Լիբանանեան

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 785 վարակուածներ եւ մահացած է մէկ պարագայ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքն է 29.500 լ. ոսկի: ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ուժերը վերադարձուցին Ատայսէէն Մըսքաֆ Աամ անցած լիբանանցի քաղաքացին: Իսրայէլեան ուժերու պաշտօնական բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտնեց, որ Իսրայէլ մուտք գործած լիբանանցի քաղաքացին Նաքուրայի անցքին մէջ յանձնուած է լիբանանեան բանակի...

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար

Մամլոյ Արձակուրդ

Ատհայի տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ երկուշաբթի, 11 յուլիս եւ երեքշաբթի, 12 յուլիս 2022-ին: Մեր յաջորդ թիւը` չորեքշաբթի, 13 յուլիսին:  

Նախագահ Աուն Եւ Վարչապետ Միքաթի  Կը Շնորհաւորեն Լիբանանցիներուն Ատհայի Տօնը,  Իսկ Կառավարութեան Կազմութեան Իմաստով  Ոչ Մէկ Նորութիւն Կ՛արձանագրուի

Նախագահ Աուն Եւ Վարչապետ Միքաթի Կը Շնորհաւորեն Լիբանանցիներուն Ատհայի Տօնը, Իսկ Կառավարութեան Կազմութեան Իմաստով Ոչ Մէկ Նորութիւն Կ՛արձանագրուի

Ատհայի տօնին առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն թուիթըրեան գրառումով մը շնորհաւորեց լիբանանցիները եւ բարեմաղթութիւններ կատարեց երկրին ու ժողովուրդին: Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իր կարգին հաղորդագրութեամբ մը շնորհաւորեց լիբանանցիները` հաստատելով, որ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապին եւ ընկերային դժուար պայմաններուն կողքին, լիբանանցիներն ու ամբողջ երկիրը միասնականութեամբ պէտք է գործեն` շրջանցելու համար այդ տագնապը: Միքաթի յայտնեց, որ այդ ճիգերուն զուգահեռ կառավարութիւնը պիտի ջանայ...

Յարութ Լաքիսեան` Զահլէ Քաղաքի Եւ Արուարձաններու  Թաղապետներու Խորհուրդի Վարչութեան Անդամ

Յարութ Լաքիսեան` Զահլէ Քաղաքի Եւ Արուարձաններու Թաղապետներու Խորհուրդի Վարչութեան Անդամ

3 յուլիս 2022-ին տեղի ունեցաւ Զահլէ քաղաքի եւ արուարձաններու թաղապետներու խորհուրդի ընդհանուր ժողովը: Խորհուրդին անդամակցած են 103 թաղապետներ, որոնք երեք տարին անգամ մը կ՛ընտրեն իրենց վարչութիւնը: Վերջին ընտրութիւնը տեղի ունեցած է 2018-ին: Այս տարուան ընտրութիւնները մէկ տարիով յետաձգուած ընտրութիւններն են` «Քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառով: 3 յուլիս 2022-ին տեղի ունեցած Զահլէ քաղաքի եւ արուարձաններու թաղապետներու խորհուրդի ընդհանուր ժողովին ընտրուեցաւ խորհուրդը ներկայացնող...

Նասսար. «Կը Նախատեսուի, Որ Մէկ Միլիոն  Զբօսաշրջիկներ Հասնին Լիբանան»

Նասսար. «Կը Նախատեսուի, Որ Մէկ Միլիոն Զբօսաշրջիկներ Հասնին Լիբանան»

Զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսար ներկայ գտնուեցաւ «Պինըս Ժունիէ» փառատօնին, որ տեղի կ՛ունենայ Ճիւնի քաղաքի հին շուկային մէջ: Նասսար յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին զինք տեղեակ պահած է, թէ Սէուտական Արաբիա ընդառաջած է Լիբանանի պահանջին եւ վերջ տուած լիբանանցի քաղաքացիներուն վրայ պարտադրուած 14 օր Լիբանանէն դուրս մնալու, ապա Սէուտական Արաբիա մուտք գործելու պայմանին: Նասսար յայտնեց, որ...

Եւրոպական Միութեան Դեսպանները  Այցելեցին Նաքուրա

Եւրոպական Միութեան Դեսպանները Այցելեցին Նաքուրա

Լիբանանի մէջ Եւրոպական միութեան անդամ երկիրներու դեսպաններուն մէկ պատուիրակութիւնը, որուն գլխաւորեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Ռալֆ Թրաֆ, այցելեց Նաքուրա: Նաքուրայի մէջ 15 հոգինոց պատուիրակութիւնը ընդունուեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Առոլտօ Լազարոյի կողմէ: Պատուիրակութիւնը ծանօթացաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի պարտականութեան, իսկ զօր. Լազարօ շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպաններուն` անոնց ցուցաբերած զօրակցութեան առիթով: Զօր. Լազարօ հաստատեց, որ Եւրոպական Միութեան անդամ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1833 վարակուածներ եւ մահացած է մէկ պարագայ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքն է 29.400 լ. ոսկի: ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ղասսան Աշքար ոչ եւս է: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ...

ՖԻՊԱ. Աշխարհի Պասքեթպոլի Տղոց Ախոյեանութիւն.  Լիբանան-Սէուտական Արաբիա` 90-60

Աշխարհի Պասքեթպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Լիբանանի Տղոց Ազգային Խումբը Կը Պատրաստուի Ֆիլիփեան Կղզիներուն Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումին

Յաջողութեամբ ամբողջացնելէ ետք աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի իր մրցումները (Ասիոյ գօտի), Լիբանանի տղոց ազգային խումբը այժմ կը պատրաստուի Ասիոյ 2022-ի բաժակի մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ 12-24 յուլիսին, Ինտոնեզիոյ մէջ: Լիբանան, որ մաս կը կազմէ Դ. խմբակին, իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ յառաջիկայ չորեքշաբթի, 13 յուլիսին, երբ պիտի մրցի Ֆիլիփեան կղզիներուն դէմ, ժամը 16:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով): Ապա, Լիբանան յաջորդաբար պիտի...

Հաղորդակցութեան Սակի Յաւելումի Որոշումի  Բեկանում Եւ Կառավարութեան  Կազմութեան Զերօ Ճիգեր

Հաղորդակցութեան Սակի Յաւելումի Որոշումի Բեկանում Եւ Կառավարութեան Կազմութեան Զերօ Ճիգեր

Մինչ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը կը պահանջէ Լիբանանէն բարեկարգումները գործադրել` Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնութիւն մը գոյացնելու համար, երէկ երեկոյեան Պետական շուրան որոշեց Լիբանանի հանրապետութեան փոխանցել, թէ հաղորդակցութեան մարզի ծառայութեանց սակին համար ճշդուած յաւելումի որոշումը բեկանուած է: Պատասխանելով այս յայտարարութեան` հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմ յայտնեց, որ Պետական շուրայի որոշումը վերջնական չէ եւ անմիջապէս չի կրնար գործադրուիլ`...

Նախագահ Աուն. «Բարեկարգումի Երթը  Իսկապէս Սկիզբ Առած Է»

Նախագահ Աուն. «Բարեկարգումի Երթը Իսկապէս Սկիզբ Առած Է»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկող «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» միջազգային ընկերութեան շրջանային տնօրէն Ճէյմս Տենիըլը` ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլի եւ Կեդրոնական դրամատան մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ Քրիսթել Ուաքիմի: Տենիըլ յայտնեց, որ միջազգային ընկերութիւնը իրաւական հաշուեքննութիւնը սկսած է 27 յունիս 2022-ին` ստանալէ ետք բոլոր տեղեկութիւնները: Նախագահ Աուն ողջունեց այս իրագործումը`...

Վարչապետ Միքաթի Ֆայեատի Հետ Քննարկեց  Եգիպտոս Եւ Իրաք Այցելութեան Արդիւնքները

Վարչապետ Միքաթի Ֆայեատի Հետ Քննարկեց Եգիպտոս Եւ Իրաք Այցելութեան Արդիւնքները

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատը, որուն հետ քննարկեց անոր Եգիպտոս եւ Իրաք կատարած աշխատանքային այցելութիւններուն արդիւնքները: Ան նշեց, որ Եգիպտոսի մէջ պաշտօնապէս հաստատած են, որ իրենք պատրաստ են Լիբանանի բնական կազ տրամադրելու` աւելցնելով, որ այս իմաստով անոնք կը սպասեն ամերիկեան կանաչ լոյսին, զիրենք «Սիզըր»-ի պատժամիջոցներու օրէնքէն զերծ կացուցելու երաշխիքներուն, ինչպէս...

Միւֆթի Տըրիան Կոչ Կ՛ուղղէ Երեսփոխաններուն  Ամրապնդելու Իրենց Միասնականութիւնը

Միւֆթի Տըրիան. «Հայրենիքը Ներքին Եւ Արտաքին Սպառնալիքներ Կը Դիմագրաւէ, Իսկ Ժողովուրդը Կորսուած Է»

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Մեքքայէն Ատհայի տօնին առիթով իր պատգամը յղեց լիբանանցի ժողովուրդին` շեշտելով, որ այս տարուան Ատհայի տօնը լիբանանցիներուն համար ցաւով լեցուն է, նկատի ունենալով տնտեսական, ապրուստի եւ ընկերային ու առողջապահական պայմանները: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի փլուզման եւ քանդումին պատասխանատուները անոնք են, որոնք կ՛արգելակեն Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը: Միւֆթի Տըրիան կոչ ուղղեց արաբական խղճի զարթնումին` փրկելու համար...

Ելեւմուտքի Եւ Պետական Ամավարկի  Խորհրդարանական Յանձնախումբ.  «Պահանջեցինք Պետական Մարզի Դրամատնային  Գաղտնիութիւնը Վերացնելու Օրինագիծը Օրէնսդրական  Յաջորդ Նիստին Օրակարգի Վրայ Նկատի Ունենալ»

Ելեւմուտքի Եւ Պետական Ամավարկի Խորհրդարանական Յանձնախումբ. «Պահանջեցինք Պետական Մարզի Դրամատնային Գաղտնիութիւնը Վերացնելու Օրինագիծը Օրէնսդրական Յաջորդ Նիստին Օրակարգի Վրայ Նկատի Ունենալ»

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ նախագահեց յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սաատէ Շամի, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ, արդարութեան նախարարի պաշտօնակատարի ներկայացուցիչ Մոհամետ Ֆաուազ, Կեդրոնական դրամատան ներկայացուցիչ Փիեռ Քանաան եւ Պէյրութի իրաւաբաններու սենտիքան: Յանձնախումբը քննարկեց շարք մը հարցեր, որոնց շրջագիծին մէջ խորհրդարանի նախագահութենէն պահանջեց պետական մարզի դրամատնային գաղտնիութիւնը վերացնելու օրինագիծը նկատի ունենալ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1593 վարակուածներ եւ մահացած է երկու պարագայ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը բարձրացաւ 29.400 լ. ոսկիի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 10.000 լ. ոսկիով,  մազութինը` 11.000 լ. ոսկիով եւ...

Իրաքի Հիմնադրութեան 100-Ամեակին Առիթով.  Նախագահ Աուն Բարձր Գնահատեց Իրաքցի  Պատասխանատուներուն Կողմէ Լիբանանին  Նաւթ Տրամադրելու Նախաձեռնութիւնը

Կենցաղային Ապրուստի Եւ Ընկերային Բողոքի Ցոյցերու Վերսկսման Զուգահեռ. Պատկան Պատասխանատուներ Կը Փորձեն Հարցերը «Լուծել» Խօսքով Եւ Գործով

Վերջերս Քարիշի ուղղութեամբ անօդաչու սարքերու արձակումը եւ ետքը մէկ այլ անօդաչու սարքի մը նկատումը ժխտական տրամադրութիւններ ստեղծած էին հարաւի ջրային սահմանագծումի բանակցութեանց ձախողեցման հաւանականութեան գծով: Մանաւանդ որ այս գծով իսրայէլեան պատկան կողմեր ՄԱԿ-ի պատասխանատուներուն դիմած էին «զգուշացներու» Լիբանանը: Սակայն նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ  լաւատեսութիւն ներշնչեց` ընդգծելով, որ կարճ ատենէն երկու կողմերուն համար նպաստաւոր արդիւնքներու պիտի յանգին ամերիկեան բանագնացի միջնորդութեամբ...

Յ. Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահին

Յ. Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ օրէնսդրական կարգ մը հարցեր: Քննարկումի նիւթ դարձաւ նաեւ կառավարութեան արագ կազմութեան անհրաժեշտութիւնը:

Միքաթի Կ՛այցելէ Պըրրիի, Մաքրոն Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանի Կայունութիւնը Պահպանելու, Իսկ Լափիտ Կը Սպառնայ Զսպել Հըզպալլան

Միքաթի Կ՛այցելէ Պըրրիի, Մաքրոն Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանի Կայունութիւնը Պահպանելու, Իսկ Լափիտ Կը Սպառնայ Զսպել Հըզպալլան

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Հանդիպումէն ետք Միքաթի մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել: Միւս կողմէ, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կայունութիւնը առանցքային է Ֆրանսայի համար` աւելցնելով, որ պէտք է հեռու մնալ ծովային սահմանագծումի բանակցութիւններուն սպառնացող որեւէ քայլէ: Մաքրոն այս...

Վարչապետ Միքաթի – Պու Հապիպ Հանդիպում.  «Պետութեան Պատասխանատուութենէն ու Բանակցութիւնները Ընդգրկող Դիւանագիտական Շրջագիծէն Դուրս Որեւէ Քայլ Մերժելի Է»

Վարչապետ Միքաթի – Պու Հապիպ Հանդիպում. «Պետութեան Պատասխանատուութենէն ու Բանակցութիւնները Ընդգրկող Դիւանագիտական Շրջագիծէն Դուրս Որեւէ Քայլ Մերժելի Է»

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպը, որուն հետ քննարկեց Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած արաբ արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդակցական նիստին արդիւնքները: Պու Հապիպ յայտնեց, որ Արաբական լիկայի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց բոլոր նախարարներուն ներկայութիւնը Լիբանանին զօրակցական պատգամ մը կը նկատուի, ինչպէս նաեւ շօշափելի փափաք մը` անոր օժանդակելու: Վարչապետ Միքաթիի...

Նախագահ Աուն Շարաֆէտտինէն Իմացաւ Սուրիացի Տեղահանուածները Վերադարձնելու Մանրամասնութիւնները

Նախագահ Աուն Շարաֆէտտինէն Իմացաւ Սուրիացի Տեղահանուածները Վերադարձնելու Մանրամասնութիւնները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտինը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող հարցեր: Շարաֆէտտին նախագահ Աունին ներկայացուց արդիւնքները գաղթականներու հարցերով Միջին Արեւելքի մէջ ՄԱԿ-ի յանձնակատարին հետ իր ունեցած հանդիպումին, որ կը վերաբերէր սուրիացի տեղահանուածներուն, ինչպէս նաեւ անոնց տունդարձի մանրամասնութիւններուն: Հանդիպումէն ետք Շարաֆէտտին Պաապտայէն կատարած իր յայտարարութեան...

Բողոքի Ցոյցերը Կը Վերադառնան, Իսկ Պետական Մարզի Պաշտօնէութիւնը Կը Շարունակէ Իր Բաց Գործադուլը

Բողոքի Ցոյցերը Կը Վերադառնան, Իսկ Պետական Մարզի Պաշտօնէութիւնը Կը Շարունակէ Իր Բաց Գործադուլը

Տնտեսական եւ ելեւմտական հետզհետէ սաստկացող տագնապներուն եւ անոնց ստեղծած ընկերային ահաւոր պայմաններուն զուգահեռ, Պէյրութի տարբեր շրջաններուն մէջ երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-էն սկսեալ վերստին արձանագրուեցան փողոցները փակելու քայլեր: Պէյրութի Քասքաս եւ Վերտան-Համրա փողոցները փակուեցան ցուցարարներու կողմէ, որոնք ճամբուն վրայ գտնուող աղբարկղերով եւ անոնց մէջ հրկիզուող աղբով ուզեցին արտայայտել իրենց բողոքը` տիրող կացութեան դէմ: Աւելի ուշ փակուեցան նաեւ Ռաս Նապաա - Պշարա...

Page 332 of 988 1 … 331 332 333 … 988

Արխիւներ