Միքաթի Նախագահեց Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին Յատուկ Նիստի Մը
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին յատուկ նիստի մը: Նիստին մասնակցեցան արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ, արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ, ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի, աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամ, նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէն...




















