Ընդհանուր ապահովութեան հիմնադրութեան 77-ամեակին առիթով, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յղեց օրուան հրահանգը, որուն բնաբանն էր «Լիբանանը ձեզի յուսախաբութեան պիտի չմատնէ»:
Ապպաս Իպրահիմ, իր խօսքը ուղղելով Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն, հաստատեց, որ անոնց գոյատեւումը եւ կառչածութիւնը` զինուորական իրենց սկզբունքներուն եւ արհեստավարժութեան, յարգանքի արժանի է, նկատի ունենալով իրենց ի գործ դրած ճիգերն ու զոհողութիւնները` երկրին դիմագրաւած այս մութ ու սպառիչ պայմաններուն ընթացքին:
«Ձեր ծառայութիւններն ու զոհողութիւնները պէտք է շարունակուին` ձեր երդումին իբրեւ յանձնառութիւն: Դուք այս հայրենիքին վահաններէն մէկն էք, եւ այսօր աւելի քան երբեք Լիբանան ձեր կարիքը ունի», ըսաւ ան:
Իպրահիմ ընդգծեց, որ բոլորը գիտեն երկիրը պատող վտանգներուն չափն ու տարողութիւնը, ըլլան անոնք ներքին թէ արտաքին:
«Արտաքին մակարդակի վրայ Լիբանան սուրբ պայքար մը կը մղէ` թշնամի Իսրայէլէն տիրանալու համար ծովային իր իրաւունքներուն, ինչպէս նաեւ հսկելու եւ հակակշռելու համար ցամաքային իր անցքերը` գործադրելով կարգն ու կանոնը:
Ներքին մակարդակի վրայ կը գտնուինք ահարկու վտանգներու դիմաց` տնտեսական եւ ընկերային տագնապներուն պատճառով: Այդ տագնապները պատճառ դարձան, որ լիբանանեան պետութեան կառոյցները քայքայուին, եւ այդ պատճառով պէտք է մնանք կազմ ու պատրաստ, յանձնառու` Լիբանանն ու լիբանանցին պաշտպանելու, ուր որ ալ ըլլանք», շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ:
Ան հաստատեց, որ ջանքեր ի գործ դնելու մէջ հետեւողականութիւնը եւ օրէնքին համար զոհողութիւնը առանձինն հաստատ եւ անշեղ քայլեր կ՛իրականացնեն` դիմադրելու համար դժուար եւ խիստ պայմաններու:
«Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը, ինչպէս դուք, կ՛ապրի կենցաղային սպառնալիքները, որոնք կը դրսեւորուին ընկերային, առողջապահական եւ կրթական կայունութեան խախտումով:
Լիբանանցիներուն հասած չարիքը հասաւ նաեւ մեզի եւ այլ կառոյցներու, որովհետեւ մենք այս ժողովուրդէն ենք եւ անոր համար պէտք է միաւորուինք ու գոյատեւենք, որովհետեւ հակառակը կատարելու պարագային` մենք ընդունած պիտի ըլլանք երկրին բոլոր մարզերուն քանդումը: Իսկ երբ ապահովական կայունութիւնը կը վերանայ, ժողովուրդէն ու պետութենէն ոչինչ կը մնայ, հետեւաբար մենք երդուած են դիմադրել ու պայքարիլ», հաստատեց Ապպաս Իպրահիմ:
Ան ընդգծեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ ապահովելու համար օժանդակութիւնները, որոնք կը մեղմացնեն դժուարութիւնները:
Ան նկատել տուաւ, որ իրենք պիտի պահպանեն նուիրատուութիւնները եւ պիտի տրամադրեն դեղորայքի ու բժշկութեան համար յատկացումներ, ինչպէս նաեւ ընկերային նպաստներ` բարելաւելու համար աշխատավարձը:
«Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը պիտի շարունակէ որդեգրել արտակարգ ծառայութեան դասաւորումներ, ինչպէս նաեւ կարգի ու աստիճանի բարձրացումները պիտի կատարէ օրէնքով ճշդուած ժամկէտին ընթացքին: Տէր եղէ՛ք ձեր երդումին եւ Լիբանանն ու ձեր կառոյցը ձեզի յուսախաբութեան պիտի չմատնեն», եզրափակեց Ապպաս Իպրահիմ:


