Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մեհրապի մէջ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրը` ներկայութեամբ Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Մըլհեմ Ռիաշիի:
Երկու ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան քաղաքական իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ քննարկուած են հիմնական երկու թղթածրարներ, որոնք են` կառավարութեան կազմութիւնն ու նախագահական ընտրութիւնը:
Պու Ֆաուր յայտնեց, որ նոր եւ հաւասարակշռուած կառավարութեան մը կազմութիւնը վնաս մը չունի, սակայն ներկայ իշխանութիւնը ներկայացնող կառավարութիւն մը կազմելու պարտաւորութեան տակ պէտք չէ ըլլալ:
Ան նկատել տուաւ, որ կառավարութեան չկազմուելուն պարագային պէտք չէ յաւելեալ շանթաժի ենթարկուիլ այն իմաստով, որ ներկայ կառավարութիւնը հակասահմանադրական է եւ հետեւաբար կարելի չէ անոր յանձնել հանրապետութեան նախագահին լիազօրութիւնները:
«Երկրին սահմանադրութիւնը յստակօրէն նշած է, թէ նախագահական աթոռի թափուր մնալուն պարագային, կառավարութիւնը լիիրաւ կերպով կրնայ ստանձնել հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւնները», ըսաւ Պու Ֆաուր:
Ան նկատել տուաւ, որ նախագահական ընտրութեան առումով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը, Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը, Վերանորոգումի պլոքը եւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքը կը զօրակցին երեսփոխան Միշել Մուաուատի թեկնածութեան` աւելցնելով, որ Մուաուատ ազգային եւ գերիշխանական բոլոր չափանիշները կ՛ամբողջացնէ հանրապետութեան նախագահ ընտրուելու իմաստով:
«Մենք մեր ըսելիքը ըսած ենք, եւ ժամանակն է, որ մնացեալ պլոքները ներկայացնեն իրենց թեկնածուները` շրջանցելով կեցուածք արտայայտելու քուէարկութեան դրութիւնը: Եթէ մնացեալ պլոքները կը փափաքին հանրապետութեան նախագահ ընտրել, ապա պէտք է ներկայացնեն իրենց թեկնածուները», յայտնեց ան:


