Լիբանանեան

Հիկընզ. «Մտահոգ Ենք Լիբանանի Մէջ Արձանագրուած  Երիտասարդներու Անգործութեան  Համեմատութեամբ, Որ Հասած Է 70 Առ Հարիւրի»

Հիկընզ. «Մտահոգ Ենք Լիբանանի Մէջ Արձանագրուած Երիտասարդներու Անգործութեան Համեմատութեամբ, Որ Հասած Է 70 Առ Հարիւրի»

Լիբանանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի յատուկ ներկայացուցիչի տեղակալ Էթի Հիկընզ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ երիտասարդներու անգործութեան համեմատութիւնը հասած է 70 առ հարիւրի, իսկ դպրոցը լքող աշակերտներուն համեմատութիւնը` 55 առ հարիւրի` աւելցնելով, որ այս համեմատութիւնները մտահոգիչ են իրենց համար: Հիկընզ հաստատեց, որ այս համեմատութիւնը իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ ամբողջ Լիբանանի տարածքին գործադրուող կրթական ծրագիրին վրայ, որովհետեւ եթէ լիբանանցի երիտասարդները առանց ուսման եւ կրթութեան...

Ժողովրդավարական Հանդիպում Պլոքը Կ՛ընդգծէ  Բարեկարգումի Օրինագիծերը Վաւերացնելու  Եւ Տոլարի Փոխարժէքի Մէկ Սակ Ճշդելու Անհրաժեշտութիւնը

Ժողովրդավարական Հանդիպում Պլոքը Կ՛ընդգծէ Բարեկարգումի Օրինագիծերը Վաւերացնելու Եւ Տոլարի Փոխարժէքի Մէկ Սակ Ճշդելու Անհրաժեշտութիւնը

Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ նախագահեց պլոքի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային մարզերը յուզող հարցերը: Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ խորհրդարանին կողմէ օրէնսդրական նիստեր գումարելու եւ բարեկարգումի օրինագիծերը վաւերացնելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս` Տնտեսական եւ ելեւմտական ապաքինման ծրագիրը, պետական ամավարկն ու բարեփոխուած տարբերակով «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի օրինագիծը` ապահովելու համար դրամատուներուն մէջ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 536 վարակուածներ եւ մահացած է 2 պարագայ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 32.700 լ. ոսկի է: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սեզար Ապի Խալիլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին կապուած հարցերն ու Ալէյի կարիքները: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ համալսարանի...

«Ոմանք Չեն Փափաքիր Իմ Իշխանութեանս Օրով  Կատարել Ծովային Սահմանագծումը, Իսկ Ես  Կը Ջանամ Կառավարութիւն Մը Կազմել`  Պաապտայի Պալատէն Մեկնելէ Առաջ»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Ոմանք Չեն Փափաքիր Իմ Իշխանութեանս Օրով Կատարել Ծովային Սահմանագծումը, Իսկ Ես Կը Ջանամ Կառավարութիւն Մը Կազմել` Պաապտայի Պալատէն Մեկնելէ Առաջ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լսատեսողական լրատուամիջոցներու պաշտօնէութեան սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Ռինտալա Ժապպուրի: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին նաեւ Հալա Հատտատ, Պահաէտտին Ահմետ, Խտըր Ռըսլան, Ուիսամ Թրապուլսի, Տեզիրէ Պսայպես, Հութաֆ Տահամ, Կրէյս Մխայէլ եւ Ապտալլա Շամսէտտին: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց տեղեկատուութեան մարզի դերակատարութեան կարեւորութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը` ճշմարտութիւնը ներկայացնելու իմաստով, «որովհետեւ ճշմարտութիւնն է, որ...

Պըրրի Միքաթիի Հետ Կը Քննարկէ Երկրին Իրադարձութիւնները

Պըրրի Միքաթիի Հետ Կը Քննարկէ Երկրին Իրադարձութիւնները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող մանրամասնութիւններ, ինչպէս նաեւ օրէնսդրական շարք մը հարցեր, որոնց շարքին` «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի օրինագիծը: Հանդիպումէն ետք Միքաթի մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու: Պըրրիի այցելեց նաեւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ` ընկերակցութեամբ իր խորհրդականին` Հուսամ Հարպի: Հանդիպումին ընթացքին Ժոմպլաթ ընդգծեց բարեկարգումները...

Ընդհանուր Ապահովութեան 77-Ամեակի Նշում

Ընդհանուր Ապահովութեան 77-Ամեակի Նշում

Ընդհանուր ապահովութեան հիմնադրութեան 77-ամեակին առիթով երէկ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ձեռնարկ մը` ներկայութեամբ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիի, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի եւ այլ անձնաւորութիւններու: Այս առիթով Մաուլաուի արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ Լիբանանն ու լիբանանցիները շնորհաւորեց այս առիթով: Ան ընդգծեց, որ Ընդհանուր ապահովութիւնը ապահովական այն կառոյցն է, որ երկրին անվտանգութեան կը հսկէ: «Ընդհանուր ապահովութիւնը այն կառոյցն...

Միւֆթի Տըրիան. «Սէուտական Կամ Որեւէ Արաբական  Դեսպանատան Դէմ Սպառնալիք Կը Նկատուի Լիբանանի  Ապահովական Կայունութեան Դէմ Սպառնալիք»

Միւֆթի Տըրիան. «Սէուտական Կամ Որեւէ Արաբական Դեսպանատան Դէմ Սպառնալիք Կը Նկատուի Լիբանանի Ապահովական Կայունութեան Դէմ Սպառնալիք»

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին միւֆթի Տըրիան բարձր գնահատեց Սէուտական Արաբիոյ կողմէ չափաւորականութեան տարածումը, ինչպէս նաեւ արաբական եւ իսլամական դատերուն զօրակցութիւնը: Միւֆթի Տըրիան շնորհակալութիւն յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ կողմէ Լիբանանին ցուցաբերուած զօրակցութեան համար,...

Հալապի. «Կրթաթոշակները Պէտք Է  Լիբանանեան Դրամանիշով Ըլլան»

Հալապի. «Կրթաթոշակները Պէտք Է Լիբանանեան Դրամանիշով Ըլլան»

Կրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ թիւ 515 օրէնքով յստակ դարձած է, որ լիբանանեան դպրոցները իրենց ամավարկը կը մշակեն լիբանանեան դրամանիշին հիման վրայ, հետեւաբար լիբանանեան բոլոր դպրոցներուն կրթաթոշակները պէտք է լիբանանեան դրամանիշով ըլլան: Ան հաստատեց, որ այս իմաստով նախարարութեան կեցուածքը յստակ է, որ դպրոցներուն ամավարկերն ու կրթաթոշակները պէտք է լիբանանեան դրամանիշով ըլլան: Հալապի յայտնեց, որ դպրոցական կրթաթոշակին պարագային կատարուելիք...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 564 վարակուածներ եւ մահացած է 1 պարագայ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 32.200 լ. ոսկի է: ՊԵՏԱԿԱՆ անվտանգութեան կառոյցի Պընթ Ժպէյլի բաժանմունքը երէկ ձերբակալեց ՏԱՀԵՇ-ին պատկանող բջիջ մը, որ նախապէս Սուրիոյ մէջ կռուած է եւ ապօրինի կերպով Լիբանան մուտք գործած է եւ հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ...

Նախագահ Աուն Երեսփոխանները Հրաւիրեց Վարչապետի  Նշանակման Պարտադիր Խորհրդակցութիւններու

Նախագահական Պալատը Կը Զգուշացնէ Անճիշդ Լուրեր Տարածելէ Եւ Գրգռութիւններ Հրահրելէ.

Նախագահական Ընտրութեան Իմաստով Նախագահ Աուն Յանձնառու Կը Մնայ Սահմանադրական Իր Երդումին         Շաբաթ երեկոյեան ժամը 5:30-ին, նախագահական պալատը հրապարակեց խիստ ոճով հաղորդագրութիւն մը, որ կը վերաբերէր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հասցէին կատարուած անճիշդ լուրերուն եւ գրգռութիւններուն: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ նոր կառավարութեան կազմութեան մասին քննարկումներուն սկսելէն ի վեր լսատեսողական լրատուամիջոցներն ու գրաւոր մամուլը կը տարածեն այնպիսի լուրեր, վերլուծումներ եւ յօդուածներ,...

Հաժժար. «Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին  Հարցով Լուծումներ Կան, Որովհետեւ Միջազգային  Ընտանիքը Սկսած Է Անսալ Լիբանանեան Կեցուածքին»

Հաժժար. «Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին Հարցով Լուծումներ Կան, Որովհետեւ Միջազգային Ընտանիքը Սկսած Է Անսալ Լիբանանեան Կեցուածքին»

Ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք գրեթէ վստահ է, որ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին հարցով լուծումներ պիտի ըլլան, որովհետեւ միջազգային ընտանիքը սկսած է անսալ լիբանանեան կեցուածքին: Հաժժար ընդգծեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն մասին որոշումը լիբանանեան պետութեան կը պատկանի` աւելցնելով, որ Լիբանան լաւ գիտէ իր շահերը եւ կը զօրակցի միջազգային ընտանիքին: Հաժժար հաստատեց, որ տեղահանուածներու...

«Ճերուզալեմ Փոսթ». «ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերը  Պիտի Ներկայանան Իբրեւ Հըզպալլայի Վահանը`  Իսրայէլ-Լիբանան Յաջորդ Ընդհարումին Ընթացքին»

«Ճերուզալեմ Փոսթ». «ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերը Պիտի Ներկայանան Իբրեւ Հըզպալլայի Վահանը` Իսրայէլ-Լիբանան Յաջորդ Ընդհարումին Ընթացքին»

Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» թերթը կը գրէ, թէ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ յաջորդ ընդհարումին ընթացքին ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը պիտի ներկայանան իբրեւ Հըզպալլայի վահանը: Նոյն օրաթերթը անդրադարձ կատարեց անցնող ամիսներուն հարաւային Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած զարգացումներուն, որոնց շրջագիծին մէջ Հըզպալլայի խմբաւորումներուն համար յաւելեալ դիրքեր հաստատուած են: Թերթին համաձայն, սահմանային «Կապոյտ գիծ» կոչուածը իսրայէլեան քաղաքացիական անվտանգութեան մեծ վտանգ կը սպառնայ: «Ճերուզալեմ Փոսթ»...

Ժոմպլաթ Կը Զգուշացնէ Ամբողջական  Դատարկութեան Մատնուելէ

Ժոմպլաթ Կը Զգուշացնէ Ամբողջական Դատարկութեան Մատնուելէ

Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ շաբաթավերջին Մուխթարայի պալատին մէջ ընդունեց ժողովրդային պատուիրակութիւն մը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ իմացաւ անոնց պահանջները: Հանդիպումին ընթացքին Ժոմպլաթ զգուշացուց ամբողջական դատարկութեան մատնուելէ: Այս շրջագիծին մէջ ան կոչ ուղղեց ճիգ չխնայելու` սահմանադրական գործընթացները գործադրելու ուղղութեամբ, որպէսզի կարելի ըլլայ շրջանցել երկրին անդամալուծութիւնն ու ամբողջական քայքայումը: Ժոմպլաթ անհրաժեշտ նկատեց մաքսատնային տոլարի փոխարժէքին...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 600 վարակուածներ եւ մահացած է 2 պարագայ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 32.500 լ. ոսկի է: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց Իրանի մշակութային հարցերու նոր նշանակուած խորհրդական սէյիտ Քամիլ Պաքերը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ իմամ Մուսա Սատըրի լուսաւորող...

Թրիփոլիի Մէջ.   «Կան Նոր Փաստեր, Որոնք Պիտի Յանձնուին Դատական Իշխանութիւններուն` Յուսալով, Որ Անոնք Կը Մեղմացնեն Զոհերու Ընտանիքներուն Ցաւերը»   Շեշտեց Հայսամ Տաննաուի

Թրիփոլիի Մէջ. «Կան Նոր Փաստեր, Որոնք Պիտի Յանձնուին Դատական Իշխանութիւններուն` Յուսալով, Որ Անոնք Կը Մեղմացնեն Զոհերու Ընտանիքներուն Ցաւերը» Շեշտեց Հայսամ Տաննաուի

Լիբանանեան ծովուժի հրամանատար գնդապետ-զօրավար Հայսամ Տաննաուի երէկ Թրիփոլիի մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ Թրիփոլիի մէջ ծովամոյն դարձած նաւուն վերաբերող զարգացումներուն: Տաննաուի անդրադարձ կատարեց մահուան նաւը դուրս բերելու հոլովոյթին` աւելցնելով, որ կան նոր փաստեր, որոնք պիտի յանձնուին դատական իշխանութիւններուն` յուսալով, որ անոնք կը մեղմացնեն զոհերու ընտանիքներուն ցաւերը: Տաննաուի հաստատեց, որ լիբանանեան բանակի ծովուժը իր բոլոր կարողութիւնները զետեղած է...

Նախագահ Աուն Լիբանանեան Հարցերը Քննարկեց Սլիմի, Շարաֆէտտինի Եւ Ֆայեատի Հետ

Նախագահ Աուն Լիբանանեան Հարցերը Քննարկեց Սլիմի, Շարաֆէտտինի Եւ Ֆայեատի Հետ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմը, որուն հետ քննարկեց երկրին մէջ տիրող ապահովական իրավիճակը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ բանակին կարիքները, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան նախարարութեան պատկանող այլ կառոյցներու գործունէութիւնը: Նախագահ Աուն եւ Սլիմ անդրադարձան նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն Լիբանանի մէջ պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու կարելիութեան` նկատի ունենալով, որ այդ...

Ընդհանուր Ապահովութեան 77-Ամեակ.  Ապպաս Իպրահիմ. «Կը Գտնուինք Ահարկու Վտանգներու Դիմաց, Եւ Այդ Պատճառով Պէտք Է Մնանք Կազմ Ու Պատրաստ»

Ընդհանուր Ապահովութեան 77-Ամեակ. Ապպաս Իպրահիմ. «Կը Գտնուինք Ահարկու Վտանգներու Դիմաց, Եւ Այդ Պատճառով Պէտք Է Մնանք Կազմ Ու Պատրաստ»

Ընդհանուր ապահովութեան հիմնադրութեան 77-ամեակին առիթով, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յղեց օրուան հրահանգը, որուն բնաբանն էր «Լիբանանը ձեզի յուսախաբութեան պիտի չմատնէ»: Ապպաս Իպրահիմ, իր խօսքը ուղղելով Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն,  հաստատեց, որ անոնց գոյատեւումը եւ կառչածութիւնը` զինուորական իրենց սկզբունքներուն եւ արհեստավարժութեան,  յարգանքի արժանի է, նկատի ունենալով իրենց ի գործ դրած ճիգերն ու զոհողութիւնները` երկրին դիմագրաւած այս մութ ու սպառիչ...

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը Կոչ Կ՛ուղղէ Նախագահական Ընտրութիւնը Կատարելու` Սահմանադրութեամբ Ճշդուած Ժամկէտին

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը Կոչ Կ՛ուղղէ Նախագահական Ընտրութիւնը Կատարելու` Սահմանադրութեամբ Ճշդուած Ժամկէտին

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ Հարեթ Հրէյքի մէջ նախագահեց պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին իրադարձութիւնները: Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը ընդգծեց իր անշեղ կեցուածքը, որ պիտի վերահաստատուի 31 օգոստոս 2022-ին, ինչպէս նաեւ իր յանձնառութիւնը եւ դատապարտումը` իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն` շէյխ Մոհամետ Եաագուպի եւ լրագրող Ապպաս Պատրէտտինի առեւանգումին: Պլոքը շեշտեց, որ իմամ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 700 վարակուածներ եւ մահացած է 2 պարագայ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 32.200 լ. ոսկի է: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի, վարչական հարցերու եւ արդարութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան, առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ ծրագրաւորումի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերը հրաւիրեց միացեալ նիստի մը, որ պիտի գումարուի...

Պաապտայի Մէջ.   «Հակառակ Բոլոր Տարաձայնութիւններուն, Նախագահ Աուն Յանձնառու Կը Մնայ Սահմանադրութեան»  Շեշտեց Խալիլ Քարամ

Պաապտայի Մէջ. «Հակառակ Բոլոր Տարաձայնութիւններուն, Նախագահ Աուն Յանձնառու Կը Մնայ Սահմանադրութեան» Շեշտեց Խալիլ Քարամ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Մարոնիներու լիկայի նախագահ Խալիլ Քարամը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող հարցերը, ինչպէս նաեւ արտերկրի լիբանանցիներուն լիբանանեան քաղաքացիութիւն պարգեւելու թղթածրարը: Հանդիպումէն ետք Քարամ յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ խորհրդակցութիւններուն ընթացքին ան շեշտած է ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կառավարութիւն մը կազմելու կարեւորութիւնը եւ առաջնահերթութիւնը` հաստատելով, որ կարելի չէ...

Page 321 of 988 1 … 320 321 322 … 988

Արխիւներ