ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1649 վարակուածներ եւ մահացած է մէկ պարագայ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքն է 29.350 լ. ոսկի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 29.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 28.000 լ. ոսկիով, մազութը` 26.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 14.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 636.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինի սակը 648.000 լ. ոսկի, մազութը` 679.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 327.000 լ. ոսկի:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ զգուշացուց Պէյրութի նաւահանգիստի ցորենի շտեմարանին փուլ գալու վտանգէն, եթէ անոր շուրջ բռնկած հրդեհները շարունակուին: Ան ընդգծեց, որ շտեմարանը քանդելու մասին ցարդ որոշում չկայ` աւելցնելով, որ պէտք է սպասել: Սալամ աւելցուց նաեւ, որ ցորենի շտեմարանին պայթելու հաւանականութեան մասին մտավախութիւնները անտեղի են:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ Թրիփոլիի մէջ կատարած իր յայտարարութեան մէջ հաստատեց, որ անցագիրներու տագնապը կեանքի տագնապ է` աւելցնելով, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի Իրաքի պետութեան հետ նաւթի համաձայնագիրը վերանորոգելու: Իպրահիմ խոստացաւ, որ երկրին մէջ ելեկտրական հոսանքի մատակարարումը զերօ կէտի պիտի չհասնի:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ կարեւորը ծովային սահմանագծում կատարելը չէ, այլ` նաւթ եւ կազ հորատելն ու արտահանելը: «Բնական կազի եւ նաւթի հարստութիւնը արժէք մը չի ներկայացներ, եթէ ան ծովուն խորերը թաղուած մնայ: Լիբանանի համար Դիմադրութեան խաղաքարտը ուժի ազդակ է, եթէ մենք գիտնանք, թէ զայն ինչպէ՛ս պիտի օգտագործենք` սահմանագծում կատարելու եւ կազ արտահանելու համար: Դուք ձեր կազը կ՛ուզէք, մենք` մերը. այդպէս կը վարուի հզօր պետութիւնը, եւ այսպէս կը պաշտպանուին ազգային արժանապատուութիւնն ու գերիշխանութիւնը», շեշտեց ան:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա դարձեալ ինքզինք հանրապետութեան նախագահ, վարչապետ եւ բանակի հրամանատար նշանակած է` լիբանանցիները նոր արկածախնդրութեան մը ենթակայ դարձնելով: Ժեմայէլ հաստատեց, որ Լիբանանի գերիշխանութեան վերահաստատումը կը մնայ գերագոյն հարցը, «որովհետեւ առանց անոր չկայ պետութիւն մը, որուն պաշտօններուն համար պայքար կը մղուի», աւելցուց ան:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի յայտարարութիւնները վերջ դրին այն հաւանականութեան, որ կարելի է թիւ 23 ծովային սահմանագիծին մասին համաձայնութիւն գոյացնել: Ժոմպլաթ նկատել տուաւ, որ Լիբանան սկսած է ռուս-ուքրանական տագնապին մաս կազմել: «Այս իրականութեան հիման վրայ կը խնդրենք սէյիտ Նասրալլայէն ճշդել, թէ ի՛նչ արտօնուած է եւ ի՛նչ արգիլուած, որպէսզի մեր ժամանակը չկորսնցնենք` կռահելով», հաստատեց ան:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին մասին խօսիլը ժամավաճառ ըլլալու համազօր է: «Երբ Սուրիոյ շուրջ պարտադրուած շրջափակումը վերջ գտնէ եւ վերաշինութիւնը վերսկսի, այդ ընթացքին է, որ սուրիացի տեղահանուածները կը վերադառնան Սուրիա, իսկ լիբանանցին մոմով սուրիացի աշխատաւոր պիտի փնտռէ», ըսաւ ան:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Թրիփոլիի մէջ ծովամոյն դարձած նաւուն պատճառած զոհերուն ընտանիքները կը սպասեն սուզանաւի մը, որ 400 մեթր ծովուն խորերը ընկղմած նաւը դուրս բերէ: Ըստ նախնական տուեալներու, նաւուն մէջ կը գտնուին 30 զոհերու դիակներ: Յիշեցնենք, որ ողբերգական այս դէպքը պատահած էր երկուքուկէս ամիս առաջ: