Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 29, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 600 վարակուածներ եւ մահացած է 2 պարագայ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 32.500 լ. ոսկի է:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց Իրանի մշակութային հարցերու նոր նշանակուած խորհրդական սէյիտ Քամիլ Պաքերը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ իմամ Մուսա Սատըրի լուսաւորող մտքին արժէքները: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Իմամ Մուսա Սատըր կը մնայ օրինակելի առաջնորդ` աշխարհի բոլոր անկախներուն համար:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու հիմնադրութեան 77-ամեակին առիթով կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Կը վստահինք Լիբանանը պաշտպանելու երթին առումով ձեր ունեցած դերակատարութեան եւ ներկայութեան»:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան շաբաթավերջին նախագահեց Իսլամ կրօնականներու խորհուրդի գերագոյն նիստին, որուն ընթացքին հաստատուեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի նկատմամբ զօրակցութիւնը` կառավարութեան կազմութեան անոր ճիգերուն առումով:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ ընդունեց Համասի քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Սալեհ Արուրին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Քննարկուեցան պաղեստինեան եւ լիբանանեան զարգացումներն ու շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս` Կազայի, Այսրյորդանանի եւ Երուսաղէմի մէջ արձանագրուած վերջին բախումներն ու վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ շրջանին մէջ արձանագրուելիք հաւանական իրադարձութիւնները:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատա յայտնեց, որ Լիբանանի համար փրկութիւն չկայ, եթէ ազգային միասնականութեան վրայ վստահութիւն չըլլայ, ինչպէս նաեւ հրահանգներու ենթարկուելու մօտեցումին վերջ մը չդրուի:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան յայտնեց, որ Լիբանան եւ ամբողջ աշխարհը կը գտնուին ցորենի պատերազմի դիմաց` աւելցնելով, որ ինք պատրաստ է Սէուտական Արաբիա այցելելու` Լիբանանի ունեցած խնձորի բերքին վաճառքը ապահովելու համար:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Անթուան Հապշի Սիտնիի մէջ յայտնեց, թէ իրենք կը պահանջեն հանրապետութեան նախագահ մը, որ Լիբանանի շահերը չի սակարկեր: Ան հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հանրապետութեան նախագահ ընտրութիւնը բնական է, որովհետեւ ան խորհրդարանի մեծագոյն պլոքին նախագահն է եւ քաղաքական հսկայական փորձառութիւն ունի:

ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի հաստատեց, որ իրենք անկարելին պիտի կատարեն օտար երկիրներուն հետ լաւ յարաբերութիւններ ունեցող եւ գերիշխան անձնաւորութիւն մը հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին հասցնելու համար:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտը Լիբանանի համար անձնասպանութիւն է, եւ անոր ժողովուրդին համար` սպանդ: Ան հաստատեց, որ Լիբանան մեծ կարելիութիւններ ունի, եթէ իշխող վերնախաւը լուրջ եւ պարկեշտ գտնուի:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղատա Այյուպ յայտնեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ հանրապետութեան նախագահին դիմագիծը առանձինն փոխուի` առանց տիրող իշխանութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահի աթոռին թափուր մնալուն հաւանականութիւնը մեծ է` աւելցնելով, որ հակասահմանադրական է, որ հանրապետութեան նախագահին լիազօրութիւնները ստանձնէ հրաժարած կառավարութիւն մը: «Նուազագոյն լուծումը պիտի ըլլայ այն, որ Միքաթի իր կառավարութեան համար խորհրդարանին վստահութեան քուէն պահանջէ», յայտնեց ան:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն չմտահոգուելու պատերազմի բռնկումի հաւանականութեամբ, «որովհետեւ Արեւմուտքը կայունութիւն կ՛ուզէ` ապահովելու համար նաւթի եւ կազի արտահանումը», հաստատեց ան:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանի ընդունեց Պաաս կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ալի Հիժազին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հիժազի անդրադարձաւ Իրանի ունեցած կարեւոր դերակատարութեան` Լիբանանն ու շրջանը տարբեր դաւադրութիւններուն ծուղակէն փրկելու իմաստով: Իր կարգին, Ամանի հաստատեց, որ Թեհրան պատրաստ է առանց նախապայմանի նաւթի նուիրատուութիւն կատարելու Լիբանանին, երբ Լիբանանի կառավարութիւնը կ՛ընդունի այդ նուիրատուութիւնը եւ պաշտօնական պատուիրակութիւն մը կը գործուղէ Իրան:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր կոչ ուղղեց Լիբանանի քաղաքական տագնապին համար արմատական լուծում մը ապահովելու, որովհետեւ այդ տագնապը երկրին ու քաղաքացիին համար միայն ցաւ ու վնաս պատճառած է:

ՊԱԱԼՊԵՔ – Հերմել համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ բնական կազի եւ նաւթի Լիբանանի հարստութիւնը երկրին տնտեսական ու ելեւմտական հարցերը լուծելու կարեւորագոյն միջոցն է:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը կա՛մ պիտի ըլլայ հզօր նախագահ մը, որ յանձնառու պիտի ըլլայ ազգային գերիշխանութեան պաշտպանութեան, կա՛մ ալ պիտի ըլլայ նախագահ մը, որուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է Լիբանանի գերիշխանութիւնը խոցելի դարձնող համաձայնութիւններ ստորագրելու: Ան կոչ ուղղեց մնալու զգաստ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի կոչ ուղղեց երկրին տագնապներուն լուծումը չակնկալելու` նկատի ունենալով երկրին մէջ տիրող համայնքային մշակոյթը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին հաստատեց, որ երկրին քաղաքական ուժերը պէտք է լրջութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ կողմնորոշուին` դիմագրաւելու համար Լիբանանի մէջ տիրող մարտահրաւէրները:

 

 

Նախորդը

Արժանավայել Խաղաղութեան Պայմանը

Յաջորդը

Ժոմպլաթ Կը Զգուշացնէ Ամբողջական Դատարկութեան Մատնուելէ

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.