Միջազգային Ընտանիքը Իր Շնորհաւորութիւնները Կը Փոխանցէ Լիբանանին` Ծովային Սահմանագծումը Որակելով Պատմական Նուաճում
Մինչ խորհրդարանը այսօր պիտի գումարէ նախագահական ընտրութեան իր նիստը, որմէ պիտի բացակային Հզօր Լիբանան համախմբումը եւ հաւանաբար այլ պլոքներու երեսփոխաններ, պաշտօնական Լիբանանը կը շարունակէ շնորհաւորութիւններ ստանալ միջազգային ընտանիքի ներկայացուցիչներէն, ինչպէս նաեւ արաբական երկիրներէ` հարաւային Լիբանանի մէջ ծովային սահմանագծումին վերաբերեալ համաձայնութեան յանգելու առիթով: Այս շրջագիծին մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Տեսողական մարզի արհեստներու սենտիքային հետ հանդիպումին ընթացքին ընդգծեց ծովային...



















