Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ շաբաթավերջին Մուխթարայի պալատին մէջ ընդունեց ժողովրդային պատուիրակութիւն մը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ իմացաւ անոնց պահանջները:
Հանդիպումին ընթացքին Ժոմպլաթ զգուշացուց ամբողջական դատարկութեան մատնուելէ: Այս շրջագիծին մէջ ան կոչ ուղղեց ճիգ չխնայելու` սահմանադրական գործընթացները գործադրելու ուղղութեամբ, որպէսզի կարելի ըլլայ շրջանցել երկրին անդամալուծութիւնն ու ամբողջական քայքայումը:
Ժոմպլաթ անհրաժեշտ նկատեց մաքսատնային տոլարի փոխարժէքին ճշդումը` արդար հիմքի վրայ, հասնելու պետական ամավարկի մը, որ նկատի կ՛ունենայ ելեւմտական հաւասարակշռութիւնը, ինչպէս նաեւ վերատեսութեան ենթարկելու ընկերային եւ առողջապահական օժանդակութիւններն ու աշխատավարձերը:
Ժոմպլաթ անհրաժեշտ նկատեց, որ Ելեկտրականութեան թղթածրարին առումով բարեկարգչական քայլերու դիմուի, եւ Ելեկտրականութեան մարզի տնօրինման խորհուրդ մը կազմուի` ելեկտրական հոսանքի մատակարարումը բարելաւելու եւ անոր փոխարէն ելեկտրական հոսանքի ծառայութեան համար ճշդուած սակը բարձրացնելու, ինչպէս նաեւ Յորդանանէն ելեկտրականութիւն ներածելու համաձայնագիրը կեանքի կոչելու նպատակով:
Նշենք, որ պատուիրակութիւնը հիմնականին մէջ Ժոմպլաթին ներկայացուց ելեկտրականութեան հոսանքի, ջուրի եւ մազութի վերաբերող իր պահանջները:
Ժոմպլաթ պարտականութիւն տուաւ երեսփոխաններ Ուաէլ Ապու Ֆաուրի, Աքրամ Շեհայէպի, Պիլալ Ապտալլայի, Ռաժի Սաատի, Ֆայսալ Սայեղի եւ Հատի Ապուլ Հըսընի, ինչպէս նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասերի, հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունենալու վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի հետ` լուծելու համար այս հարցերը:


