Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 27, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 700 վարակուածներ եւ մահացած է 2 պարագայ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 32.200 լ. ոսկի է:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի, վարչական հարցերու եւ արդարութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան, առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ ծրագրաւորումի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերը հրաւիրեց միացեալ նիստի մը, որ պիտի գումարուի երեքշաբթի, 30 օգոստոս 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին: Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի դրամատնային փոխանցումներու եւ դրամատնային այլ գործառնութեանց վերաբերող օրինագիծը:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի սակը նուազած է 8000 լ. ոսկիով, մազութը` 1000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը` 5000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 584.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 597.000 լ. ոսկի, մազութը` 709.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 330.000 լ. ոսկի:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ յայտնեց, որ 2022-ի պետական ամավարկը արտակարգ է ու շտապ, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտութիւն` սրբագրելու համար այն հսկայական հետեւանքները, որոնք արձանագրուած են լիբանանեան դրամանիշին արժեզրկումին պատճառով:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը փոփոխութեան ենթակայ է` աւելցնելով, որ իրենք ցեղապաշտ եղած չեն ըլլար, եթէ սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով վերադարձը պահանջեն:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին հաստատեց, որ իրենք յանձնառու կը մնան լիբանանեան պետութիւնը պաշտպանելու` կոչ ուղղելով կազմելու կառավարութիւն մը` ամբողջական լիազօրութիւններով:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու որդեգրուելիք օրէնսդրական բարեկարգումները, ինչպէս նաեւ այն քայլերը, որոնք Լիբանանը պիտի զետեղեն ապաքինման ուղիին վրայ:

ՍԷՅԻՏ Ալի Ֆատլալլա կոչ ուղղեց զգուշանալու եւ պատրաստ ըլլալու` թշնամի Իսրայէլի կողմէ գործադրուելիք հաւանական արկածախնդրութիւններէն, որոնք կը միտին Լիբանանը իր իրաւունքներէն զրկել:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ վարչապետ Միքաթիէն պատասխանի մը կը սպասէ` Իրանի կողմէ Լիբանանի տրամադրուելիք նաւթի նուիրատուութեան մասին: «Եթէ Միքաթի շարունակէ մերժել այդ նուիրատուութիւնը եւ երկիրը մութի մատնէ, ապա այդ մէկը կը նշանակէ, թէ ան իր անձնական գումարներուն եւ շահերուն վրայ վախ ունի, ինչ որ գերագոյն դաւաճանութեան համազօր է եւ դատավարութեան ենթակայ», ըսաւ ան:

ԱՊԱՊԵՏԱԿԱՆԱՑՄԱՆ գերագոյն խորհուրդի նախկին ընդհանուր քարտուղար Զիատ Հայէք նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութիւնը առաջադրեց:

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը Կոչ Կ՛ուղղէ Նախագահական Ընտրութիւնը Կատարելու` Սահմանադրութեամբ Ճշդուած Ժամկէտին

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.