Անցեալ մարտին Նապաթիէի Անսար գիւղաքաղաքին մէջ բացայայտուած էր ոճիր մը, որուն մանրամասնութիւնները ցնցած էին լիբանանցիները:
Անսարի թաղապետ Զաքարիա Սաֆաուիի կինը` Պասիմա Ապպաս, որ ամուսնալուծուած է, եւ անոր երեք դուստրերը` Ռիմա Սաֆաուի (22 տարեկան), Թալա Սաֆաուի (20 տարեկան) եւ Մանալ Սաֆաուի (16 տարեկան), 25 օր անհետանալէ ետք սպաննուած գտնուած էին:
Պէյրութի Աւագ քննիչ դատախազ Շարպել Ապու Սամրա իր հրահանգը արձակեց հաւաքական սպանութեան այս անարգ ոճիրին համար` մեղադրեալներ Հիւսէյն Ֆայեատն ու Հասան Ղանաշը (սուրիացի) մահապատիժի դատապարտելով: