Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ նախագահեց պլոքի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային մարզերը յուզող հարցերը:
Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ խորհրդարանին կողմէ օրէնսդրական նիստեր գումարելու եւ բարեկարգումի օրինագիծերը վաւերացնելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս` Տնտեսական եւ ելեւմտական ապաքինման ծրագիրը, պետական ամավարկն ու բարեփոխուած տարբերակով «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի օրինագիծը` ապահովելու համար դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն իրաւունքները:
Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքը շեշտեց նաեւ տոլարի փոխարժէքի մէկ սակ ճշդելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ վերջնականացնելու մաքսատնային տոլարի սակը` ժողովուրդին տրամադրելով ընկերային հատուցում, ինչպէս նաեւ բժշկական խնամքի դիւրութիւններ:
Պլոքը կոչ ուղղեց սահմանադրական գործընթացներուն ժամկէտները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան ժամկէտը յարգելու` առանց սահմանադրական հերետիկոսութիւններու, նախագահական պաշտօնի թափուր վիճակ մը ստեղծուելու պարագային: