Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը Կոչ Կ՛ուղղէ Նախագահական Ընտրութիւնը Կատարելու` Սահմանադրութեամբ Ճշդուած Ժամկէտին

August 27, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ Հարեթ Հրէյքի մէջ նախագահեց պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին իրադարձութիւնները:

Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը ընդգծեց իր անշեղ կեցուածքը, որ պիտի վերահաստատուի 31 օգոստոս 2022-ին, ինչպէս նաեւ իր յանձնառութիւնը եւ դատապարտումը` իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն` շէյխ Մոհամետ Եաագուպի եւ լրագրող Ապպաս Պատրէտտինի առեւանգումին:

Պլոքը շեշտեց, որ իմամ Մուսա Սատըրի առեւանգումին նպատակն էր կասեցնել մարդկային իրաւունքը պաշտպանող ձայնը, որ կը պայքարէր անիրաւութեան դէմ եւ թշնամիին դէմ դիմադրութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէր` ապահով, գերիշխան եւ արժանապատիւ կեանք մը ապրելու, գերիշխան եւ անկախ երկրի մը մէջ ապրելու, ինչպէս նաեւ Պաղեստինեան դատին նման արդար դատի մը յաղթանակը ապահովող շրջան մը կերտելու համար:

Պլոքը հաստատեց, որ իրենք կառչած կը մնան իմամ Մուսա Սատըրի սկզբունքներուն եւ կ՛երդնուն շարունակել անոր ուղիով, ինչպէս նաեւ կը խոստանան օժանդակել անյայտ կորսուած Մուսա Սատըրն ու անոր ընկերակիցները որոնելու աշխատանքներուն, որոնք կը գործադրուին Ամալ շարժումին եւ Սատըրի ու անոր ընկերակիցներուն ընտանիքներուն կողմէ` իրաւունքը յանձնելու իրաւատիրոջ, ինչպէս նաեւ երաշխաւորելու համար արդարութիւնն ու պահպանելու համար մարդկային արժանապատուութիւնը:

Հըզպալլայի եւ իսլամական Դիմադրութեան 40-ամեակին առիթով պլոքը ընդգծեց իր կառչածութիւնը Հըզպալլայի կեցուածքներուն, ինչպէս նաեւ շեշտեց օրէնսդրական, բարեկարգչական, բարգաւաճման ու ծառայողական մարզերուն մէջ իր ճիգերուն շարունակութիւնը` ազգային եւ բարոյական սկզբունքներուն եւ արժէքներուն համապատասխան:

Պլոքը շեշտեց նաեւ, որ հաւատարիմ կը մնայ Դիմադրութեան նահատակներուն յիշատակին, որոնք իրենց թափած արեամբ ազատագրեցին հայրենիքը, պաշտպանեցին գերիշխանութիւնը եւ պահպանեցին մարդկային արժանապատուութիւնը:

Նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած դժուար պայմանները, որոնց ընթացքին մեծ ճնշումներ կը բանեցուին անոր վրայ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու, պլոքը կոչ ուղղեց ճիգ չխնայելու եւ ամէն ձեւի դիմելու, որպէսզի կարելի ըլլայ կազմել կառավարութիւն մը, որ իր կարգին ստանձնէ քաղաքական, վարչական, տնտեսական եւ այլ պատասխանատուութիւններ:

Պլոքը կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու` սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին,  ինչպէս նաեւ յիշեցուց բոլորը` գործադրելու իրենց ազգային պատասխանատուութիւնը` իրագործելու համար այս նուաճումը եւ երկիրը պահելու գերիշխան, ազատ ու անկախ:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը շեշտեց առանց հապճեպի մատնուելու մաքսատնային տոլարի սակը քննարկելը եւ ճշդելը, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ նկատեց, որ մաքսատնային յստակ ծրագրաւորում մը կատարուի` իրականացնելու համար ներածումներու դրութիւն մը, որ քաղաքացիներուն կեանքին վրայ ճնշում չբանեցնէ, ինչպէս նաեւ շուկայի սակերը հակակշիռի տակ պահէ:

Պլոքը կարեւոր նկատեց նաեւ, որ քաղաքացիներուն շահերուն պաշտպանութեան ու պետական գործառնութիւնները արգելակող պատճառներուն վերացումը կատարուի պատասխանատուներուն կողմէ, որովհետեւ այդ արգելքները, յատկապէս` դատական եւ վարչական մարզերուն մէջ, կուտակուելու պարագային անոնք շատ ծանր հետեւանքներ պիտի ունենան լիբանանեան հասարակութեան վրայ:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ընդհանուր Ապահովութեան 77-Ամեակ. Ապպաս Իպրահիմ. «Կը Գտնուինք Ահարկու Վտանգներու Դիմաց, Եւ Այդ Պատճառով Պէտք Է Մնանք Կազմ Ու Պատրաստ»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.