Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընդհանուր Ապահովութեան 77-Ամեակի Նշում

Օգոստոս 30, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդհանուր ապահովութեան հիմնադրութեան 77-ամեակին առիթով երէկ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ձեռնարկ մը` ներկայութեամբ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիի, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի եւ այլ անձնաւորութիւններու:

Այս առիթով Մաուլաուի արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ Լիբանանն ու լիբանանցիները շնորհաւորեց այս առիթով:

Ան ընդգծեց, որ Ընդհանուր ապահովութիւնը ապահովական այն կառոյցն է, որ երկրին անվտանգութեան կը հսկէ:

«Ընդհանուր ապահովութիւնը այն կառոյցն է, որ մեծ զոհողութիւններ ի գործ դրած է, բարգաւաճած եւ մեծ ծառայութիւններ մատուցած Լիբանանին: Ընդհանուր ապահովութեան դերակատարութիւնը հիմնական է, եւ հակառակ տիրող դժուար պայմաններուն մենք նուազագոյն կասկածը չունինք, որ անոնք իրենց պարտականութիւնն ու առաքելութիւնը կը կատարեն: Ապահովական բոլոր կառոյցներուն նման Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցին նպատակն է տէր կանգնիլ լիբանանեան պետութեան եւ լիբանանեան պետական հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ ազգային, լիբանանեան եւ արաբական այն սկզբունքներուն, որոնք ներկայ են երկրին ապահովական բոլոր հաստատութիւններուն մօտ», ըսաւ Մաուլաուի:

Ան անդրադարձաւ լիբանանեան բանտերուն մէջ տիրող իրավիճակին` հաստատելով, որ հիմնական երկու հարց գոյութիւն ունի. առաջինը` բանտերուն սահմանափակ կարողութիւններն են, իսկ երկրորդը` անոնց գերխճողուած ըլլալու իրականութիւնն է, որուն հետեւանքը կը դառնայ անկարգապահ վիճակը:

Մաուլաուի յայտնեց, որ բանտերուն մէջ կատարուած է խուզարկութիւն, եւ գտնուած են արգիլուած իրեր, ինչպէս` դանակներ եւ բջիջային հեռաձայն:

Մաուլաուի տեղեկատուութեան մարզէն խնդրեց ամբողջ պատասխանատուութիւնը պետութեան վրայ չբեռցնել եւ դատական իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց դատավարութիւնները արագացնել: «Բանտարկեալներուն 79 առ հարիւրը դատավարութեան չեն ենթարկուած, մինչդեռ արգելափակեալներուն 43 առ հարիւրը օտարերկրացիներ են, հետեւաբար ներքին գործոց նախարարութեան վրայ կայ ճնշում, սակայն այս շաբթուան ընթացքին պիտի սերտենք բանտարկեալներուն թիւը, եւ պիտի ուղղուիմ խորհրդարան` քննարկելու համար այդ թղթածրարին լուծումները», հաստատեց ան:

Մաուլաուի նշեց, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը պիտի չարտօնէ Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցին դէմ յարձակում գործել` նկատի ունենալով երկրին մէջ անոր պատմութիւնը:

Իր կարգին, Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ անպայման փափաքած են նշել Ընդհանուր ապահովութեան 77-ամեակը, որպէսզի անոր ընդմէջէն անդրադառնան Լիբանանի համար ծառայած եւ զոհուած նուիրեալներուն: «Լիբանան այսօր կը դիմագրաւէ իր պատմութեան ամէնէն դժուար տագնապներն ու օրերը: Ան իր պատմութեան մէջ նման տագնապալի օրեր չէ անցուցած եւ ներկայիս կը վկայէ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններ», ըսաւ ան:

Ապպաս Իպրահիմ ընդգծեց, որ Լիբանանի իրաւունքը պիտի չկորսուի եւ իսրայէլեան բռնագրաւումը պիտի չշարունակուի, այլ պիտի վերանայ, «որովհետեւ Լիբանան շատ աւելի հզօր է, քան ինչ որ ոմանք կը մտածեն: Հողը մերն է, ջուրը մերն է, իսկ երկինքը մեր երկինքն է, եւ որովհետեւ լիբանանցիները իրաւատէր են, ապա անոնք հզօրագոյնն են: Իսկ այն իրաւունքը, որուն մասին պահանջներ կան եւ զայն հետապնդող ուժեր, ապա անիկա կը վերստանձնուի», շեշտեց ան:

Ապպաս Իպրահիմ կոչ ուղղեց անձնական շահերը գերազանցելու փոխարէն Լիբանանի շահերը գերազանցելու: «Միասնաբար գործենք, որպէսզի Լիբանանը դուրս բերենք իր դիմագրաւած տագնապներէն», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Միւֆթի Տըրիան. «Սէուտական Կամ Որեւէ Արաբական Դեսպանատան Դէմ Սպառնալիք Կը Նկատուի Լիբանանի Ապահովական Կայունութեան Դէմ Սպառնալիք»

Յաջորդը

Պըրրի Միքաթիի Հետ Կը Քննարկէ Երկրին Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?