Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Աւստրիոյ վարչապետ Քարլ Նեհամերը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանան կը փափաքի լիբանանեան-աւստրիական յարաբերութիւնները ամրապնդել, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութիւնը աշխուժացնել` բոլոր մարզերուն մէջ:
Ան բարձր գնահատեց 2011-էն ի վեր աւստրիական ուժերուն մասնակցութիւնը` հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Աւստրիոյ կողմէ Լիբանանի տրամադրուած մարդասիրական օժանդակութիւններուն համար, յատկապէս` «Քորոնա» ժահրի յատուկ պատուաստներուն համար:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկումի առարկայ դարձան Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական եւ ելեւմտական սուր տագնապները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը, Լիբանանի դէմ միշտ գործուող իսրայէլեան ոտնձգութիւններն ու Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը խախտելու Իսրայէլի արարքները:
Նախագահ Աուն ողջունեց Աւստրիոյ ունենալիք դերակատարութիւնը` Լիբանանի տնտեսական զարթօնքին առնչութեամբ, յատկապէս` Պէյրութի նաւահանգիստի վերաշինութեան առումով:
Ան հաստատեց, որ Լիբանան խաղաղասէր երկիր է, որ կառչած կը մնայ իր ամբողջական գերիշխանութեան եւ բնական հարստութիւնները օգտագործելու իր իրաւունքին, որոնցմէ են` կազի ու նաւթի արտահանումը լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող տնտեսական շրջանէն:
Իր կարգին, Նեհամեր յայտնեց, որ ինք ուրախ է Լիբանան այցելութեամբ` աւելցնելով, որ հակառակ անոր որ իր այցելութեան նպատակը հարաւային Լիբանանի մէջ խաղաղապահ առաքելութեան մասնակցող աւստրիական ուժերուն այցելութիւնն է, սակայն ինք քաջ գիտէ, թէ Լիբանանի դերակատարութիւնը կարեւոր է Միջին Արեւելքի մէջ, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի հետ յարաբերութիւնները պահելու առումով:
Նեհամեր իր կարգին մաղթեց, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները ծաւալին եւ աւելի եւս ամրապնդուին` աւելցնելով, որ Աւստրիա յաւելեալ օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ Լիբանանին` յատկապէս սննդեղէնի առումով:
Աւստրիոյ վարչապետը շնորհաւորեց նախագահ Աունը` երեսփոխանական ընտրութիւնները գործադրելու առիթով եւ յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը մօտալուտ ըլլայ:
Նեհամեր ընդգծեց, որ Աւստրիա պատրաստ է նպաստելու Պէյրութի նաւահանգիստի վերաշինութեան:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա: Քննարկուեցաւ 21 յուլիս 2022-ին Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուելիք տեղեկագիրը` ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան մասին:
Քննարկուեցան նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն առաքելութիւնը` հարաւային Լիբանանի մէջ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան գերշխանութեան դէմ գործուած իսրայէլեան ոտնձգութիւնները:
Քննարկումի առարկայ դարձան նաեւ Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութիւնը, երկրին մէջ տիրող քաղաքական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ Լիբանանի բանակցութիւններն ու երկրին մէջ բարեկարգումներ գործադրելու քայլերը: