Արսալի մէջ անցեալ շաբաթավերջին արձանագրուեցաւ արկած մը, որ պատճառեց զոհեր եւ վիրաւորներ:
Քարեր փոխադրող բեռնատար մը, որ շուրջ 40 թոն կը կշռէր, բախեցաւ կարգ մը ինքնաշարժներու ու ջուր փոխադրող սիթեռնի մը եւ պատճառեց մեծ թիւով զոհեր:
Շաբաթ օր պատահած արկածին ընթացքին տեղւոյն վրայ մահացած են 7 քաղաքացիներ, որոնք մէկ ընտանիքի կը պատկանին, իսկ երէկ մահացած է բեռնատարին վարորդը:


