Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Խստիւ Դատապարտեց Սինձօ Ապէի Սպանութիւնը

July 13, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ցաւակցագիր մը յղեց Ճափոնի Նարոհիթօ կայսրին, ինչպէս նաեւ Ճափոնի վարչապետ Ֆոմիօ Քիշիտայի` Ճափոնի նախկին վարչապետ Սինձօ Ապէի սպանութեան առիթով:

Նախագահ Աուն խստիւ դատապարտեց Ապէի սպանութիւնը` զայն նկատելով անարգ ոճիր, որ ցնցած է մարդկութեան խիղճը:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Ապէ միջազգային օրէնքը վերածած է տարբեր պետութիւններու եւ երկիրներու միջեւ վարուելակերպի փարոսի եւ աշխատած ժողովուրդներուն միջեւ եղբայրութեան եւ յառաջդիմութեան իրականացման ի խնդիր:

Նախագահ Աուն իր եւ լիբանանցիներուն անունով ցաւակցութիւն յայտնեց Ապէի սպանութեան առիթով:

Ան դրուատեց Ապէի առած քայլերը` ամրապնդելու համար Լիբանանի եւ Ճափոնի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան չի կրնար մոռնալ Ապէի կողմէ ցուցաբերուած այն կարեւորութիւնը` երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու իմաստով:

«Ապէ միշտ օժանդակած է Լիբանանին, ինչպէս նաեւ անոր նեցուկ կանգնած` միջազգային ամպիոններուն վրայ տրուելիք որոշումներուն եւ որդեգրուելիք կեցուածքներուն ընթացքին: Ապէ զօրակցած է լիբանանեան արդար դատերուն եւ հաւատարիմ մնացած է լիբանանցիներուն», շեշտեց նախագահ Աուն:

Նշենք, որ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը դատապարտեց Ապէի սպանութիւնը` հաստատելով, որ անոր մահը միայն ճափոնցի ժողովուրդին կորուստը չէ, այլ նաեւ միջազգային ընտանիքին կորուստն է:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ճափոնի կառավարութեան եւ ժողովուրդին յայտնեց սրտագին ցաւակցութիւններ:

 

 

Նախորդը

Ատհայի Տօնի Արձակուրդին Ընթացքին Արձանագրուեցան Մեծ Թիւով Հրդեհներ, Յատկապէս Ռումիէի Եւ Զաֆթայի Մէջ

Յաջորդը

Լիբանան Կը Գտնուի Քաղաքական Անդամալոյծ Վիճակի Մէջ

RelatedPosts

Շէյխ Քասեմ. «Դիմադրութիւնը Հողը  Ազատագրելու Միակ Ուղին Է»
Լիբանանեան

Շէյխ Քասեմ. «Դիմադրութիւնը Հողը Ազատագրելու Միակ Ուղին Է»

September 21, 2026
Ռայի Պատրիարք. «Հարաւային Լիբանանը  Բանակցութեան Խաղաքարտ Չէ, Այլ Լիբանանեան Հող»
Լիբանանեան

Ռայի Պատրիարք. «Հարաւային Լիբանանը Բանակցութեան Խաղաքարտ Չէ, Այլ Լիբանանեան Հող»

September 21, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.