Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ երէկ երեկոյեան յայտնեցին, որ Միքաթի նախագահական պալատ պիտի այցելէ` Պէյրութ վերադառնալէ ետք:
Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ վարչապետի գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութիւնը հիմնականին մէջ յստակացուցած է երեք կէտեր, որոնք են.
ա) Հարցերու սահմանափակումը` երկու կողմերուն միջեւ, բ) Միքաթիի վերադարձէն ետք անպայման հանդիպում մը պէտք է կայանայ եւ գ) Առաջարկներու հանդէպ բաց մօտեցում պէտք է ցուցաբերուի:
Նոյն աղբիւրները ընդգծեցին, որ հաղորդագրութիւնները հանդարտութեան յանգեցան:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց այլ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Ուաշինկթըն կառչած կը մնայ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ բանակցութիւնները դիւրացնելու իր խոստումին, որպէսզի կարելի ըլլայ ծովային սահմանագծում կատարելու իմաստով որոշումի մը յանգիլ:
Նոյն հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ որեւէ լուծման կարելի չէ յանգիլ` առանց բանակցութիւնները շարունակելու: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծեց, որ իրենք կ՛ողջունեն վերջնական որոշումի մը յանգելու նպատակով խորհրդակցելու ոգին, որ պիտի ամրապնդէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի ապահովական կայունութիւնը:
Գետնի վրայ սակայն, Հուլայի արեւելեան շրջանին մէջ գտնուող սահմանային «Ապատ» դիրքին վրայ լիբանանեան բանակը մեծ թիւով տեղակայուեցաւ, երբ իսրայէլեան ուժեր օդին մէջ երկու փամփուշտ կրակեցին` փշաթելին մօտեցող լիբանանցիները փախուստի մատնելու նպատակով:
Նշենք նաեւ, որ դիւանագիտական աղբիւրներ կը հաստատեն, որ քաղաքական ոչ մէկ ուժի շահերուն կը ծառայէ, որ նախագահական ընտրութիւններէն առաջ կառավարութիւն կազմուի, բացի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութենէն, որ նախագահ Աունի իշխանութեան նոր նուաճում մը ապահոված կ՛ըլլայ:
Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, արեւմտեան երկիրներ, յատկապէս Ֆրանսա, ճնշում կը բանեցնեն Լիբանանի խորհրդարանին վրայ, որպէսզի նախագահական ընտրութիւնը սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարուի:


