Զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսար հարցազրոյցի մը ընթացքին կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն խօսելու Լիբանանի մէջ զբօսաշրջութեան մասին եւ լուսարձակներու տակ առնելու զբօսաշրջութիւնը` քան քաղաքականութիւնը:
Ան նշեց, որ քաղաքապետութիւններն ու քաղաքապետական համադաշնակցութիւնները նիւթական տագնապէ կը տառապին` աւելցնելով, որ հիմնական ելք կարելի է ապահովել` նպաստելով փոքր ճարտարարուեստին:
Նասսար շեշտեց, որ երկրին ապահովական եւ քաղաքական կացութիւնը համեմատաբար ընդունելի է, եւ ատիկա հանգստութիւն կը պատճառէ զբօսաշրջիկներուն եւ արտերկրի լիբանանցիներուն:
Ան նշեց, որ մայիս ամսուան ընթացքին Լիբանան այցելած են 250 հազար զբօսաշրջիկներ եւ արտերկրի լիբանանցիներ, յունիսին` 370 հազար, «իսկ սեպտեմբերի աւարտին Լիբանան եկող զբօսաշրջիկներուն եւ արտերկրի լիբանանցիներուն թիւը պիտի հասնի մէկ միլիոն երկու հարիւր հազարի», հաստատեց ան` աւելցնելով, որ այդ թիւին 25 առ հարիւրը արաբական երկիրներէ են, ինչպէս` Եգիպտոս, Քուէյթ, Իրաք եւ Յորդանան:
Նասսար նկատել տուաւ, որ Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ, ինչպէս նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ հարցը քաղաքական է եւ ոչ թէ ժողովուրդներուն միջեւ:
Ան աւելցուց, որ վերջերս սկսած է որոշ ճկունութիւն մը շօշափել սէուտցի եւ իմարաթցի քաղաքացիներուն Լիբանան այցելութեան կարելիութեան նկատմամբ:
Նասսար դիտել տուաւ, որ աշխարհի վրայ չկայ պետութիւն մը, որ Լիբանանի նման իրերայաջորդ տագնապներ դիմագրաւած ըլլայ եւ տակաւին զբօսաշրջութեան մարզին պարագային աշխուժ մնայ: