ներկայացնող պատուիրակութեան մը հետ:

Պիթար հաստատեց, որ ինք կը գիտակցի հետաքննութեան խլելիք ժամանակին, պայմանով որ սակայն հետաքննութիւնը սպառիչ կերպով չկատարուի` արդարութիւնը ուշացնելու նպատակով:

Ան կոչ ուղղեց զոհերու հարազատներուն վստահելու իրեն եւ դատական իշխանութեան, որովհետեւ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ բացայայտելու համար Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ծալքերն ու ճշմարտութիւնը: «Հետաքննութիւնը պիտի կատարուի բոլոր ուղղութիւններով, սկսեալ` «Ռուսոս» նաւէն եւ ամոնիոմ նայթրէյթի գոյութենէն, հասնելով մինչեւ քիմիական այդ նիւթին սեփականատէրերուն, այդ նիւթը ներածողներուն եւ եօթը տարուան համար այդ նիւթը Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պահողներուն եւ վճարողներուն, որ անիկա մնայ նաւահանգիստի պահեստանոցներուն մէջ», ըսաւ ան:

Պիթար աւելցուց, որ իր նպատակը պայթումին ճշմարտութիւնը բացայայտելն է եւ արդարութիւն պարտադրելը, «հետեւաբար ինծի տրուած բոլոր իրաւասութիւնները պիտի օգտագործեմ` արդարութեան հասնելու համար, սակայն կասկածի եւ ճնշումներու տակ չեմ կրնար գործել», ըսաւ ան:

Պիթար ընդգծեց, որ նաւահանգիստի պայթումին հարցով ոչ մէկ յանցագործ բանտէն դուրս պիտի մնայ եւ ոչ մէկ անմեղ բանտին մէջ պիտի մնայ` շեշտելով, որ իր առնելիք իւրաքանչիւր քայլը պիտի ըլլայ փաստերու վրայ հիմնուած: «Իւրաքանչիւր յանցագործ հաշուետուութեան պիտի կանչուի` ըլլայ ան ապահովական կառոյցի պատասխանատու, թէ քաղաքական անձնաւորութիւն», եզրափակեց ան:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Զօր. Կորտըն. «Հըզպալլայի Դէմ Ապագայ Պատերազմի Մը Ընթացքին Իսրայէլ Ամէնօրեայ Դրութեամբ 2000 Հրթիռով Յարձակումի Կրնայ Ենթարկուիլ»

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.