Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 30, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 564 վարակուածներ եւ մահացած է 1 պարագայ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 32.200 լ. ոսկի է:

ՊԵՏԱԿԱՆ անվտանգութեան կառոյցի Պընթ Ժպէյլի բաժանմունքը երէկ ձերբակալեց ՏԱՀԵՇ-ին պատկանող բջիջ մը, որ նախապէս Սուրիոյ մէջ կռուած է եւ ապօրինի կերպով Լիբանան մուտք գործած է եւ հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ գիւղաքաղաքներուն մէջ բնակութիւն հաստատած` շարունակելով շրջանի ապահովական հսկողութեան իր աշխատանքը, ինչպէս նաեւ կեղծած է օտար դրամանիշեր եւ թմրեցուցիչ մաքսանենգած: Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը հաստատեց, որ այս իմաստով հետաքննութիւնները կը շարունակուին:

«ԷՄ. ՔԱ.» տիպի իսրայէլեան օդանաւեր երէկ կէսօրին թռիչքներ գործեցին Մազարեհ Շեպաայի վերեւ, ինչպէս նաեւ հետախուզական թռիչքներ կատարեցին Հասպայայի եւ Արքուպի վերեւ` հասնելով մինչեւ Շէյխի լեռներ: Իսրայէլեան օդուժը այս թռիչքներով ոտնձգութիւններ գործեց լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ եւ խախտեց Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը:

ԹՐԷՅՍԻ Շամուն յայտարարեց նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութիւնը` աւելցնելով, որ ինք հանրապետութեան նոր պատկերացում մը ունի եւ պիտի փորձէ գտնել այնպիսի կէտեր, զորս կարելի է օգտագործել Լիբանանը արտաքին բախումներէ չէզոքացնելու նպատակով:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի սակը սղած է 14.000 լ. ոսկիով, իսկ մազութին սակը նուազած է 4000 լ. ոսկիով եւ պիւթակազինը` 11.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 589.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 602.000 լ. ոսկի, մազութը` 705.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 319.000 լ. ոսկի:

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Սաատէ Շամի յայտնեց, որ խորհրդարանին կողմէ մօտիկ ապագային 2022-ի պետական ամավարկի վաւերացումը անհրաժեշտ է` աւելցնելով, որ մաքսատնային տոլարի փոխարժէքը պէտք է համազօր ըլլայ «Սայրաֆա»-ի հարթակի սակին:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ յայտնեց, որ ինք չի նախատեսեր, թէ այսօրուան խորհրդարանական յանձնախումբերու միացեալ նիստին ընթացքին «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ը վաւերացուի: Ան հաստատեց, որ ինք նախանձախնդիր է իրերայաջորդ նիստեր գումարելու եւ «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ը վաւերացնելու կամ մերժելու: Պու Սաապ ընդգծեց նաեւ, որ «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի նախագիծը եւ անոր մասին կատարուած դիտողութիւնները պէտք է նկատի առնուին` պահպանելու համար դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն իրաւունքները:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր կոչ ուղղեց համաձայնութիւն մը գոյացնելու «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի վերջնական տարբերակին շուրջ, ինչպէս նաեւ կառչած մնալու այն կեցուածքին, որ պէտք չէ զայն վաւերացնել` նախքան բարեկարգումներու որդեգրումը:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասսատ Տըրղամ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան իմաստով այս շաբաթ ճակատագրական պիտի ըլլայ: Ան հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով տակաւին մեծ յոյսեր կան: Տըրղամ հաստատեց, որ եթէ կառավարութիւնը կարելի չըլլայ կազմել, ապա անոր հետեւանքները շատ վատ պիտի ըլլան: «Հանրապետութեան նախագահը սահմանադրութիւնը կը յարգէ, եւ զինք ճանչցողը լաւ գիտէ, թէ ան 31 հոկտեմբերի գիշերը պիտի հեռանայ նախագահական պալատէն», ըսաւ ան:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ուալիտ Պաարինի յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի անկիւնադարձային կացութեան մէջ` նախագահական ընտրութեան թէ կառավարութեան կազմութեան առումով:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ հաստատեց, որ Լիբանանը Իսրայէլի գերին դարձնելու փորձերը զգալի են` աւելցնելով, որ ի՛նչ ալ ըլլան պայմանները Դիմադրութիւնը կարելի պիտի չըլլայ նուաստացնել:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա հաստատեց, որ պէտք է հիմնականին մէջ նկատի ունենալ ուսանողներուն եւ աշակերտներուն ծախսերը հոգացողներուն տառապանքը եւ անոնց մտահոգութիւնը: Ան նշեց, որ կրթական մարզին մէջ պէտք չէ վերադառնալ դասակարգային ուսման:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ հիմնական հարցը համայնքային դրութիւնն է եւ վարչական սխալ տնօրինումը: Քպայսի խստիւ դատապարտեց դիմադրող եւ յաղթանակ արձանագրած կողմին դէմ պայքարն ու զայն պատժել փափաքողներուն ճիգերը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ սահմանադրական հաստատութիւններուն մէջ ստեղծուելիք դատարկութիւնը մերժելի է իրենց համար: Միւս կողմէ, ան շեշտեց, որ պլոքը համաձայն է, որ 2022-ի պետական ամավարկին մէջ պետական մարզի պաշտօնեաներուն արդար աշխատավարձ ճշդուի:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք խստիւ քննադատեց Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարին պարագային արձանագրուող ամերիկեան միջամտութիւնները` հաստատելով, որ այդ քայլերը լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ բացայայտ ոտնձգութիւններ կը նկատուին:

«ՄԱՆԱՐ» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, օտար երկիրներու մէջ գտնուող լիբանանցի դեսպաններ կ՛ուղղուին գործադուլ մը կատարելու` իրենց աշխատավարձերը չստանալուն պատճառով: Դեսպանները կը հաստատեն, որ դեսպանատուներուն մէջ տիրող պայմանները անհանդուրժելի դարձած են:

 

Նախորդը

Կարտինալ Գրիգոր-Պետրոս Ժե. Աղաճանեանի Կիսանդրիի Բացում

Յաջորդը

Հալապի. «Կրթաթոշակները Պէտք Է Լիբանանեան Դրամանիշով Ըլլան»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.