Նախագահական Ընտրութեան Իմաստով Նախագահ Աուն
Յանձնառու Կը Մնայ Սահմանադրական Իր Երդումին
Շաբաթ երեկոյեան ժամը 5:30-ին, նախագահական պալատը հրապարակեց խիստ ոճով հաղորդագրութիւն մը, որ կը վերաբերէր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հասցէին կատարուած անճիշդ լուրերուն եւ գրգռութիւններուն:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ նոր կառավարութեան կազմութեան մասին քննարկումներուն սկսելէն ի վեր լսատեսողական լրատուամիջոցներն ու գրաւոր մամուլը կը տարածեն այնպիսի լուրեր, վերլուծումներ եւ յօդուածներ, որոնք նախագահ Աունին կը վերագրեն կեցուածքներ, քայլեր եւ դասաւորումներ, որոնք իրականութեան մէջ ենթադրութիւններ են, օդին մէջ կրակոցներ, ինչպէս նաեւ շինծու լուրեր եւ տարաձայնութիւններ:
«Այդ բոլորը մաս կը կազմեն հանրապետութեան նախագահութեան պաշտօնը եւ հանրապետութեան նախագահին անձը թիրախ դարձնելու մնայուն ճիգերուն: Անոնք մերթ նախագահ Աունին կը վերագրեն կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը ձախողցնելու փափաքը, մերթ կը դատապարտեն զայն նախագահական նստաշրջանի ժամկէտի աւարտէն ետք սահմանադրութիւնը շրջանցելու միտումներ ունենալով: Եւ հակառակ այն կեցուածքներուն, որոնք անձամբ յայտնուած են նախագահ Աունի կողմէ, եւ երբեմն նաեւ նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակին կողմէ` ջրելու համար այս տարաձայնութիւնները, կարգ մը քաղաքական անձնաւորութիւններ եւ լրագրողները կը շարունակեն հնարել բեմագրութիւններ, որոնք կը միտին չարիք հասցնել եւ լիբանանեան ու միջազգային հանրային կարծիք ձեւաւորել` խաբէութեան հիման վրայ:
«Ճիշդ է, որ հանրապետութեան նախագահութիւնը կը շրջանցէ չարիքն ու սուտասանութիւնը եւ կը բաւարարուի պարբերաբար իր կեցուածքները յստակացնելով, սակայն կարգ մը քաղաքական անձնաւորութիւններ եւ լրագրողներ հասած են համայնքային եւ յարանուանական սադրանքներ նախապատրաստելու` քաղաքական եւ կրօնական հեղինակութիւններուն յղած իրենց կոչերուն ընդմէջէն: Անոնք կոչ կ՛ուղղեն նշեալ հեղինակութիւններուն լուռ չմնալու սահմանադրութեան եւ Թաէֆի համաձայնագիրի խախտումներուն, ինչպէս նաեւ յեղաշրջումներուն նկատմամբ: Նշեալ անհատները կ՛օգտագործեն այնպիսի բառամթերք, որոնք գրգռութիւններ կը հրահրեն` բացայայտելով իրենց յետին նպատակները, եւ կը միտին շեղել հանրային կարծիքը եւ սադրանքներ պատճառել` ծառայելու համար իրենց նպատակներուն եւ գոհացնելու համար այն ուժերը, որոնք կը զօրակցին իրենց` Լիբանանի մէջ եւ անկէ դուրս: Այդ ուժերն են, որոնք նման սուտասաններ կ՛օգտագործեն` թիրախ դարձնելու համար Լիբանանի կայունութիւնը եւ տկարացնելու համար լիբանանեան միասնականութիւնը` ազգային եւ ապահովական մակարդակներու վրայ: Անոնք նաեւ այն ուժերն են, որոնք երկիրը տնտեսական եւ նիւթական մակարդակներուն վրայ խեղդած են` պատճառելով կենցաղային հսկայական հարցեր ու տագնապներ:
«Նախագահական նստաշրջանի ժամկէտը աւարտելէն ետք, հանրապետութեան նախագահին կեցուածքներուն, որոշումներուն եւ քայլերուն մասին բոլոր ենթադրութիւնները, բացատրութիւններն ու մեկնաբանութիւնները կը նկատուին սուտերու եւ տարաձայնութիւններու խառնուրդ մը, որուն կարելի չէ վստահիլ: Բոլորին ուշադրութեան կ՛ուզենք յանձնել, որ հանրապետութեան նախագահը անձամբ կամ նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակին միջոցով կը յայտնէ իր կեցուածքները:
Նախագահական պալատը կը զգուշացնէ անճիշդ լուրեր տարածելէ եւ համայնքային ու յարանուանական գրգռութիւններ հրահրելէ` հանրային կարծիքը շեղելու եւ երկրին ապահովական կայունութիւնը հարուածելու նպատակով: Կը հաստատենք, որ այդ փորձերը բացայայտուած են, եւ յստակ է, թէ անոնց ետին որո՛նք կը կանգնին: Կոչ կ՛ուղղենք լիբանանցիներուն զգուշանալու յետին նպատակներէն, որոնք կը ներկայացնեն այն վարձկանները, որոնք կը փորձեն խուսափիլ լիբանանցիներու իրաւունքներուն դէմ գործուած ոճիրներուն պատասխանատուութենէն: Անոնք կը շարունակեն կառչած մնալ այն կասկածելի դերակատարութեան, երբ անոնց անցեալն ու ներկան կը փաստեն իրենց ճշմարտութիւնը:
«Նոր կառավարութեան կազմութեան մասին նախագահ Աունի կեցուածքները հիմնուած են ազգային համագործակցութիւնը պաշտպանելու կարեւորութեան, Ազգային ուխտը պահպանելու եւ Լիբանանի դիմագրաւած դժուար պայմանները շրջանցելու իմաստով երկրին մէջ դրական մթնոլորտ ապահովելու մասին անոր համոզումներուն վրայ: Իսկ ինչ կը վերաբերի նախագահական ընտրութեան հոլովոյթին, ապա նախագահ Աուն, որ երկրին սահմանադրութիւնը գործադրելու համար երդուած է, իր իշխանութեան ընթացքին բոլոր լիազօրութիւնները գործադրած է` յանձնառու մնալով սահմանադրութեան, եւ օր մը օրանց իր խոստումը չէ դրժած: Յոյսով ենք, որ այս բոլորը վերջ մը կը դնեն տարաձայնութիւններուն, սուտերուն եւ տարբեր հեքիաթներուն, որոնք կը հնչեն տարբեր լրատուամիջոցներու եւ քաղաքական լսարաններու կողմէ: Հաւանաբար նաեւ օգտակար է մէջբերել հին ասացուածք մը, որ կ՛ըսէ, թէ ապօրինի ծնունդները նախագահին ըսել կու տան այն, ինչ որ ինք չէ ըսած, եւ զայն պատասխանատու կը նկատեն այն քայլերուն, որոնք չէ առած», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:


