Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միւֆթի Տըրիան. «Սէուտական Կամ Որեւէ Արաբական Դեսպանատան Դէմ Սպառնալիք Կը Նկատուի Լիբանանի Ապահովական Կայունութեան Դէմ Սպառնալիք»

August 30, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին միւֆթի Տըրիան բարձր գնահատեց Սէուտական Արաբիոյ կողմէ չափաւորականութեան տարածումը, ինչպէս նաեւ արաբական եւ իսլամական դատերուն զօրակցութիւնը:

Միւֆթի Տըրիան շնորհակալութիւն յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ կողմէ Լիբանանին ցուցաբերուած զօրակցութեան համար, ինչպէս նաեւ երկրին կայունութեան եւ լիբանանցիներուն անվտանգութեան յանձնառու մնալու անոնց պատրաստակամութեան համար:

Միւֆթի Տըրիան կոչ ուղղեց Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն չլքելու Լիբանանը, յատկապէս անոր դիմագրաւած ծանր տագնապներուն ընթացքին:

«Սէուտական կամ որեւէ արաբական դեսպանատան դէմ սպառնալիք կը նկատուի Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ ազգային անվտանգութեան դէմ սպառնալիք», շեշտեց միւֆթի Տըրիան:

Հանդիպումէն ետք Պուխարի յայտնեց, որ միւֆթի Տըրիան Լիբանանի ազգային միասնականութեան գլխաւոր խորհրդանիշներէն է` աւելցնելով, որ Սէուտական Արաբիա յանձնառու կը մնայ Լիբանանի կրօնական` իսլամական թէ քրիստոնէական հեղինակութիւններն ու կառոյցները պահպանելու եւ յարգելու անհրաժեշտութեան, որովհետեւ անոնց վստահուած է երկրին ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը: «Կը մերժենք իսլամականութիւնը օգտագործել իբրեւ  ծայրայեղութիւն, ահաբեկչութիւն եւ ատելութիւն գրգռող քաղաքական նպատակներու ծածկոյթ», ըսաւ ան:

Միւֆթի Տըրիանի այցելեց նաեւ բարեկարգչական երեսփոխան Ուատտահ Սատեք, որ յայտնեց, թէ իրենք կրօնական իմաստով յանձնառու կը մնան Տար Ֆաթուայի որոշումներուն եւ կեցուածքներուն` աւելցնելով, որ միւֆթին հիմնական դերակատարութիւն ունի կրօնական եւ ազգային կեանքին մէջ: «Ժողովուրդին ցաւերն ու տառապանքը մեղմացնելու համար մենք կարիքը ունինք Տար Ֆաթուայի օժանդակութեան եւ ուղղութիւններուն», շեշտեց Սատեք:

 

Նախորդը

Հալապի. «Կրթաթոշակները Պէտք Է Լիբանանեան Դրամանիշով Ըլլան»

Յաջորդը

Ընդհանուր Ապահովութեան 77-Ամեակի Նշում

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.