Լիբանանեան

Վարչապետ Միքաթի Եւ Ազգային Ազատ Հոսանք  Կուսակցութիւնը Կ՛ողջունեն Ժետտայի Վեհաժողովը

Վարչապետ Միքաթի Եւ Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Կ՛ողջունեն Ժետտայի Վեհաժողովը

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ողջունեց Ժետտայի վեհաժողովին կեցուածքները, յատկապէս Լիբանանին նեցուկ կանգնելու, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին ու ապահովութեան ուժերուն զօրակցելու առումով, որպէսզի անոնք կարենան լիբանանեան պետութեան գերիշխանութիւնը պարտադրել ամբողջ երկրին տարածքին: Միքաթի դրուատեց նաեւ Ժետտայի վեհաժողովին կոչը` Լիբանանի բարեկամ երկիրներուն, որպէսզի անոնք օժանդակեն Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորելու ջանքերուն: Միւս կողմէ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան տեղեկատուական խորհուրդը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ...

«Ֆէյհա» Լիբանանի Ազգային Երգչախումբը  Լիբանանը Պիտի Ներկայացնէ Տեղական  Եւ Միջազգային Փառատօներուն Ընթացքին»   Շեշտեց Մուրթատա

«Ֆէյհա» Լիբանանի Ազգային Երգչախումբը Լիբանանը Պիտի Ներկայացնէ Տեղական Եւ Միջազգային Փառատօներուն Ընթացքին» Շեշտեց Մուրթատա

Մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատա, ներկայութեամբ «Ֆէյհա» երգչախումբի ղեկավար մայեսթրօ Պարգեւ Թասլաքեանի, անցեալ շաբաթավերջին յայտարարեց, որ այսուհետեւ «Ֆէյհա» երգչախումբը պիտի կոչուի Լիբանանի ազգային երգչախումբ: Ազգային գրադարանին մէջ Մուրթատա հանդիպում մը ունենալէ ետք մայեսթրօ Թասլաքեանի, Ռուլա Ապու Պաքըրի եւ «Ֆէյհա»-ի անդամներուն հետ, կատարեց այս յայտարարութիւնը` ընդգծելով, որ մշակոյթի նախարարութիւնը պիտի հովանաւորէ եւ զօրակցի, որ Լիբանանի մէջ «Ֆէյհա»-ն մնայուն ելոյթներ ունենայ` պահպանելու...

Կրիօ. «Ֆրանսական-Սէուտական Օժանդակութիւնները  Պիտի Չկատարուին Լիբանանեան Պետութեան Միջոցաւ»

Կրիօ Կոչ Ուղղեց Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Թղթածրարին Վճիռը Արձակելու

Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ Ֆրանսայի ազգային տօնին առիթով կատարած իր յայտարարութեան մէջ շեշտեց, որ Ֆրանսա կը շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ կայացած երեսփոխանական ընտրութիւնները դրական առիթ մըն էին ժողովուրդին ձայնը խորհրդարան հասցնելու: Կրիօ ընդգծեց, որ Լիբանան կարեւոր կը մնայ Ֆրանսայի եւ Ֆրանսայի նախագահին համար` աւելցնելով, որ այդ կարեւորութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ միացեալ պատմութիւն...

Արսալի Մէջ Արկած Մը Կը Պատճառէ  8 Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Արսալի Մէջ Արկած Մը Կը Պատճառէ 8 Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Արսալի մէջ անցեալ շաբաթավերջին արձանագրուեցաւ արկած մը, որ պատճառեց  զոհեր եւ վիրաւորներ: Քարեր փոխադրող բեռնատար մը, որ շուրջ 40 թոն կը կշռէր, բախեցաւ կարգ մը ինքնաշարժներու ու ջուր փոխադրող սիթեռնի մը եւ պատճառեց մեծ թիւով զոհեր: Շաբաթ օր պատահած արկածին ընթացքին տեղւոյն վրայ մահացած են 7 քաղաքացիներ, որոնք մէկ ընտանիքի կը պատկանին, իսկ երէկ մահացած է բեռնատարին վարորդը:    

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 2397 վարակուածներ եւ մահացած է երկու պարագայ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքն է 29.550 լ. ոսկի: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ Լիբանան կարողութիւն չունի իր ջուրերէն նաւթ եւ կազ արտահանելու գործողութեան երկար սպասելու: Ան մաղթեց, որ Իսրայէլի հետ...

Լիբանանեան Բանակի Հրամանատարութեան  Մէկ Պատուիրակութիւնը Նախագահ Աունին  Յանձնեց 1 Օգոստոսի Հրաւէրը

Լիբանանեան Բանակի Հրամանատարութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը Նախագահ Աունին Յանձնեց 1 Օգոստոսի Հրաւէրը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց բանակի հրամանատարութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որ նախագահ Աունին յանձնեց հրաւէր մը 1 օգոստոս 2022-ին Ֆիյատիէի «Շուքրի Ղանեմ»-ի անուան զօրանոցին մէջ տեղի ունենալիք Սպայից վարժարանի շրջանաւարտներու սուրի յանձնման պաշտօնական արարողութեան, որուն ներկայ պիտի գտնուին նաեւ խորհրդարանի նախագահը, վարչապետը, պետական ներկայացուցիչներ, նախարարներ եւ երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ արաբական եւ եւրոպական երկիրներու դիւանագիտական անձնակազմեր: Կը...

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար

Նախագահ Աուն Եւ Վարչապետ Միքաթի Պիտի Հանդիպին Վերջինիս Պէյրութ Վերադարձէն Ետք, Իսկ Միացեալ Նահանգներ Ծովային Սահմանագծումը Կարելի Կը Գտնեն

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ երէկ երեկոյեան յայտնեցին, որ Միքաթի նախագահական պալատ պիտի այցելէ` Պէյրութ վերադառնալէ ետք: Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ վարչապետի գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութիւնը հիմնականին մէջ յստակացուցած է երեք կէտեր, որոնք են. ա) Հարցերու սահմանափակումը` երկու կողմերուն միջեւ, բ) Միքաթիի վերադարձէն ետք անպայման հանդիպում մը պէտք է կայանայ եւ գ) Առաջարկներու հանդէպ բաց մօտեցում պէտք է ցուցաբերուի: Նոյն աղբիւրները...

Վերանորոգում Երեսփոխանական Պլոքի  Յայտարարութիւն

Վերանորոգում Երեսփոխանական Պլոքի Յայտարարութիւն

Երեսփոխան Ատիպ Ապտել Մեսիհ երէկ յայտարարեց Վերանորոգում երեսփոխանական պլոքը, որուն մաս կը կազմեն ինք, Անկախութիւն շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատ, երեսփոխան Աշրաֆ Ռիֆի եւ Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի: Ապտել Մեսիհ հաստատեց, որ Վերանորոգում պլոքը պիտի ջանայ գործադրել այն խոստումները, որոնք տրուած են լիբանանցիներուն` երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախօրեակին: Ան հաստատեց, որ իրենք հաւաքաբար աշխատանք պիտի տանին նախ Լիբանանի գոյութիւնը...

Պասիլ. «Սուրիացի Տեղահանուածներու Հարցին  Պէտք Է Լուծում Գտնել Եւ Ապահովել Անոնց  Արժանապատիւ Տունդարձը»

Պասիլ. «Սուրիացի Տեղահանուածներու Հարցին Պէտք Է Լուծում Գտնել Եւ Ապահովել Անոնց Արժանապատիւ Տունդարձը»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ` ընդառաջելով Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փիթըր Սէարթոյի հրաւէրին, երէկ մեկնեցաւ Հունգարիա: Սէարթոյի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ քաղաքական յարաբերութիւններուն մէջ հաւատարմութիւնը վերածուած է հազուագիւտ երեւոյթի մը` ընդգծելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հունգարիոյ քաղաքացիական համադաշնակցութեան միջեւ յարաբերութիւնն ու գործակցութիւնը: Քննարկուեցան նաեւ միջազգային հարցեր, ինչպէս` Ուքրանիոյ տագնապին ունեցած ազդեցութիւնը` միջազգային...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1811 վարակուածներ եւ մահացած է երկու պարագայ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքն է 29.450 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակայցոյցին համաձայն, 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 9000 լ. ոսկիով, մազութը` 4000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 4000...

Պըրրի Կոչ Կ՛ուղղէ Անմիջապէս Սրբագրելու  Պետական Մարզի Պաշտօնէութեան  Աշխատավարձի Հարցը

Պըրրի Կոչ Կ՛ուղղէ Անմիջապէս Սրբագրելու Պետական Մարզի Պաշտօնէութեան Աշխատավարձի Հարցը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Մարոնիներու ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազենը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Խազեն ընդգծեց, որ պէտք է մերժել Լիբանանի տատանող իրավիճակը եւ արձանագրուած տեղքայլը, որ կը սպաննէ երկրին դիմադրողականութիւնը եւ կը քանդէ զայն: Պըրրի ընդունեց նաեւ Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Արոլտօ Լազարոն, որուն հետ...

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ  Իր Ամբողջական Գերիշխանութեան Եւ Բնական  Հարստութիւնները Օգտագործելու Իր Իրաւունքին»

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Իր Ամբողջական Գերիշխանութեան Եւ Բնական Հարստութիւնները Օգտագործելու Իր Իրաւունքին»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Աւստրիոյ վարչապետ Քարլ Նեհամերը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները: Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանան կը փափաքի լիբանանեան-աւստրիական յարաբերութիւնները ամրապնդել, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութիւնը աշխուժացնել` բոլոր մարզերուն մէջ: Ան բարձր գնահատեց 2011-էն ի վեր աւստրիական ուժերուն մասնակցութիւնը` հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Աւստրիոյ...

«Աւելի Լաւ Կ՛ըլլայ, Որ Ոմանք Բեմագրութիւններ  Հեղինակելով Զբաղելու Փոխարէն`  Գործակցին Վարչապետին Հետ»  Կը Նշէ Միքաթիի Հրապարակած Հաղորդագրութիւնը

«Աւելի Լաւ Կ՛ըլլայ, Որ Ոմանք Բեմագրութիւններ Հեղինակելով Զբաղելու Փոխարէն` Գործակցին Վարչապետին Հետ» Կը Նշէ Միքաթիի Հրապարակած Հաղորդագրութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ հանդիպումի ժամադրութիւն խնդրած ըլլալու վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի պահանջին եւ անոր անպատասխան մնալուն մասին լուրերը յստակացնելու նպատակով, վարչապետ Միքաթիի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ անցեալ երեքշաբթի օր Միքաթիի գրասենեակի տնօրէն Նեպիլ Շտիտ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է նախագահական պալատին հետ եւ ժամադրութիւն խնդրած: «Շտիտ ստացած է հետեւեալ պատասխանը. «Քիչ ետք կը...

Անսարի Մէջ Մայր Մը Եւ Անոր Երեք Դուստրերը  Սպաննած Մեղադրեալները  Մահապատիժի Դատապարտուեցան

Անսարի Մէջ Մայր Մը Եւ Անոր Երեք Դուստրերը Սպաննած Մեղադրեալները Մահապատիժի Դատապարտուեցան

Անցեալ մարտին Նապաթիէի Անսար գիւղաքաղաքին մէջ բացայայտուած էր ոճիր մը, որուն մանրամասնութիւնները ցնցած էին լիբանանցիները: Անսարի թաղապետ Զաքարիա Սաֆաուիի կինը` Պասիմա Ապպաս, որ ամուսնալուծուած է, եւ անոր երեք դուստրերը` Ռիմա Սաֆաուի (22 տարեկան), Թալա Սաֆաուի (20 տարեկան) եւ Մանալ Սաֆաուի (16 տարեկան), 25 օր անհետանալէ ետք սպաննուած գտնուած էին: Պէյրութի Աւագ քննիչ դատախազ Շարպել Ապու Սամրա իր հրահանգը արձակեց հաւաքական...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1649 վարակուածներ եւ մահացած է մէկ պարագայ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքն է 29.350 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 29.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 28.000 լ. ոսկիով, մազութը` 26.000 լ....

Հոկտեմբերի Նախագահական Ընտրութեան Ընդառաջ.  Լիբանանցի Պատասխանատուներ Կը Ջանան  Կանխարգիլել Տարրական Մարզերու Գահավիժումը

Հոկտեմբերի Նախագահական Ընտրութեան Ընդառաջ. Լիբանանցի Պատասխանատուներ Կը Ջանան Կանխարգիլել Տարրական Մարզերու Գահավիժումը

Յառաջիկայ աշնան Լիբանան ժամադրուած է իրագործելու իր կարեւորագոյն ժամկէտներէն նախագահական ընտրութիւնը: Արդէն իսկ այս գծով նախագահական թեկնածուներու «ցանկը» օր ըստ օրէ կը բացայայտուի, եւ այս մասին թափ կ՛առնեն սահմանադրական տրամադրութիւնները` արծարծուող իւրաքանչիւր թեկնածուի «ատակութեան եւ իրաւասութեան» գծով նախ` սահմանադրական տրամաբանութեամբ: Սակայն նախքան այդ մտավախութիւններ կը ծագին նշեալ իրագործումը յաջողցնելու կոչուած` կառավարութեան կազմութեան հարցով: Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, վարչապետի նշանակումը կատարուեցաւ,...

Խմբագրական.  Պահու Կարեւորութիւնը

Լիբանան Կը Գտնուի Քաղաքական Անդամալոյծ Վիճակի Մէջ

Մինչ զբօսաշրջութիւնը աշխուժութիւն կ՛արձանագրէ երկրին մէջ, լիբանանցին աւելի եւս կը կքի տնտեսական եւ ելեւմտական սուր տագնապի բեռին տակ: Հարիւր հազարաւոր զբօսաշրջիկներ, որոնց շարքին նաեւ արտերկրի լիբանանցիներ, կ՛այցելեն Լիբանան: Այս մարզէն կ՛ակնկալուի մեծ գումարներ ապահովել երկրին համար, սակայն անոր զուգահեռ կ՛արձանագրուին նաեւ այնպիսի տեղեկութիւններ, թէ լիբանանեան դրամանիշին դիմաց տոլարին փոխարժէքը կրնայ շատ աւելի բարձրանալ` ծունկի բերելով ժողովուրդն ու երկրին բոլոր մարզերը:...

Նախագահ Աուն Խստիւ Դատապարտեց  Սինձօ Ապէի Սպանութիւնը

Նախագահ Աուն Խստիւ Դատապարտեց Սինձօ Ապէի Սպանութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ցաւակցագիր մը յղեց Ճափոնի Նարոհիթօ կայսրին, ինչպէս նաեւ Ճափոնի վարչապետ Ֆոմիօ Քիշիտայի` Ճափոնի նախկին վարչապետ Սինձօ Ապէի սպանութեան առիթով: Նախագահ Աուն խստիւ դատապարտեց Ապէի սպանութիւնը` զայն նկատելով անարգ ոճիր, որ ցնցած է մարդկութեան խիղճը: Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Ապէ միջազգային օրէնքը վերածած է տարբեր պետութիւններու եւ երկիրներու միջեւ վարուելակերպի փարոսի եւ աշխատած ժողովուրդներուն միջեւ եղբայրութեան...

Ատհայի Տօնի Արձակուրդին Ընթացքին  Արձանագրուեցան Մեծ Թիւով Հրդեհներ,  Յատկապէս Ռումիէի Եւ Զաֆթայի Մէջ

Ատհայի Տօնի Արձակուրդին Ընթացքին Արձանագրուեցան Մեծ Թիւով Հրդեհներ, Յատկապէս Ռումիէի Եւ Զաֆթայի Մէջ

Մեթնի Ռումիէ շրջանի անտառներուն մէջ անցեալ շաբաթավերջին բռնկեցաւ հրդեհ մը, որ մեծ ջանքերով կարելի եղաւ հակակշիռի տակ առնել: Մեծ թիւով քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժեր հրշէջի ինքնաշարժներով ուղղուեցան շրջան` կրակը մարելու համար: Անոնց օժանդակեցին նաեւ լիբանանեան օդուժին պատկանող երկու ուղղաթիռներ: Ռումիէի քաղաքապետարանի ոստիկանապետ Քրիսթիան Նաուֆալ հաստատեց, որ այդ հրդեհը դիտմամբ բռնկեցուած է` աւելցնելով, որ քաղաքապետարանը ձերբակալած է անձեր, որոնք մեծ քանակութեամբ փայտ...

Նասսար. «Կը Նախատեսուի, Որ Մէկ Միլիոն  Զբօսաշրջիկներ Հասնին Լիբանան»

Նասսար. «Սեպտեմբերի Աւարտին Լիբանան Ժամանող Զբօսաշրջիկներուն Թիւը Պիտի Հասնի Մէկ Միլիոն Երկու Հարիւր Հազարի»

Զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսար հարցազրոյցի մը ընթացքին կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն խօսելու Լիբանանի մէջ զբօսաշրջութեան մասին եւ լուսարձակներու տակ առնելու զբօսաշրջութիւնը` քան քաղաքականութիւնը: Ան նշեց, որ քաղաքապետութիւններն ու քաղաքապետական համադաշնակցութիւնները նիւթական տագնապէ կը տառապին` աւելցնելով, որ հիմնական ելք կարելի է ապահովել` նպաստելով փոքր ճարտարարուեստին: Նասսար շեշտեց, որ երկրին ապահովական եւ քաղաքական կացութիւնը համեմատաբար ընդունելի է, եւ ատիկա հանգստութիւն կը պատճառէ...

Page 331 of 988 1 … 330 331 332 … 988

Արխիւներ