Լիբանանեան

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հեմիշ Քոուելը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 13.000 լ. ոսկիով, իսկ մազութը` 28.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի սակն...

Նախագահ Աուն Ողջունեց  ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն  Պաշտօնավարութիւնը Մէկ Տարիով  Երկարաձգելու Որոշումը

Նախագահ Աուն Ողջունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Պաշտօնավարութիւնը Մէկ Տարիով Երկարաձգելու Որոշումը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ողջունեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութիւնը մէկ տարիով երկարաձգելու որոշումը: Նախագահ Աուն նկատել տուաւ, որ այս քայլը կը հաստատէ միջազգային ընտանիքին վճռականութիւնը` հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով: Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը առկայ է, յատկապէս` ՄԱԿ-ի թիւ...

Ապահովութեան Խորհուրդը Մէկ Տարիով  Երկարաձգեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն  Պաշտօնավարութիւնը

Ապահովութեան Խորհուրդը Մէկ Տարիով Երկարաձգեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Պաշտօնավարութիւնը

Ընդառաջելով Լիբանանի կառավարութեան պահանջին` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը մէկ տարիով երկարաձգեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնավարութիւնը: Ապահովութեան խորհուրդը կոչ ուղղեց նաեւ գործադրելու թիւ 1701 բանաձեւը, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց Լիբանանի կառավարութեան սահմանին վրայ տեղակայելու լիբանանեան բանակը` ընդգծելով, որ այդ հոլովոյթը կը ծառայէ աւելի հեռաւոր նպատակի մը, որուն լոյսին տակ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն առաքելութեան աւարտելէն ետք բանակը պիտի ստանձնէ ապահովութեան պաշտպանութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը:...

Միքաթի Եւ Քըրըմ Քննարկեցին  Հաղորդակցութեան Մարզին  Պարզած Իրավիճակը

Միքաթի Եւ Քըրըմ Քննարկեցին Հաղորդակցութեան Մարզին Պարզած Իրավիճակը

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմը, որուն հետ քննարկեց հաղորդակցութեան մարզին իրավիճակն ու դիմագրաւած դժուարութիւնները: Քըրըմ յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթի ներկայացուցած է շարք մը առաջարկներ, որոնք պիտի քննարկուին պաշտօնեաներուն հետ, նախքան անոնց մասին յայտարարելը: Անդրադառնալով «Օժերօ»-ի պաշտօնէութեան հետ իր հանդիպումին` Քըրըմ յայտնեց, որ այդ հանդիպումը եղած է մտերմիկ` աւելցնելով, որ ինք կը հասկնայ...

Արիտայի Մէջ.   Ապօրինի Կերպով Գաղթող Երիտասարդներու  Նաւ Մը Ծովամոյն Դարձած Է

Արիտայի Մէջ. Ապօրինի Կերպով Գաղթող Երիտասարդներու Նաւ Մը Ծովամոյն Դարձած Է

Չորեքշաբթիէն հինգշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին, Արիտայի ծովափէն քիչ անդին ծովամոյն դարձած է ապօրինի կերպով գաղթող լիբանանցի, սուրիացի եւ պաղեստինցի երիտասարդներու նաւ մը: Երիտասարդները անմիջապէս լողացած էին դէպի ծովափ եւ փրկուած, սակայն Ներքին ապահովութեան ուժերու Տեղեկահաւաքի բաժանմունքը կը շարունակէ հալածել զանոնք` ձերբակալելու նպատակով: Նշենք, որ ապօրինի կերպով գաղթելու լիբանանցի քաղաքացիներուն «նաւով փոխադրութեան գործողութիւններ»-ը ամէնօրեայ դրութեամբ կը կատարուին, յատկապէս` Արիտայի եւ Աքքարի...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 394 վարակուածներ եւ մահացած է 4 պարագայ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 34.000 լ. ոսկի է: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու  նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 17.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 18.000 լ. ոսկիով, մազութը` 31.000 լ....

Նախագահ Աուն Վարչապետին Հետ Քննարկեց  Կառավարութեան Կազմութեան Թղթածրարը

Նախագահ Աուն Վարչապետին Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Թղթածրարը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ յետմիջօրէի ժամը 4:10-ին, նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը: Հանդիպումէն ետք Միքաթի մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:  

Պըրրի. «Պատերազմի Սիրահարներ Չենք,  Սակայն Մեր Գերիշխանութեան Դէմ Սպառնալիքներու  Պարագային Պիտի Պաշտպանենք Մեր Իրաւունքները,  Որոնք Մեր Պատիւը Կը Ներկայացնեն»

Պըրրի. «Պատերազմի Սիրահարներ Չենք, Սակայն Մեր Գերիշխանութեան Դէմ Սպառնալիքներու Պարագային Պիտի Պաշտպանենք Մեր Իրաւունքները, Որոնք Մեր Պատիւը Կը Ներկայացնեն»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Սուրի երդման հրապարակին վրայ արտասանեց խօսք մը` իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն անյայտ կորսուելուն 44-ամեակին առիթով: Ամալ շարժումին կազմակերպած հաւաքին, Սուրի հսկայական հրապարակը լեցուցած  ծովածաւալ բազմութեան դիմաց իր արտասանած խօսքին մէջ Պըրրի հաստատեց, որ Սուրը իմամ Մուսա Սատըրի նախասիրած քաղաքն էր` աւելցնելով, որ հակառակ անոր որ վերջին երեք տարիներուն ընթացքին Սատըրի մասին հետաքննութիւնը դադրած...

Յ. Բագրատունի Նախագահեց Գաղթականներու  Հարցերու Խորհրդարանական  Յանձնախումբի Ժողովին

Յ. Բագրատունի Նախագահեց Գաղթականներու Հարցերու Խորհրդարանական Յանձնախումբի Ժողովին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ նախագահեց գաղթականներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի ժողովին, որուն ներկայ գտնուեցան յանձնախումբի զեկուցաբեր Հիւսէյն Ժաշի եւ անդամներ Էտկար Թրապուլսի, Սայիտ Ասմար, Քամիլ Շամուն, Մարք Տաու եւ Հատի Ապուլ Հըսըն: Ժողովին ընթացքին քննարկուեցաւ գաղթականներուն հարցը, որ երկար ժամանակէ ի վեր կայ եւ որ կը նմանի վէրքի մը, որ լիբանանեան քաղաքացիական...

Նախագահ Աուն. «Իմամ Մուսա Սատըրի Կեցուածքները  Կը Շարունակեն Մնալ Լիբանանի Եւ Լիբանանցիներուն  Փրկութեան Համար Աշխատելու Ներշնչարան»

Նախագահ Աուն. «Իմամ Մուսա Սատըրի Կեցուածքները Կը Շարունակեն Մնալ Լիբանանի Եւ Լիբանանցիներուն Փրկութեան Համար Աշխատելու Ներշնչարան»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ թուիթըրեան գրառում մը կատարեց իմամ Մուսա Սատըրի անյայտ կորսուելուն 44-ամեակին առիթով: Նախագահ Աունի գրառումը հետեւեալն էր. «Իմամ Մուսա Սատըրի անյայտ կորսուելուն 44-ամեակին առիթով կը հաստատենք, որ ան տակաւին ներկայ է մեր մէջ` իր միտքով, համերաշխութեան Լիբանանին նկատմամբ հաւատքով ու լիբանանցիները միասնականացնելու իր ջանքերով: Մինչ լիբանանցիները այս դժուար պայմաններուն մէջ կը զգան նման ազգային եւ...

«Հզօր Լիբանան» Համախմբումը Քննարկեց Երկրին Ընկերային Եւ Առողջապահական Զարգացումները

«Հզօր Լիբանան» Համախմբումը Կը Զգուշացնէ Սահմանադրութիւնն Ու Ազգային Ուխտը Շրջանցելով Հանրապետութեան Նախագահի Լիազօրութիւնները Հրաժարած Կառավարութեան Յանձնելէ

«Հզօր Լիբանան» համախմբումը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի: Նիստին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Երեսփոխան Ասաատ Տըրղամի բնակարանին մէջ գումարուած նիստէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ «Հզօր Լիբանան» համախմբումը անհրաժեշտ կը նկատէ լիբանանեան կեցուածքին ամրապնդումը` շրջանային եւ միջազգային զարգացումներուն առընթեր: Համախմբումը...

Մաուլաուի. «Այսօր Պիտի Ներկայացնենք  Բանտարկութեան Տարին Կրճատելու Օրինագիծ Մը»

Մաուլաուի. «Այսօր Պիտի Ներկայացնենք Բանտարկութեան Տարին Կրճատելու Օրինագիծ Մը»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի բանտերը կը դիմագրաւեն հիմնական երեք հարցեր, որոնք են` գերխճողուածութիւն, նկատի ունենալով, որ բանտարկեալներուն 79.1 առ հարիւրը դատավարութեան չեն ենթարկուած տակաւին, ինչպէս նաեւ բժշկութեան եւ սնունդի հարցեր: Ան կոչ ուղղեց դատաւորներուն իրենց ներդրումը ունենալու բանտերու գերխճողուածութեան հարցը լուծելուն մէջ` արագացնելով արգելափակեալներուն դատավարութիւնները: Ան նկատել...

Վարչապետ Միքաթի Դրուատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի  Ուժերուն Պաշտօնավարութիւնը Երկարաձգելու  Ապահովութեան Խորհուրդի Որոշումը

Վարչապետ Միքաթի Դրուատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Պաշտօնավարութիւնը Երկարաձգելու Ապահովութեան Խորհուրդի Որոշումը

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ երեկոյեան դրուատեց հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութիւնը մէկ տարիով երկարաձգելու Ապահովութեան խորհուրդի որոշումը: «Երախտապարտ ենք այդ որոշումին համար, որովհետեւ անոր նպատակն է պաշտպանել հարաւային Լիբանանի խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը` ՖԻՆԻՒԼ-ին եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութեան հիմամբ», ըսաւ ան: Միքաթի հաստատեց, որ ամէն ջանք պէտք է ի գործ դնել զօրակցելու համար ՖԻՆԻՒԼ-ին` վերահաստատելով, որ Լիբանան...

Մորիս Սլիմ Շարաֆէտտինի Հետ Քննարկեց  Տեղահանուածներու Տունդարձի Թղթածրարը

Մորիս Սլիմ Շարաֆէտտինի Հետ Քննարկեց Տեղահանուածներու Տունդարձի Թղթածրարը

Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ Եարզէի մէջ ընդունեց գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտինը, որուն հետ քննարկեց սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի թղթածրարը: Շարաֆէտտին Սլիմին ներկայացուց Սուրիա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները` հաստատելով, որ տեղահանուածներու տունդարձին առումով հսկայ դիւրութիւններ պիտի տրամադրուին: Սլիմի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպանատան գործակատար Ապտալլա Սլէյման Շահինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-քուէյթեան երկկողմանի յարաբերութիւնները: Սլիմ շեշտեց, որ Լիբանան կը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 410 վարակուածներ եւ մահացած է 3 պարագայ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 33.300 լ. ոսկի է: ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ հիւլէականի բանակցութիւնները, ինչպէս նաեւ...

Խորհրդարանական Յանձնախումբերու  Միացեալ Նիստը Քննարկեց  «Քեփիթըլ Քոնթրոլ»-ի Օրինագիծը

Խորհրդարանական Յանձնախումբերու Միացեալ Նիստը Քննարկեց «Քեփիթըլ Քոնթրոլ»-ի Օրինագիծը

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ նախագահեց խորհրդարանական յանձնախումբերու միացեալ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի օրինագիծը: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւէրով կայացած այս նիստին մասնակցեցան ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի, վարչական հարցերու եւ արդարութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան, առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ ծրագրաւորման խորհրդարանական յանձնախումբերը: Նիստէն ետք Պու Սաապ յայտնեց, որ «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի օրինագիծին մասին բազմաթիւ տեսակէտներ կան` աւելցնելով, որ ինք առաջարկած...

Այցելութիւն Բանակի Հրամանատարին

Այցելութիւն Բանակի Հրամանատարին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Պարոյր Տէր Ղուկասեան այցելեցին բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, որուն հետ քննարկեցին երկրի ընդհանուր կացութիւնը եւ յառաջիկայ զարգացումները: ՀՅԴ պատուիրակութիւնը զօր. Աունին յայտնեցին ՀՅ Դաշնակցութեան անվերապահ զօրակցութիւնը լիբանանեան բանակին` իբրեւ երկրի գոյութեան, գերիշխանութեան եւ ապահովութեան անտեղիտալի պաշտպան, որ հակառակ տիրող խոր տագնապներուն, կը շարունակէ ազգային իր պարտականութիւնը բծախնդիր կերպով...

Բանակը Կը Շնորհաւորէ Իր Զինուորները, Երկիրը  Կը Գտնուի Ապահովական Վտանգներու Սեմին,  Իսկ Պետական Ամավարկի Ճակատագիրը Անորոշ Է

Բանակը Կը Շնորհաւորէ Իր Զինուորները, Երկիրը Կը Գտնուի Ապահովական Վտանգներու Սեմին, Իսկ Պետական Ամավարկի Ճակատագիրը Անորոշ Է

«Բարձունքներու արշալոյս»-ը գործողութեան հնգամեակին առիթով լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը, ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրուած գրառումի մը ընդմէջէն հաստատեց, որ իրենք կը խոնարհին ահաբեկչութեան դէմ քաջաբար կռուած, անոր յաղթած եւ զայն Լիբանանէն դուրս շպրտած նահատակ բանակայիններու յիշատակին: Բանակի հրամանատարութիւնը ողջունեց նաեւ այն բանակայինները, որոնք երդուած են շարունակելու պայքարը, իր բոլոր ձեւերով, ինչպէս նաեւ դիմադրելու ապահովական, տնտեսական եւ ընկերային բոլոր մարտահրաւէրներուն` պատիւով, զոհողութեամբ եւ...

Միքաթի Նախագահեց Արեւմտեան Պեքաայի  Եւ Ռաշայայի Մէջ Ելեկտրականութեան  Կացութեան Վերաբերող Նիստի Մը

Միքաթի Նախագահեց Արեւմտեան Պեքաայի Եւ Ռաշայայի Մէջ Ելեկտրականութեան Կացութեան Վերաբերող Նիստի Մը

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց Արեւմտեան Պեքաայի եւ Ռաշայայի մէջ ելեկտրականութեան կացութեան վերաբերող նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան շրջանի երեսփոխաններ Ուաէլ Ապու Ֆաուր, Շարպել Մարուն, Ղասսան Սքաֆ, Եասին Եասին, Ելեկտրականութեան ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Քամալ Հայեք, ինչպէս նաեւ Լիթանիի ջուրի հարցերու ընդհանուր տնօրէն Սամի Ալաուիէ: Նիստէն ետք Եասին յայտնեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է Ժըպ Ժըննինի կայանին յաւելեալ 8 մեկաուաթ...

Մաուլաուի Պուխարիի Հետ Քննարկեց Արաբական  Երկիրներուն Ապահովութեան Վերաբերող Հարցեր

Մաուլաուի Պուխարիի Հետ Քննարկեց Արաբական Երկիրներուն Ապահովութեան Վերաբերող Հարցեր

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս արաբական երկիրներուն ապահովութեան վերաբերող հարցերը: Հանդիպումէն ետք Մաուլաուի շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա Լիբանանի մէջ միայն մէկ համայնքի նեցուկ կանգնելով եւ օժանդակելով չէ սահմանափակուած` աւելցնելով, որ Լիբանան իր որդեգրած բոլոր քաղաքականութիւններն ու յանձնառութիւնները պէտք է...

Page 320 of 988 1 … 319 320 321 … 988

Արխիւներ