Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց բանակի հրամանատարութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որ նախագահ Աունին յանձնեց հրաւէր մը 1 օգոստոս 2022-ին Ֆիյատիէի «Շուքրի Ղանեմ»-ի անուան զօրանոցին մէջ տեղի ունենալիք Սպայից վարժարանի շրջանաւարտներու սուրի յանձնման պաշտօնական արարողութեան, որուն ներկայ պիտի գտնուին նաեւ խորհրդարանի նախագահը, վարչապետը, պետական ներկայացուցիչներ, նախարարներ եւ երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ արաբական եւ եւրոպական երկիրներու դիւանագիտական անձնակազմեր:
Կը նախատեսուի, որ այս առիթով նախագահ Աուն նախագահէ պաշտօնական այս արարողութեան եւ պատգամ մը արտասանէ, ապա 132 շրջանաւարտ սպաներուն սուրերը յանձնէ:
Նշենք, որ նախորդ երկու տարիներուն «Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով այս արարողութիւնը չէր կազմակերպուած, սակայն այս տարի անիկա տեղի պիտի ունենայ:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Ալճերիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Մոհամետ Հասան, որ նախագահ Աունի հետ քննարկեց Ալճերիոյ լիբանանեան գաղութին վերաբերող հարցեր` բարձր գնահատելով նախագահ Աունի կեցուածքները` Լիբանանի իրաւունքները պաշտպանելու առումով:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան-ալճերիական երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները, յատկապէս` նաւթի եւ ուժանիւթի մարզին մէջ ալճերիական փորձառութենէն օգտուելու առումով:
Հասան ընդգծեց, որ Ալճերիոյ պատասխանատուները կը փափաքին, որ նախագահ Աուն պաշտօնական այցելութեամբ մը ուղղուի իրենց երկիրը:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն շնորհաւորեց Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբը` Պասքեթպոլի Ասիոյ ախոյեանութեան մէջ անոր արձանագրած յաջողութեան եւ քառորդ աւարտական փուլ հասնելուն առիթով:


