Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Համախոհական Իսկական Ծրագիր Մը Մշակած Եմ, Իսկ Հըզպալլա Հիմնական Դերակատարութիւն Ունի Լիբանանի Քայքայումին Մէջ» Շեշտեց Միշել Մուաուատ

Հոկտեմբեր 8, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անկախութիւն շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք նախագահական ընտրութեան թեկնածու է` աւելցնելով, որ իրենք ի վիճակի են փրկելու Լիբանանը` իր դիմագրաւած այս դժուար փուլէն:

Մուաուատ հաստատեց, որ ինք համախոհական իսկական ծրագիր մը մշակած է` աւելցնելով, որ Լիբանանի ամբողջական քայքայումի այս պատկերին մէջ Հըզպալլա հիմնական դերակատարութիւն ունի:

Մուաուատ շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն մոխրագոյն նախագահի մը ընտրութիւնը` աւելցնելով, որ մոխրագոյն նախագահը Լիբանանը ոչ մէկ տեղ պիտի հասցնէ: «Պէտք չէ Լիբանանը Սոմալիի վերածել», ըսաւ ան:

Մուաուատ նշեց, որ ընդդիմութիւնը պէտք է ծրագիրի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնէ` աւելցնելով, որ բարեկարգչական երեսփոխաններուն հետ նախագահական նախաձեռնութեան մասին էական տարակարծութիւններ չկան, այլ կան տարբեր մօտեցումներ:

Մուաուատ նկատել տուաւ, որ Հըզպալլա անկարող է իր շարքերէն թեկնածու մը ճշդել, սակայն կը ջանայ պարտադրել համախոհական մոխրագոյն նախագահի մը միտքը, որպէսզի կարենայ յետաձգել բոլոր հարցերուն լուծումները եւ տնօրինել քայքայումը, որուն շրջագիծին մէջ քաղաքական բոլոր ուժերը կը ստանձնեն քայքայումի պատասխանատուութիւնը:

Ան ընդգծեց, որ ինք յանդգնած է նախագահական ընտրութեան թեկնածու դառնալ, որովհետեւ Լիբանան ամբողջական փլուզումի դիմաց կը գտնուի:

Մուաուատ յայտնեց, որ ինք մտերիմ է երեսփոխաններ Մարք Տաուի եւ Ուատտահ Սատեքի հետ` աւելցնելով, որ անոնք իրեն հետ կը վարուին իբրեւ Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանքի երեսփոխաններ: «Պատմութիւնը 2018-էն չէ որ կը սկսի, եւ ես պատրաստ եմ բարեկարգչական երեսփոխաններուն հետ քննարկելու տնտեսական տեսլական մը եւ արծարծելու տնտեսութեան մարզին վերաբերող հարցեր», շեշտեց ան:

Մուաուատ շեշտեց, որ կարելի չէ աշխարհէն անջատուած ըլլալով հանդերձ երկիր հիմնել, տնտեսութիւն կերտել կամ Լիբանանի պատմութիւնը նկատուող ելեւմտական շուկաները վերականգնել:

Մուաուատ շեշտեց, որ ինք Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի հետ անձնական հարցեր չունի` աւելցնելով սակայն, որ համոզուած է, թէ այս փուլին ընթացքին պէտք չէ ընտրել նախագահ մը, որ Դիմադրութեան առանցքի ներկայացուցիչ է:

Մուաուատ նշեց, որ իր եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան միջեւ գրաւոր ոչ մէկ համաձայնագիր կայ, ինչպէս` Մաարապի համաձայնագիրը: «Կառչած կը մնամ իմ թեկնածութեանս ներկայացուցած ընտրանքին եւ թեր պիտի չքուէարկեմ սահմանադրական որեւէ փոփոխութեան, ինչպէս` բանակի հրամանատարի նախագահ ընտրութեան», նշեց Մուաուատ:

 

Նախորդը

Դրամատուները Անժամկէտ Կը Փակե՞ն Իրենց Դռները

Յաջորդը

Ծովային Սահմանագծումի Թղթածրարին Մէջ Գտնուող Թնճուկները Լուծելու Ճիգերը Կը Շարունակուին

RelatedPosts

Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ  Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ  Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»

Օգոստոս 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել  ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ  Ֆրանսական Նախագիծը
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ Ֆրանսական Նախագիծը

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?