Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեան երէկ ընդունեց երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասանը, որուն հետ քննարկեց զոյգ նախարարութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը աշխուժացնելու հեռանկարները:
Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան նախարարութիւններու աշխատանքները պէտք է զիրար լրացնեն եւ ներդաշնակութեամբ քայլ պահեն արձանագրուելիք զարգացումներուն հետ: