Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանան Կը Գտնուի Քաղաքական Անդամալոյծ Վիճակի Մէջ

Յուլիս 13, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ զբօսաշրջութիւնը աշխուժութիւն կ՛արձանագրէ երկրին մէջ, լիբանանցին աւելի եւս կը կքի տնտեսական եւ ելեւմտական սուր տագնապի բեռին տակ:

Հարիւր հազարաւոր զբօսաշրջիկներ, որոնց շարքին նաեւ արտերկրի լիբանանցիներ, կ՛այցելեն Լիբանան:

Այս մարզէն կ՛ակնկալուի մեծ գումարներ ապահովել երկրին համար, սակայն անոր զուգահեռ կ՛արձանագրուին նաեւ այնպիսի տեղեկութիւններ, թէ լիբանանեան դրամանիշին դիմաց տոլարին փոխարժէքը կրնայ շատ աւելի բարձրանալ` ծունկի բերելով ժողովուրդն ու երկրին բոլոր մարզերը:

Տոլարին փոխարժէքը նոյնը մնալով հանդերձ, Ատհայի տօնին ընթացքին լիբանանցիներուն համար անկարելի եղաւ հաց գտնել, որոշ շրջաններու մէջ նաեւ բանջարեղէն եւ սննդեղէնի այլ տեսակներ:

Քաղաքական իմաստով անդամալուծութիւնը կը շարունակուի: Հակառակ այն տեղեկութիւններուն, թէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Լիբանան վերադարձէն ետք պիտի այցելէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, կան հաստատումներ, որ նախագահ Աուն կը մերժէ Միքաթին ընդունիլ, եթէ ան նոր առաջարկով մը կամ կառավարութեան նոր պատկերացումներով Պաապտա չուղղուի:

Այլ աղբիւրներ յայտնեցին նաեւ, որ վարչապետ Միքաթի ժամադրութիւն խնդրած է նախագահ Աունի հետ հանդիպելու, սակայն անոր խնդրանքը ցարդ կը մնայ անպատասխան:

Քաղաքականին կողքին երկիրը կրնայ համատարած մութի ենթարկուիլ, ինչպէս նաեւ ջուրի մատակարարում չունենալ, եթէ մօտիկ ապագային որոշ քայլեր չորդեգրուին:

Միւս կողմէ, նախագահական ընտրութեան համար ճշդուած սահմանադրական ժամկէտէն գրեթէ մէկուկէս ամիս առաջ արդէն իսկ նախագահական թեկնածուներու մասին սկսած է խօսուիլ: Այս շրջագիծին մէջ, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը անցեալ կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ հանրապետութեան նոր նախագահին ամբողջացնելիք չափանիշներուն, զորս նկատի ունենալով կարելի է ըմբռնել, թէ հանրապետութեան յաջորդ նախագահը աւանդական քաղաքական դասակարգին պէտք չէ մաս կազմէ:

Ռայի պատրիարքը անհրաժեշտ նկատեց նախագահական ընտրութիւնը կատարել սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահը պէտք է քաղաքական փորձառութիւն ունենայ, ըլլայ յարգուած անձնաւորութիւն մը, քաջ, պարկեշտ եւ անաչառ անհատ մը, որ իր հայրենասիրութեան յանձնառու է, ինչպէս նաեւ քաղաքական կուսակցութիւններէն ու  առանցքներէն վեր է եւ ոչ ոքի համար մարտահրաւէր կը նկատուի:

Ռայի պատրիարքը խստիւ քննադատեց նոր կառավարութիւն մը կազմելու առումով ցուցաբերուած անտարբերութիւնը` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը չդիւրացնելը ոճրային աքթ մը կը նկատուի, որովհետեւ անիկա կրնայ նպաստել Լիբանանի քանդումին:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց նաեւ շարունակելու հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանագծումի բանակցութիւնները, որպէսզի Լիբանան կարենայ իր նաւթահորերն ու կազահորերը հորատել եւ բնական իր հարստութիւնը արտահանել:

Ի դէպ, երկրին մէջ արձանագրուած քաղաքական զարգացումներուն այսօր երեկոյեան Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա պիտի անդրադառնայ` երեկոյեան 8:35-ին պատկերասփռուելիք իր խօսքով:

Պէտք է աւելցնել, որ Լիբանանի տագնապին լուծման հարցով Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի ներկայացուցիչ Փիեռ Տիւքան Պէյրութ պիտի այցելէ կիրակի,17 յուլիս 2022-ին: Կը նախատեսուի, որ Տիւքան ամբողջ շաբաթ մը մնայ Լիբանանի մէջ եւ հանդիպումներ ունենայ տնտեսական, բարգաւաճման, բարեկարգումի, քեփիթըլ քոնթրոլի, պետական ամավարկի, ֆրանսական-սէուտական ներդրումային ֆոնտին եւ այլ մարզերու պատասխանատուներուն հետ:

Նշենք նաեւ, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի Բ. տարելիցին սեմին դատավարութեան վերսկսումը պահանջող ձայները կը բարձրանան, իսկ պայթումին պատճառով կիսաքանդ ցորենի շտեմարանը օրական դրութեամբ կը մխայ` ջերմաստիճանի բարձրացումին պատճառով:

Պէյրութի նաւահանգիստի ընդհանուր տնօրէն Օմար Այթանի հերքեց ցորենի շտեմարանը քանդելու փորձեր կատարելու մասին լուրերը:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Խստիւ Դատապարտեց Սինձօ Ապէի Սպանութիւնը

Յաջորդը

Թուրքիան Առաջարկած Է Հայաստանի Հետ Նոր Հանդիպումը Կատարել Անգարայի Կամ Երեւանի Մէջ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?