ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1811 վարակուածներ եւ մահացած է երկու պարագայ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքն է 29.450 լ. ոսկի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակայցոյցին համաձայն, 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 9000 լ. ոսկիով, մազութը` 4000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 4000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 627.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինի սակը 639.000 լ. ոսկի, մազութը` 675.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 323.000 լ. ոսկի:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի շեշտեց, որ պրէօվէի պետական քննութիւններուն արձանագրուած յաջողութեան համեմատութիւնը 79 առ հարիւր է:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի յայտնեց, որ ինք պիտի շարունակէ հետապնդել նախարարութեան պաշտօնեաներուն պահանջները` վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլի հետ: Ան ցաւ յայտնեց, որ Ազգային լրատու գործակալութիւնը դադրած է գործելէ` աւելցնելով, որ պաշտօնեաներուն պահանջները արդարացի են` այսօրուան մեր դիմագրաւած ապրուստի տագնապալի պայմաններուն մէջ:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ երէկ հրապարակեց որոշում մը, որուն հիման վրայ ան նուազեցուց մեծ փուռերուն տրամադրուած ալիւրի քանակը, որպէսզի նուազեցնէ անոնց կողմէ անուշեղէնի եւ այլ խմորեղէններու արտադրութիւնը: Սալամի այս որոշումին նպատակն էր` մեծ փուռերուն յանձնուելիք ալիւրը նուազեցնել, որպէսզի անոնք կեդրոնանան միայն լիբանանեան հացի արտադրութեան վրայ, ինչպէս նաեւ նախարարութիւնը կարելիութիւն ունենայ փոքր փուռերուն նաեւ ալիւր տրամադրելու, որպէսզի անոնք եւս շարունակեն իրենց գիւղաքաղաքներուն մէջ լիբանանեան հաց պատրաստել:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ յայտնեց, որ հանրային փոխադրութեան նպատակով փոխադրատարներու գործածութեան համար կատարուելիք նուազուրդի պայմանագիրը արդէն իսկ պատրաստ է: Միւս կողմէ, Համիէ յայտնեց, որ Պէյրութի օդակայանին եւ նաւահանգիստին աշխատանքը բացառիկ կերպով կ՛ընթանայ` աւելցնելով, որ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարութիւնը պէտք եղածը կատարած է` օդանաւային ընկերութիւններուն տուրքերը բարձրացնելու իմաստով:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Սաժիհ Աթիէ հաստատեց, որ անկարելի է սուրիացի տեղահանուածներուն հետ նոյն երկրին մէջ ապրիլ, որովհետեւ տնտեսական կացութիւնը անտանելի դարձած է:
ԴԵՂԱԳՈՐԾՆԵՐՈՒ սենտիքայի նախագահ Ճօ Սալլում զգուշացուց ապօրինի կերպով լիբանանեան շուկայ հասած դեղորայքի վաճառքէն` հաստատելով, որ անոր մեծ տոկոսը կեղծ է, եւ պէտք է վերջ տալ այդ ապօրինութեան:
ՄԻՒՖԹԻ շէյխ Ահմետ Քապալան յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն Լիբանան ժամանումը երկրին պատմութեան մէջ վատագոյն աղէտն է: Ան աւելցուց, որ տեղահանուածներուն հարցերով զբաղող միջազգային կազմակերպութիւններուն քաղաքականութիւնը Լիբանանի դէմ յայտարարուած պատերազմ է:
ՍԷՅԻՏ Ալի Ֆատլալլա ուրբաթ օրուան նամազին ընթացքին հաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է օգտուի Դիմադրութեան կեցուածքէն` Իսրայէլի հետ անուղղակի բանակցութիւններուն ընթացքին երկրին իրաւունքները ձեռք ձգելու համար:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան փոխնախագահ Մէյ Խրէյշ հաստատեց, որ երկրին կացութիւնը անհանդուրժելի դարձած է` աւելցնելով, որ ներկայ իրավիճակին մէջ կարելի չէ նախագահական աթոռը թափուր պահել, ինչպէս որ էր պարագան 2016-ին:


