Լիբանանեան

«Ֆրանսա Պիտի Շարունակէ Օժանդակել  Լիբանանին` Թօթափելու Համար Անոր Դիմագրաւած  Տնտեսական Ծանր Տագնապը»  Շեշտեց Փիեռ Տիւքան

«Ֆրանսա Պիտի Շարունակէ Օժանդակել Լիբանանին` Թօթափելու Համար Անոր Դիմագրաւած Տնտեսական Ծանր Տագնապը» Շեշտեց Փիեռ Տիւքան

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ եւ Լիբանանի համար կատարուած միջազգային օժանդակութիւններու պատասխանատու Փիեռ Տիւքանը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոյի: Նախագահ Աուն ընդգծեց բարեկարգումի ուղեգիծը շարունակելու իր յանձնառութիւնն ու վճռակամութիւնը` շեշտելով, որ անիկա անհրաժեշտ է երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական ապաքինումին համար: Նախագահ Աուն անհրաժեշտ նկատեց 2022-ի պետական ամավարկի...

«Մինչ Իսրայէլի Նախագահը Կայունութեան  Ամրապնդման Համար  Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Կ՛այցելէ,  Հուսիները Քաղաքայիները Վտանգող  Յարձակումներ Կը Շղթայազերծեն»  Կ՛ըսէ Փրայս

Նետ Փրայս Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանցի Պատասխանատուներուն Լրջօրէն Վարուելու` Վերստանալու Համար Ժողովուրդին Վստահութիւնը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի բանբեր Նետ Փրայս մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն լրջօրէն վարուելու եւ շտապ կերպով բարեկարգումները գործադրելու` վերստանալու համար ժողովուրդին վստահութիւնը, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ միջոցառումները որդեգրելու` փրկելու համար Լիբանանի տնտեսութիւնը: Փրայս նկատել տուաւ, որ այդ միջոցառումներէն կրնայ ըլլայ կառավարութեան կազմութիւնը: Փրայս հաստատեց, որ իրենք մնայուն կապի մէջ են լիբանանցի իրենց բարեկամներուն հետ` աւելցնելով, որ...

Եուսեֆ Խալիլ Ընդգծեց 2022-ի Պետական  Ամավարկը Վաւերացնելու Անհրաժեշտութիւնը

Եուսեֆ Խալիլ Ընդգծեց 2022-ի Պետական Ամավարկը Վաւերացնելու Անհրաժեշտութիւնը

Ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ ընդունեց «Ա. Էֆ. Տէ.» բարգաւաճման ֆրանսական գործակալութեան մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Ռիմ Ռաէտի: Հանդիպումին ընթացքին Խալիլ շեշտեց 2022-ի պետական ամավարկը` անոր բարեկարգումի կէտերով, գործադրելու կարեւորութիւնը, որովհետեւ անիկա է տնտեսական եւ ելեւմտական ապաքինման ուղիին մեկնարկը: Հանդիպումին ընթացքին Խալիլ մանրամասնութեամբ անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական եւ ելեւմտական կացութեան, ինչպէս նաեւ պետական գանձարկղին դիմագրաւած բազում հարցերուն եւ հսկայական դժուարութիւններուն`...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 2546 վարակուածներ եւ մահացած է 3 պարագայ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքն է 29.900 լ. ոսկի: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց լիագումար նիստի մը, որ պիտի գումարուի երեքշաբթի, 26 յուլիս 2022-ին կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին: Նիստին ընթացքին պիտի ընտրուին եօթը երեսփոխաններ` Նախագահներու, երեսփոխաններու եւ...

Նաքուրայի Մէջ Մարոնի Առաջնորդին  Արգելափակումը  Կ՛արժանանայ  Խիստ Դատապարտումի

Նաքուրայի Մէջ Մարոնի Առաջնորդին Արգելափակումը Կ՛արժանանայ Խիստ Դատապարտումի

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ ընդունեց Հայֆայի մարոնի համայնքի առաջնորդ, պատրիարքական փոխանորդ Մուսա Հաժ եպիսկոպոսը, որուն հետ քննարկեց Նաքուրայի մէջ 11 ժամուան համար անոր արգելափակումը, հարցաքննուելու եւ խուզարկուելու իրականութիւնները, ինչպէս նաեւ իր մօտ գտնուած դեղորայքին ու անոր անձնական բջիջային հեռաձայնին գրաւումը, ինչ որ պատճառ դարձած էր, որ եկեղեցական եւ դատական բարձր մարմիններ միջամտեն, որպէսզի ան ազատ արձակուի: Մուսա...

Իսրայէլ Կը Մերժէ Ռաս Նաքուրայի Շրջանը  Լիբանանին Յանձնել

Իսրայէլ Կը Մերժէ Ռաս Նաքուրայի Շրջանը Լիբանանին Յանձնել

«Էն. 12» իսրայէլեան կայքը հրապարակեց լուր մը, որուն հիման վրայ հաստատուեցաւ, թէ Հըզպալլա պահանջած է Ռաս Նաքուրայի հիւսիսային կողմի երկաթուղային փապուղին: Նշենք, որ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին պահանջած էր լիբանանեան բռնագրաւուած բոլոր հողերուն ազատագրումը, որոնց շարքին նաեւ Ռաս Նաքուրայի երկաթուղային փապուղին` հաստատելով, որ անիկա Լիբանանի համար ռազմավարական...

Անթուն Սաատէի Նահատակութեան  Յիշատակի Ոգեկոչում

Անթուն Սաատէի Նահատակութեան Յիշատակի Ոգեկոչում

Ղովմի կուսակցութիւնը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ ոգեկոչեց կուսակցութեան հիմնադիր Անթուն Սաատէի նահատակութեան յիշատակը, որուն ներկայ էին կուսակցութեան ղեկավար Ասաատ Հարտան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Պարոյր Տէր Ղուկասեան, Իթթիհատ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Հասան Մըրատ, արտաքին գործոց նախկին նախարար Ատնան Մանսուր, Լիբանանի մէջ պաղեստինեան խմբաւորումներու ներկայացուցիչներ եւ ներկաներու մեծաթիւ բազմութիւն մը: Այս առիթով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին խօսքը արտասանեց...

Տնտեսական Գահավիժումի Եւ Ապահովական  Մտավախութիւններու Լոյսին Տակ.  Կոչեր` Կառավարութեան Կազմութեան  Հրամայական Պահանջին Գծով

Նայիմ Քասեմ. «Երբ Լիբանանեան Բանակը Կարենայ Դիմադրել Իսրայէլին Եւ Պաշտպանել Լիբանանը, Այն Ժամանակ Թող Քննարկեն Հըզպալլայի Զէնքին Հարցը»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հըզպալլայի կարողութիւնները բարելաւուած են եւ բարգաւաճած, իսկ թշնամին կարգ մը շրջաններու մէջ նահանջ արձանագրած է: Ան ընդգծեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի արտասանած խօսքէն ետք չեն փափաքիր բանավէճ ունենալ, «սակայն յստակ է, որ նաւթային յեղափոխութեան կարիքը կայ` նկատի ունենալով անոր կարեւորութիւնը` մեր ապրած պայմաններուն մէջ», ըսաւ...

Պետական Անվտանգութիւնը Կը Փորձէ  Ձերբակալել Ռիատ Սալամէն.    Կեդրոնական Դրամատան Պաշտօնէութիւնը  Եռօրեայ Գործադուլ Յայտարարեց

Պետական Անվտանգութիւնը Կը Փորձէ Ձերբակալել Ռիատ Սալամէն. Կեդրոնական Դրամատան Պաշտօնէութիւնը Եռօրեայ Գործադուլ Յայտարարեց

Երէկ կէսօրէ առաջ Պետական անվտանգութիւնը ներխուժեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի Ռապիէի բնակարանը` նկատի ունենալով, որ տեղեկութիւններ կային, թէ ան այդ բնակարանին մէջ կը գտնուի: Պետական անվտանգութեան ուժերը անմիջապէս հեռացան Սալամէի բնակարանէն, երբ նշմարեցին, թէ ան հոն չի գտնուիր: Նոյն ուժերը ուղղուեցան Կեդրոնական դրամատուն, Համրա, սակայն Պէյրութի վերադատ ատեանի դատախազ Ռաժա Համուշ մերժեց արտօնել, որ Պետական անվտանգութեան ուժերը Կեդրոնական դրամատուն...

Նախագահ Աուն Պու Սաապի Հետ Քննարկեց  Շարք Մը Անլոյծ Թղթածրարներ

Նախագահ Աուն Պու Սաապի Հետ Քննարկեց Շարք Մը Անլոյծ Թղթածրարներ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ անլոյծ մնացած շարք մը թղթածրարներ, որոնց շարքին` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին հետաքննութեան կանգ առնելն ու այլ հարցեր: Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ժորժ Քալլասը, որ յայտնեց, թէ նախագահ Աունին ներկայացուցած է Իրաք, Եգիպտոս,...

Վարչապետ Միքաթի Քննարկեց Քաղաքական,  Ապահովական Եւ Դիւանագիտական Հարցեր

Վարչապետ Միքաթի Քննարկեց Քաղաքական, Ապահովական Եւ Դիւանագիտական Հարցեր

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը: Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Արոլտօ Լազարոն, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը: Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ միջազգային որոշումներուն գործադրութեան, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն առաքելութեան:...

Պըրրի Շարաֆէտտինի Հետ Քննարկեց Սուրիացի  Տեղահանուածներուն Տունդարձի Թղթածրարը

Պըրրի Շարաֆէտտինի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներուն Տունդարձի Թղթածրարը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները յատկապէս տնտեսական, ապրուստի, պետական պաշտօնեաներու ամսական աշխատավարձերու եւ տեղահանուածներու թղթածրարին վերաբերեալ: Հանդիպումէն ետք Շարաֆէտտին յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է պետական մարզի պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձերուն վերաբերող հարցեր: Շարաֆէտտին յայտնեց, որ իր առաջարկած ընկերային զօրակցութեան տուրքի առաջարկը ընդառաջում գտած է` աւելցնելով, որ...

Տար Ֆաթուա.   «Ապահովական Լաւ Վիճակի Մէջ Ենք  Եւ Կը Մերժենք Պէյրութի Բաժանումը»  Շեշտեց Մաուլաուի

Տար Ֆաթուա. «Ապահովական Լաւ Վիճակի Մէջ Ենք Եւ Կը Մերժենք Պէյրութի Բաժանումը» Շեշտեց Մաուլաուի

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Տար Ֆաթուայի կողմէ տրուած որոշումները, որոնք կը ծառայեն Լիբանանին, լիբանանցիներուն, ազգային գոյակցութեան եւ լիբանանեան միասնականութեան շահերուն: Մաուլաուի շեշտեց, որ Լիբանան ապահովական լաւ վիճակի մէջ է` աւելցնելով, որ երկրին ապահովական վիճակը փուլ գալու ենթակայ...

Ելեւմուտքի Եւ Պետական Ամավարկի  Խորհրդարանական Յանձնախումբը Բարեփոխեց  Դրամատնային Գաղտնիութեան Օրէնքը

Ելեւմուտքի Եւ Պետական Ամավարկի Խորհրդարանական Յանձնախումբը Բարեփոխեց Դրամատնային Գաղտնիութեան Օրէնքը

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ նախագահեց յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սաատէ Շամի, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ, արդարութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ դատաւոր Մոհամետ Ֆուուազ, ելեւմուտքի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնակատար Ժորժ Մաարաուի, Դրամատուներու միութեան ընդհանուր քարտուղար Ֆատի Խալաֆ, Դրամատուներու միութեան խորհրդատու Էլի Շամուն եւ յանձնախումբին անդամները: Նիստէն ետք Քանաան հաստատեց, որ Դրամատնային գաղտնիութեան...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 2421 վարակուածներ եւ մահացած է երեք պարագայ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքն է 30.000 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղներուն սակը նուազած է 16.000 լ. ոսկիով, մազութը` 8000 լ. ոսկիով, իսկ...

Թասք Ֆորս Ֆոր Լեպանոնի Հետ  Հանդիպումին Ընթացքին.   «Բարեկարգումի Ճիգերս Բախեցան  Ներքին Խոչընդոտներու»   Շեշտեց Նախագահ Աուն

Թասք Ֆորս Ֆոր Լեպանոնի Հետ Հանդիպումին Ընթացքին. «Բարեկարգումի Ճիգերս Բախեցան Ներքին Խոչընդոտներու» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Թասք ֆորս ֆոր Լեպընոնի նախագահ Էտուըրտ Կապրիելը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ այն պատճառները, որոնք Լիբանանը հասցուցին իր ներկայ իրավիճակին: Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ ինք ամէն ճիգ ի գործ դրած է պահանջուած բարեկարգումները իրագործելու նպատակով, սակայն...

Պու Սաապ. «Երեսփոխանները, Ինչպէս Պետական Մարզի  Բոլոր Պաշտօնեաները, Իրենց Աշխատավարձը  Կը Ստանան 1500 Լ. Ոսկիի Հիման Վրայ»

Պու Սաապ. «Երեսփոխանները, Ինչպէս Պետական Մարզի Բոլոր Պաշտօնեաները, Իրենց Աշխատավարձը Կը Ստանան 1500 Լ. Ոսկիի Հիման Վրայ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, եւ երեսփոխաններ Ալեն Աուն, Քերիմ Քապպարա, Միշել Մուսա, Հատի Ապուլ Հասան եւ խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահեր: Նիստէն ետք Պու Սաապ յայտնեց, որ դիւանը քննարկած է խորհրդարանի յառաջիկայ լիագումար նիստին քննարկուելիք օրակարգը, որուն շրջագիծին...

Պետութիւնը Որոշեց Ընկերային Նոր Օժանդակութիւն  Տրամադրել Պետական Մարզին Եւ Օրական  Փոխադրածախսը Հասցնել 95.000 Լ. Ոսկիի

Պետութիւնը Որոշեց Ընկերային Նոր Օժանդակութիւն Տրամադրել Պետական Մարզին Եւ Օրական Փոխադրածախսը Հասցնել 95.000 Լ. Ոսկիի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրէ ետք վարչապետարանին մէջ նախագահեց ելեւմտական տագնապի լուծման կարելիութիւնները սերտող նախարարական յանձնախումբի նիստին: Հիմնականին մէջ քննարկուեցաւ պետական մարզի պաշտօնեաներուն յայտարարած բաց գործադուլը: Նիստին ընթացքին Միքաթի շեշտեց, որ պետական գանձարկղին պարզած դժուար կացութեամբ հանդերձ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն գոյատեւելու եւ պետական մարզի պաշտօնէութեան աշխատանքին շարունակականութիւնը ապահովելու` նկատի ունենալով, որ անոնք պետութեան հիմնասիւնը կը նկատուին: Միքաթի...

Մքերի. «Պասիլի Եւ Ֆրենժիէի Միջեւ  Հանդիպումը Կրնայ Մօտալուտ Ըլլալ»

Մքերի. «Պասիլի Եւ Ֆրենժիէի Միջեւ Հանդիպումը Կրնայ Մօտալուտ Ըլլալ»

Տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի ներկայացուցիչ Մելընի Հոնշթայնը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ շեշտուեցաւ թափանցիկ տեղեկութիւններու կարեւորութիւնը` պայքարելու համար փտածութեան դէմ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ փոխադարձ գործակցութիւնը, որպէսզի լիբանանցի երիտասարդները տեղեկատուութեան մարզին մէջ հասակ նետեն եւ Լիբանանի մէջ երկխօսութեան զօրակցին: Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Մքերի յայտնեց, որ տրամաբանութիւնը կ՛ըսէ,...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 2319 վարակուածներ եւ մահացած է երկու պարագայ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքն է 29.700 լ. ոսկի: ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ուժերու պաշտօնական բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժեր երէկ նշմարած են, որ Լիբանանէն անօդաչու թռչող սարքեր մուտք գործած են իսրայէլեան օդային տարածք. իսրայէլեան հակաօդային համակարգերը վար առած...

Page 330 of 988 1 … 329 330 331 … 988

Արխիւներ