Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ատհայի Տօնի Արձակուրդին Ընթացքին Արձանագրուեցան Մեծ Թիւով Հրդեհներ, Յատկապէս Ռումիէի Եւ Զաֆթայի Մէջ

July 13, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեթնի Ռումիէ շրջանի անտառներուն մէջ անցեալ շաբաթավերջին բռնկեցաւ հրդեհ մը, որ մեծ ջանքերով կարելի եղաւ հակակշիռի տակ առնել:

Մեծ թիւով քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժեր հրշէջի ինքնաշարժներով ուղղուեցան շրջան` կրակը մարելու համար: Անոնց օժանդակեցին նաեւ լիբանանեան օդուժին պատկանող երկու ուղղաթիռներ:

Ռումիէի քաղաքապետարանի ոստիկանապետ Քրիսթիան Նաուֆալ հաստատեց, որ այդ հրդեհը դիտմամբ բռնկեցուած է` աւելցնելով, որ քաղաքապետարանը ձերբակալած է անձեր, որոնք մեծ քանակութեամբ փայտ հաւաքած են այդ շրջանէն, եւ զանոնք ապահովական կառոյցներուն յանձնած` փայտերը վերստանձնելէ ետք:

Ռումիէի քաղաքապետարանը կոչ ուղղեց ձերբակալելու բոլոր յանցագործները, որոնք բռնկեցուցած են Ռումիէի անտառներուն հրդեհը:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ իր կարգին յայտնեց, որ Ռումիէի մէջ բռնկեցուած հրդեհին մասին փաստեր ունին:

Միւս կողմէ, հարաւային Լիբանանի Զաֆթա շրջանին մէջ անցեալ շաբաթավերջին ամբողջութեամբ հրկիզուեցաւ «Քապալան» գորգի գործարանը, որուն մէջ բռնկած էր հրդեհ մը:

Մինչեւ որ հրդեհը հակակշիռի տակ առնուի, քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժեր 42 ժամ շարունակ աշխատեցան մարելու համար կրակը, սակայն գործարանը հրկիզուեցաւ` պատճառելով միլիոնաւոր տոլարներու վնաս, ինչպէս նաեւ անգործութեան մատնելով 250 պաշտօնեայ:

Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեան այցելեց շրջան եւ հանդիպում մը ունեցաւ գործարանի սեփականատէր Հիւսէյն Քապալանի եւ հրշէջներու պատասխանատուներուն հետ` իմանալու համար կրակը մարելու ընթացքին անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին:

Ճ. Պուչիքեան ցաւ յայտնեց, որ տօնական օրերուն ընթացքին նման դէպք մը արձանագրուած է` աւելցնելով, որ բարեբախտաբար մարդկային կորուստ չէ արձանագրուած:

Ան նշեց, որ իբրեւ նախարարութիւն կը յանձնարարեն գործարաններուն` ապահովութիւնը երաշխաւորող քայլերու դիմելու: «Փաստօրէն «Քապալան» գորգի գործարանին մէջ այդ քայլերը որդեգրուած էին, սակայն ըստ երեւոյթին գործարանին մէջ արձանագրուած ելեկտրական կարճ միացումի մը պատճառով հրդեհը բռնկած է», ըսաւ Ճ. Պուչիքեան:

Ան բարձր գնահատեց քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն աշխատանքը:

 

Նախորդը

Նասսար. «Սեպտեմբերի Աւարտին Լիբանան Ժամանող Զբօսաշրջիկներուն Թիւը Պիտի Հասնի Մէկ Միլիոն Երկու Հարիւր Հազարի»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Խստիւ Դատապարտեց Սինձօ Ապէի Սպանութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.