Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմը, որուն հետ քննարկեց երկրին մէջ տիրող ապահովական իրավիճակը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ բանակին կարիքները, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան նախարարութեան պատկանող այլ կառոյցներու գործունէութիւնը:
Նախագահ Աուն եւ Սլիմ անդրադարձան նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն Լիբանանի մէջ պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու կարելիութեան` նկատի ունենալով, որ այդ հարցը քանի մը օրէն պիտի քննարկուի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտին, որ նախագահ Աունին ներկայացուց Սուրիա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները, ինչպէս նաեւ սուրիացի պատասխանատուներու հետ իր ունեցած խորհրդակցութիւններուն մանրամասնութիւնները, որոնք կը վերաբերէին Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին:
Շարաֆէտտին յայտնեց, որ նախագահ Աունին ներկայացուցած է Դամասկոս կատարած իր դրական այցելութեան արդիւնքները, ինչպէս նաեւ այն դիւրութիւնները, որոնք սուրիական իշխանութիւններուն կողմէ պիտի տրամադրուին տունդարձ կատարող տեղահանուածներուն:
Պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ արդեօք արգելքներ կա՞ն, որոնք կը խոչընդոտեն սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը, Շարաֆէտտին յայտնեց, որ Լիբանան տեղահանուածներուն վերաբերող 1951-ի համաձայնագիրը, ինչպէս նաեւ 1967-ի արձանագրութիւնը չէ ստորագրած, «հետեւաբար ոչինչ կ՛արգիլէ, որ սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով եւ արժանապատիւ տունդարձը կազմակերպուի` Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ», յայտնեց ան:
Շարաֆէտտին յայտնեց, որ ինք լաւատես է, յատկապէս նկատի ունենալով, որ այդ թղթածրարը նախագահ Աունի հովանաւորութեան տակ կը գտնուի:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ: Քննարկուեցան երկրին իրադարձութիւններն ու ելեկտրականութեան եւ վառելանիւթին վերաբերող զարգացումները:
Ֆայեատ յայտնեց, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան կողմէ ստացած են որոշում մը, որ կը թելադրէ սակի բարձրացում կատարել` ելեկտրական հոսանքի մատակարարումի յաւելումին դիմաց: «Այս իմաստով կը սպասենք կառավարութեան վաւերացումին», ըսաւ Ֆայեատ` նշելով, որ այդ մէկը կարելի կ՛ըլլայ կատարել նախարարաց խորհուրդին կողմէ տրամադրուելիք արտակարգ վաւերացումով, որ կը տրուի վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ:
Ֆայեատ նշեց, որ Իրաքի հետ համաձայնութիւնը Լիբանանի համար 40 հազար թոն նաւթ կրնայ ապահովել, մինչդեռ Լիբանան կարիքը ունի 110 հազար թոն նաւթի` օրական 9 ժամ ելեկտրական հոսանք տրամադրելու համար:
«Հետեւաբար մենք դատապարտուած ենք այլ երկիրներէ օժանդակութիւն ստանալու, իսկ Ալճերիա պատրաստ է մեզի աջակցելու եւ նաւթ տրամադրելու», ըսաւ ան:
Ֆայեատ ընդգծեց, որ ինք Ալճերիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպում մը ունեցած է եւ կը պատրաստուի Ալճերիա կատարելիք յաջորդ այցելութեան: «Բայց եւ այնպէս պէտք է լուծել «Սոնաթրաք» ընկերութեան հարցը», յայտնեց Ֆայեատ` աւելցնելով, որ նախագահ Աուն ամէն ջանք ի գործ կը դնէ դիւրացնելու համար այս ռազմավարութիւնը:


