Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոկտեմբերի Նախագահական Ընտրութեան Ընդառաջ. Լիբանանցի Պատասխանատուներ Կը Ջանան Կանխարգիլել Տարրական Մարզերու Գահավիժումը

Յուլիս 14, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յառաջիկայ աշնան Լիբանան ժամադրուած է իրագործելու իր կարեւորագոյն ժամկէտներէն նախագահական ընտրութիւնը: Արդէն իսկ այս գծով նախագահական թեկնածուներու «ցանկը» օր ըստ օրէ կը բացայայտուի, եւ այս մասին թափ կ՛առնեն սահմանադրական տրամադրութիւնները` արծարծուող իւրաքանչիւր թեկնածուի «ատակութեան եւ իրաւասութեան» գծով նախ` սահմանադրական տրամաբանութեամբ: Սակայն նախքան այդ մտավախութիւններ կը ծագին նշեալ իրագործումը յաջողցնելու կոչուած` կառավարութեան կազմութեան հարցով: Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, վարչապետի նշանակումը կատարուեցաւ, սակայն կառավարութեան կազմութիւնը կրնայ «երկարիլ» ու առկախուիլ, ինչ որ կրնայ արգելակել նոր նախագահի ընտրութեան հեզասահ ընթացքը եւ սահմանադրական տագնապ ստեղծել: Փաստօրէն, նախագահ Միշել Աուն, որ յաճախակիօրէն կը յայտարարէ, թէ վճռած է իր պաշտօնավարութեան աւարտին հեռանալ Պաապտայի պալատէն, այսուհանդերձ Պաապտայի պալատի մօտիկ աղբիւրներու կարծիքով` նախագահ Աուն պիտի խուսափի աթոռը «թափուր» պահել ու կանխարգիլելով երկրի իշխանութեան «ղեկը» հրաժարեալ կառավարութեան յանձնել` կառչած պիտի մնայ «իր աթոռին»: Այս հարցը արդէն իսկ խնդրայարոյց բանավէճի նիւթ դարձաւ վերջերս վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ նախկին նախարար Ժպրան Պասիլի միջեւ, որ թուիթըրեան գրառումով մը քննադատեց կառավարութեան կազմութեան ձգձգումը` նշելով, որ «կառավարութիւնը օդանաւին եւ զբօսանաւուն մէջ չի կազմուիր, այլ` նախագահին եւ վարչապետին միջեւ խորհրդակցաբար»: Իր կարգին, վարչապետ Միքաթիի գրասենեակը հակադարձեց` հերքելով վարչապետին վերագրուած քայլերը եւ թելադրելով նկատի ունենալ միայն իր գրասենեակին հրապարակած տեղեկութիւնները եւ ոչ թէ «վարչապետի մօտիկ աղբիւրներ» վերագրումը:

Այս հարցը տակաւին «շատ ջուր կը վերցնէ» Լիբանանը «ողողած» դիւանագիտական, ապրուստի կենցաղային թէ քաղաքական հրատապ այլ հարցերու խճանկարին մէջ: Արդարեւ, կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ երկու ամիսներուն ընթացք առնէ հարաւ «Քարիշ» նաւթահորին հորատման աշխատանքը, որուն գծով պատկան կողմեր ամերիկեան բանագնացի միջնորդութեամբ կը փորձեն հարթել ջրային սահմանագծումի թնճուկը, մինչ Լիբանան վճռական է իր ջրային սահմաններու իրաւասութեան պահպանման գծով: Այս գծով ուշագրաւ էր երէկ ամերիկացի դեսպան Տորըթի Շիայի այն յայտարարութիւնը, թէ «Պէտք է առիթ տալ այս բանակցութեանց, որ յաջողին` ընդգծելով, որ Լիբանան մեծապէս կրնայ օգտուիլ իր ջրային  պաշարներէն»:

Նաեւ` Նասրալլա

Նմանապէս, ջրային սահմանագծումի այս հարցը արծարծեց նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա, որ երէկ երեկոյեան Յուլիսեան պատերազմի 16-ամեակին առիթով պատկերասփռուած իր «խօսք-ին մէջ պատգամ ուղղեց ամերիկեան կողմին, աւելի քան իսրայէլեան: Արդարեւ, Նասրալլայի խօսքին թուականը կը զուգադիպէր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Միջին Արեւելք կատարած շրջապտոյտին, ուր ան նախ եւ առաջ այցելեց Իսրայէլ` խորհրդակցութիւններ ունենալու իսրայէլացի եւ պաղեստինցի պատասխանատուներու հետ, ապա` ուղղուելու դէպի Սէուտական Արաբիա: Նասրալլա իր խօսքին մէջ շեշտեց Լիբանանի կայունութեան կարեւորութիւնը` իբրեւ ազդակ շրջանի կայունութեան: Ան նաեւ անհրաժեշտ նկատեց ջրային սահմանագծումի այս «թղթածրարը» ամբողջացնել նախքան յառաջիկայ սեպտեմբերի աւարտը, որ «կարեւոր ժամկէտ եւ ոսկի առիթ կը նկատուի ի նպաստ Լիբանանի իրագործում արձանագրելու»: Նասրալլա սպառնաց «Քարիշ» եւ «աւելի հեռուն հասնելու» ի պահանջել հարկին: Ան յիշեցուց երեք անօդաչու սարքերու «Քարիշ» «այցելութիւնը», որ «իր տեսակին մէջ աննախընթաց էր»: «Այսօրուան Ամերիկան նոյնը չէ, ինչ որ էր 2003-ին կամ 2006-ին», ընդգծեց Նասրալլա` նշելով, որ ամերիկեան ազդեցութիւնը տկարացած է շրջանին մէջ:

Սուրիացի Տեղահանուածներու Թղթածրարը

Լիբանանցի վարիչներուն համար մէկ այլ հրատապ հարց է սուրիացի տեղահանուածներու պարագան. լիբանանեան պատկան կողմեր կը ջանան աւելի քան մէկուկէս միլիոն հաշուող սուրիացիներու տունդարձը իրականացնել` տրուած ըլլալով, որ անոնց Լիբանան ապաստանելու շարժառիթ նկատուող պատերազմական գործողութիւնները զգալիօրէն մեղմացած են Սուրիոյ մէջ: Այս առնչութեամբ նախագահ Միշել Աուն Լիբանանի վճռական կեցուածքը ներկայացուց Սուրիոյ մօտ ՄԱԿ-ի նոր նշանակուած ներկայացուցիչ Նաժաթ Ռուշտիին, այս վերջինին տուած հրաժեշտի այցելութեան առիթով: Նախագահ Աուն շնորհաւորելով Ռուշտիի նոր պաշտօնը վերահաստատեց Լիբանանի կեցուածքը` սուրիացի գաղթականներու տունդարձի անհրաժեշտութեան գծով, որոնց ներկայութիւնը տնտեսական եւ ընկերային ծանր հետեւանքներ կ՛ունենայ եւ կը սպառնայ Լիբանանի ժողովրդագրական պատկերին:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ Հարաւի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօրավար Արոլօ Լազարոն ընդունելով իր ընդվզումը արտայայտեց Իսրայէլի յաճախակի ոտնձգութեանց գծով լիբանանեան սահմաններէն ներս` նշելով, որ այս ընթացքով Լիբանան կրնայ բողոքի յուշագիր յղել ՄԱԿ-ի պատկան կողմերուն: Նմանապէս նախագահ Աուն Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոյի հետ քննեց օրուան հրատապ հարցերը եւ այս գծով Ֆրանսայի օժանդակութեան ու զօրակցութեան կարեւորութիւնը:

Նաեւ` Ապրուստի Եւ Կենցաղային Հարցերու Գծով

Քաղաքական ու ապահովական այս մթնոլորտին մէջ լիբանանցիք կը շարունակեն տառապիլ կենցաղային տարրական պէտքերու ապահովման տագնապէն: Արդարեւ, երէկ զանազան շրջաններու մէջ շարունակուեցաւ երկար շարքերու երեւոյթը` կապ մը հաց «ձեռք ձգելու» համար: Ըստ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան, մօտերս Լիբանան 35 հազար թոն ցորեն պիտի ստանայ Ուքրանիայէն եւ Ռուսիայէն, ինչ որ կրնայ մեղմացնել հացի այս տագնապը: Նոյն ծիրին մէջ, լիբանանցի պատկան պատասխանատու մը հաւաստեց, թէ այսօր կրնայ «վերանալ» հացի տագնապը գէթ 15 օրով, ցնոր դասաւորում:

Այլ ծիրի մէջ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի եւ Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեան եւ առնչակից այլ պատասխանատուներ, այսօր աշխատանքային նիստ մը պիտի գումարեն` քննելու համար զանազան շրջաններուն մէջ յաճախակիօրէն կրկնուող պատահական թէ դիտաւորեալ  հրդեհներու ծագման երեւոյթը: Նաեւ պիտի քննարկուին Պէյրութի  նաւահանգիստի ցորենի շտեմարանին շուրջ ծագած ու դեռ եւս շարունակուող հրդեհը մարելու գործնական քայլերը: Նշենք, որ այս գծով Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերու ընտանեկան պարագաներ երէկ բողոքի ցոյց կազմակերպեցին` պահանջելով անյապաղ մարել այդ հրդեհը, որ «կը սպառնայ ընդմիշտ վերացնել իրենց հարազատներու ողբերգութեան վկայութիւնները»:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Հոգեմտաւոր Կեդրոն. Դպրեվանքի 91-րդ Հունձքը

Յաջորդը

Պայտըն Ծերակոյտի Հաստատման Ներկայացուցած Է Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Նոր Դեսպանի Թեկնածութիւնը

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը  Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»

Մայիս 10, 2025
Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան  Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը  Պիտի Չարտօնենք»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը Պիտի Չարտօնենք»

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?