Լիբանանեան ծովուժի հրամանատար գնդապետ-զօրավար Հայսամ Տաննաուի երէկ Թրիփոլիի մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ Թրիփոլիի մէջ ծովամոյն դարձած նաւուն վերաբերող զարգացումներուն:
Տաննաուի անդրադարձ կատարեց մահուան նաւը դուրս բերելու հոլովոյթին` աւելցնելով, որ կան նոր փաստեր, որոնք պիտի յանձնուին դատական իշխանութիւններուն` յուսալով, որ անոնք կը մեղմացնեն զոհերու ընտանիքներուն ցաւերը:
Տաննաուի հաստատեց, որ լիբանանեան բանակի ծովուժը իր բոլոր կարողութիւնները զետեղած է հնդկական սուզանաւին ու անոր անձնակազմին տրամադրութեան տակ` աւելցնելով, որ այդ գործակցութեան եւ աշխատանքներուն մանրամասնութեամբ, բծախնդրօրէն եւ թափանցիկութեամբ կը հետեւի բանակի հրամանատարը:
Տաննաուի շեշտեց, որ բանակի հրամանատարութիւնը ծայր աստիճան գործակցեցաւ, որպէսզի սուզանաւը հասնի Լիբանան եւ իր առաքելութիւնը կատարէ: Ան նշեց, որ բանակը իր բոլոր կարելիութիւնները տրամադրեց, որպէսզի կարելի ըլլայ նաւը գտնել եւ աշխատիլ զայն դուրս բերել:
«Դժուարութիւնները մեծ էին, սակայն ի վերջոյ կրցանք սուզանաւը ապահովել: Բանակը մեզի սորվեցուցած է ինչպէս զոհուիլ ժողովուրդին համար, եւ բանակը ժողովուրդին մաս կը կազմէ», յայտնեց ան:
Աւելի ուշ կարելի եղաւ մահուան նաւուն մէջ գտնել 7 անձերու աճիւններ:
Նշենք, որ նախանցեալ օր Թրիփոլիի Ֆանար-Ռամքին կղզիի հանդիպակաց շրջանին մէջ, ծովամոյն դարձած նաւը փնտռելու եւ զայն դուրս բերելու աշխատանքներուն շրջագիծին մէջ, կարելի եղաւ գտնել 459 մեթր ծովուն խորերը գտնուող նաւը:
Մաքքիէ Հանդիպում Մը Կ՛ունենայ Ռումիէի
Արգելափակեալներուն Ընտանիքները
Ներկայացնող Պատուիրակութեան Մը Հետ
Կառավարութեան ընդհանուր քարտուղար, դատաւոր Մահմուտ Մաքքիէ, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի յանձնարարութեամբ, երէկ յետմիջօրէին ընդունեց Ռումիէի արգելափակեալներուն ընտանիքները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան արգելափակեալներուն վիճակը, յատկապէս նկատի ունենալով այն լուրերը, թէ բանտին մէջ տիրող ապառողջ պայմաններուն պատճառով մահացած են կարգ մը բանտարկեալներ:
Հանդիպումէն անմիջապէս ետք եւ վարչապետ Միքաթիի պահանջով, Մաքքիէ նամակ մը յղեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիին` անկէ պահանջելով անմիջական հետաքննութիւն բանալ եւ համապատասխան միջոցառումներուն դիմել` լուծելու համար տիրող վատառողջ իրավիճակը, եթէ այդ լուրերուն իսկութիւնը փաստուի:
ՄԻՒՍ կողմէ, ելեւմուտքի նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ նախարարութիւնը 10 միլիառ լ. ոսկիի փոխանցում մը կատարած է բանտերուն` արգելափակեալներուն սնունդի ծախսերը հոգալու նպատակով:


