Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Մարոնիներու ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազենը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Խազեն ընդգծեց, որ պէտք է մերժել Լիբանանի տատանող իրավիճակը եւ արձանագրուած տեղքայլը, որ կը սպաննէ երկրին դիմադրողականութիւնը եւ կը քանդէ զայն:
Պըրրի ընդունեց նաեւ Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Արոլտօ Լազարոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Պըրրիի այցելեցին նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան եւ շէյխ Ահմետ Քապալանը:
Այն Թինէի այցելուներէն եղան երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժորժ Քալլաս, ինչպէս նաեւ նախկին նախարար Մոհամետ Ֆեհմի:
Նշենք, որ Պըրրի խորհրդարանի դիւանը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի երկուշաբթի, 18 յուլիս 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Այն Թինէի մէջ:
Միւս կողմէ, Պըրրի հետեւեցաւ լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւններուն եւ ապրուստի վերաբերող կարգ մը հարցերու, որոնց շրջագիծին մէջ ամսական աշխատավարձերու յաւելումներուն եւ պետական մարզի պաշտօնեաներուն պարագային արձանագրուած խտրութեան:
Պըրրի ընդգծեց, որ պետական մարզի պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձերուն միջեւ արձանագրուած տարբերութիւնը մեծ փլուզումներ կրնայ պատճառել: «Այդ փլուզումները կրնան շատ աւելի մեծ ըլլալ, քան ելեւմտական եւ տնտեսական փլուզումները, որովհետեւ անոնք պիտի ունենան ընկերային եւ տնտեսական հետեւանքներ, որոնց առաջքը կարելի չէ առնել կամ լուծում գտնել», ընդգծեց ան:
Այս իմաստով Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ կարգ մը պատասխանատուներու հետ` կոչ ուղղելով անոնց անմիջապէս սրբագրելու այդ սխալը, նոյնիսկ եթէ որոշումը պէտք է սառեցուի:
Նշենք, որ Յուլիսեան պատերազմի 16-ամեակին առիթով Պըրրի ողջունեց Դիմադրութեան նահատակներուն յիշատակը եւ գնահատեց բոլոր լիբանանցիներուն կամքը` նշելով, որ անոնք փաստեցին, թէ ահաբեկչական իսրայէլեան ուժերը տկար են եւ չեն կրնար կոտրել լիբանանցիներուն կամքը:
Յուլիսեան պատերազմը Լիբանանի համար յաղթանակ էր եւ սիոնական թշնամիին համար նոր պարտութիւն, ինչպէս նաեւ Լիբանանը այլանդակելու իր հին ծրագիրի վիժում:
Պըրրի կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն յաւելեալ միասնականութեան եւ երկխօսութեան` աւելցնելով, որ Լիբանան իր ծովային եւ ցամաքային հարստութիւնը պիտի պաշտպանէ այնպէս, ինչպէս պաշտպանեց իր երկրին սահմանները:
Խորհրդարանի նախագահը անհրաժեշտ նկատեց Լիբանանը ներքին իմաստով ձախողեցնելու եւ անոր հաստատութիւնները անիշխանութեան մատնելու բոլոր փորձերուն վերջ տալ: