Լիբանանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի յատուկ ներկայացուցիչի տեղակալ Էթի Հիկընզ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ երիտասարդներու անգործութեան համեմատութիւնը հասած է 70 առ հարիւրի, իսկ դպրոցը լքող աշակերտներուն համեմատութիւնը` 55 առ հարիւրի` աւելցնելով, որ այս համեմատութիւնները մտահոգիչ են իրենց համար:
Հիկընզ հաստատեց, որ այս համեմատութիւնը իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ ամբողջ Լիբանանի տարածքին գործադրուող կրթական ծրագիրին վրայ, որովհետեւ եթէ լիբանանցի երիտասարդները առանց ուսման եւ կրթութեան կազմաւորուին, ապա Լիբանանի ապագան պիտի վտանգուի:
«ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի կատարած բոլոր վիճակագրութիւններուն եւ խորհրդակցութիւններուն ընթացքին լիբանանցի երիտասարդները հաստատեցին, որ իրենք Լիբանանի հանդէպ իրենց յոյսը կորսնցուցած են` աւելցնելով, որ անոնց մեծ մասը օտար երկիրներու մէջ աշխատանքի առիթներ կ՛որոնեն, որովհետեւ անգործ դարձած են եւ ելեւմտական առումով հսկայական հարցերու եւ վտանգներու դէմ յանդիման կը գտնուին: Անոնց մեծ մասը վտանգաւոր աշխատանքներու մէջ կը գտնուին եւ շատ չնչին օրապահիկ ստանալով կը փորձեն գոյատեւել», ըսաւ Հիկընզ:
Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ անգործութեան համեմատութեան արձանագրած յաւելումին զուգահեռ, աճ կ՛արձանագրեն նաեւ մտային խանգարումներու պարագաները` աւելցնելով, որ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի գլխաւոր յանձնառութիւնը լիբանանցի երիտասարդներուն օժանդակել է, որպէսզի անոնք կարենան արհեստի եւ արուեստի վարժութիւններ կատարել ու աշխատանքի առիթներ ստանալ` տարբեր մարզերու մէջ: «ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի յանձնառութիւնը կը մնայ նաեւ անգրագիտութեան վերջ տալ», հաստատեց Հիկընզ:
Ան ընդգծեց, որ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը երիտասարդներու հետ կ՛աշխատի` նշելով, որ ան կը ձգտի գիւղական շրջաններուն մէջ բարգաւաճման ծրագիրներ յաջողցնել: