Երեսփոխան Ատիպ Ապտել Մեսիհ երէկ յայտարարեց Վերանորոգում երեսփոխանական պլոքը, որուն մաս կը կազմեն ինք, Անկախութիւն շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատ, երեսփոխան Աշրաֆ Ռիֆի եւ Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի:
Ապտել Մեսիհ հաստատեց, որ Վերանորոգում պլոքը պիտի ջանայ գործադրել այն խոստումները, որոնք տրուած են լիբանանցիներուն` երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախօրեակին:
Ան հաստատեց, որ իրենք հաւաքաբար աշխատանք պիտի տանին նախ Լիբանանի գոյութիւնը ապահովելու համար, ինչպէս նաեւ երաշխաւորելու լիբանանեան բանակին միասնականութիւնը, ապահովական օրինական հաստատութիւնները, որոնք միայն իրաւունք ունին զէնք կրելու, ինչպէս նաեւ անոնց պատասխանատուները, որոնք հաշուետուութեան կ՛ենթարկուին:
Ան նշեց, որ Վերանորոգում պլոքը անմիջապէս պիտի ձեռնարկէ հաղորդակցութիւններու` գերիշխան կողմերու հետ, որպէսզի հիմնական հարցերու շուրջ միասնական կեցուածքներ ձեւաւորուին:


