Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Միքաթի Այցելեց Պըրրիի, Ընդունեց Դեսպաններ Եւ Նախագահեց Տարբեր Նիստերու

October 13, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրին այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու օրէնսդրական շարք մը հարցեր:

Միքաթի Այն Թինէէն մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:

Միւս կողմէ, Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Վարչապետին այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքով:

Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ Լիբանան յանձնառու է Լիբանանի եւ Ռուսիոյ միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները պաշտպանելու եւ զանոնք ամրապնդելու:

Քննարկուեցան նաեւ հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանագծումին վերաբերող բանակցութիւններուն դրական արդիւնքները:

Ռուտաքով հաստատեց, որ վարչապետին հետ քննարկած է Լիբանանի մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումներն ու Ուքրանիոյ եւ ՄԱԿ-ի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը:

ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ ի նպաստ քուէարկելու Լիբանանի կեցուածքին մասին հարցումի մը պատասխանելով Ռուտաքով ըսաւ, որ Լիբանանի եւ Ռուսիոյ միջեւ համագործակցութիւնն ու համադրումը միշտ առկայ են` աւելցնելով, որ լիբանանեան եւ ռուսական կեցուածքները ընդհանրապէս նոյն ալիքին վրայ կը գտնուին:

Միքաթի նախագահեց քոլերա համաճարակին վերաբերող նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան կենսոլորտի նախարարի պաշտօնակատար Նասեր Եասին, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատի ներկայացուցիչ Աթիքա Պըրրի, ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչի տեղակալ Այթի Հիկընզ, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերու բարձրագոյն յանձնակատար Իյաքի Էյթօ եւ վարչապետի խորհրդական Զիատ Միքաթի:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան այն քայլերը, որոնք պիտի որդեգրուին քոլերա համաճարակին դէմ նախազգուշական միջոցներու դիմելու, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու գաղթակայաններուն մատակարարուող ջուրի ստուգումներ կատարելու, ինչպէս նաեւ հսկելու կոյուղիներու դրութեան:

Միքաթի նախագահեց նաեւ ելեւմտական նիստի մը, որուն ընթացքին շարունակուեցան 2023-ի պետական ամավարկը մշակելու աշխատանքները` ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլի, Միքաթիի խորհրդական` նախկին նախարար Նիքոլա Նահհասի եւ Սամիր Տահերի:

 

 

Նախորդը

Ճ. Պուչիքեան Քննարկեց Երկրագործութեան Նախարարութեան Հետ Գործակցութիւնը Աշխուժացնելու Հեռանկարները

Յաջորդը

Միջազգային Ընտանիքը Իր Շնորհաւորութիւնները Կը Փոխանցէ Լիբանանին` Ծովային Սահմանագծումը Որակելով Պատմական Նուաճում

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.