Կրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ թիւ 515 օրէնքով յստակ դարձած է, որ լիբանանեան դպրոցները իրենց ամավարկը կը մշակեն լիբանանեան դրամանիշին հիման վրայ, հետեւաբար լիբանանեան բոլոր դպրոցներուն կրթաթոշակները պէտք է լիբանանեան դրամանիշով ըլլան:
Ան հաստատեց, որ այս իմաստով նախարարութեան կեցուածքը յստակ է, որ դպրոցներուն ամավարկերն ու կրթաթոշակները պէտք է լիբանանեան դրամանիշով ըլլան:
Հալապի յայտնեց, որ դպրոցական կրթաթոշակին պարագային կատարուելիք յաւելումները պէտք է ընդունելի ըլլան:
Ան շեշտեց, որ բոլոր դպրոցները ունին յաւելեալ եկամուտներ, որոնք երբեմն տոլարով կ՛ըլլան, «հետեւաբար անոնք ստիպուած են աշակերտներուն ընկերային օժանդակութիւններ տրամադրելու», ըսաւ ան:
Հալապի նշեց, որ իր ակնկալութիւնն է, որ դպրոցներուն տարեկան ամավարկերը մեծ թիւով ընկերային օժանդակութիւններ բովանդակեն, «իսկ եթէ անոնք ընկերային օժանդակութիւններ չբովանդակեն, ապա իբրեւ նախարար իրաւունք ունիմ մերժելու այդ ամավարկերը», ըսաւ ան:
Հալապի հաստատեց, որ անկարելի է արտօնել, որ աշակերտ մը դպրոցէն դուրս դրուի, եթէ անոր ծնողները տոլարով վճարելու կարելիութիւն չունին: Ան աւելցուց, որ կրթաթոշակին արձանագրած յաւելումի հարցը կը լուծուի դպրոցի տնօրէնութեան եւ ծնողական խորհուրդին միջեւ:
Հալապի ընդգծեց, որ այս փուլը սեփական դպրոցներուն կողմէ շահեր ապահովելու ժամանակաշրջանը չէ, այլ` գոյատեւելու:
Միւս կողմէ, սեփական դպրոցներուն մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներու սենտիքայի նորընտիր նախագահ Ռուտոլֆ Ապպուտ շեշտեց, որ կարելի չէ կրթական տարեշրջանին սկսիլ առանց տոլարով աշխատավարձ ստանալու:
Ան նշեց, որ Լիբանանի մէջ չկայ դպրոց մը, որ ուսուցիչի պակասի հարց չունենայ` ամբողջացնելու իր ուսուցչական կազմը, որովհետեւ ուսուցիչներու մեծ թիւ մը արտագաղթած է:
Ապպուտ յայտնեց, որ իրենց համար կարեւոր է ուսուցիչներուն ստանալիք տոլարի համեմատութիւնը` նկատի ունենալով, որ դպրոցները կրթաթոշակին մէկ մասը տոլարով պիտի գանձեն ծնողներէն:
«Եթէ անյստակ ըլլայ ուսուցիչին աշխատավարձն ու անոր գանձելիք տոլարի համեմատութիւնը եւ աշխատավարձը ստանալու ձեւը, ապա ոչ մէկ ուսուցիչ մուտք պիտի գործէ դպրոց», հաստատեց ան:
Նշենք, որ Կաթողիկէ դպրոցներու ընդհանուր քարտուղար հայր Եուսեֆ Նասըր յայտնեց, որ դպրոցները չեն միտիր կրթաթոշակը տոլարով գանձել` աւելցնելով, որ կրթաթոշակը լիբանանեան դրամանիշով պիտի ըլլայ, «սակայն անոր կողքին պիտի հաստատուի օժանդակութեան ֆոնտ մը, որուն մէկ բաժինը տոլարով պիտի գոյանայ եւ ուսուցիչներուն տոլար պիտի տրամադրէ իբրեւ օժանդակութիւն: Պէտք է իրապաշտ ըլլանք եւ հաստատենք, որ առանց տոլարի համեմատութիւն մը վճարելու կարելի պիտի չըլլայ կրթական տարեշրջանին սկսիլ», յայտնեց ան:
Հայր Եուսեֆ Նասըր շեշտեց, որ այն աշակերտը, որուն ծնողքը չի կրնար տոլարով վճարել, դպրոցէն դուրս պիտի չդրուի` աւելցնելով, որ դպրոցին մէջ ընկերային օժանդակութեան նոր քաղաքականութիւն պիտի որդեգրուի` ծնողներուն բեռը դիւրացնելու նպատակով:


