Լիբանանեան

Ծովային Սահմանագծումի Թղթածրարը   Խոչընդոտներու Դիմաց Կը Գտնուի

Ծովային Սահմանագծումի Թղթածրարը Խոչընդոտներու Դիմաց Կը Գտնուի

Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի թղթածրարը խոչընդոտներու դիմաց կը գտնուի` նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Իսրայէլ մերժած է ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի պատրաստած համաձայնութեան նախագիծին վրայ Լիբանանի կատարած դիտողութիւնները: Իսրայէլի վարչապետ Եայիր Լափիտ մերժեց ծովային սահմանագծումին մասին Լիբանանի յայտարարութիւնները` ընդգծելով, որ իսրայէլեան կողմը կը մերժէ սահմանագծումի համաձայնութեան մէջ Լիբանանի կողմէ առաջարկուած վերջին դիտողութիւնները: Լափիտ հաստատեց, որ Իսրայէլ իր տնտեսական եւ ապահովական շահերէն...

Լիբանան Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանցի  Զինուորներու Կողմէ Հայ Պատերազմական  Գերիներուն Նկատմամբ Գործածուած Ոճիրի Տեսանիւթը

Լիբանան Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանցի Զինուորներու Կողմէ Հայ Պատերազմական Գերիներուն Նկատմամբ Գործածուած Ոճիրի Տեսանիւթը

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց ազրպէյճանցի զինուորներու կողմէ հայ պատերազմական գերիներուն նկատմամբ գործածուած ոճիրի տեսանիւթը` հաստատելով, որ ազրպէյճանցի զինուորներու այդ արարքները յստակ կերպով կը խախտեն 1949-ի Ժընեւի համաձայնագիրը: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ Լիբանան կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի ընդհանուր դատախազի գրասենեակին յայտարարութիւնը, թէ այդ տեսանիւթին բովանդակութեան վերաբերեալ հետաքննութիւն բացուած է: «Լիբանան վերստին...

Ռայի Պատրիարքը Միքաթիի Հետ  Քննարկեց Ներկայ Իրադարձութիւնները

Ռայի Պատրիարքը Միքաթիի Հետ Քննարկեց Ներկայ Իրադարձութիւնները

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Միքաթի ընդգծեց, որ լիբանանեան միասնականութիւնը անհրաժեշտ է այս փուլին` ընտրելու համար հանրապետութեան նոր նախագահը: «Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին շրջագիծին մէջ, Ռայի պատրիարքին հաստատեցի, որ ես վերջին անձն եմ, որ համայնքային բառամթերքով կը մօտենայ հարցերուն», շեշտեց Միքաթի: Վարչապետը յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած...

Պու Հապիպ Նիւ Եորք Կատարած Իր Այցելութեան  Արդիւնքները Ներկայացուց Արտաքին  Յարաբերութիւններու Յանձնախումբին

Պու Հապիպ Նիւ Եորք Կատարած Իր Այցելութեան Արդիւնքները Ներկայացուց Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբին

Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ գումարեց իր նիստը`  նախագահութեամբ երեսփոխան Ֆատի Ալամէի եւ ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի, ինչպէս նաեւ յանձնախումբի անդամներուն: Նիստէն ետք Ալամէ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին Պու Հապիպ Նիւ Եորք կատարած իր այցելութեան արդիւնքները ներկայացուց յանձնախումբին: Ան նկատել տուաւ...

Պըրրի Պուչիքեանի Հետ Քննարկեց  Ճարտարարուեստի Մարզին Վերաբերող Հարցեր

Պըրրի Պուչիքեանի Հետ Քննարկեց Ճարտարարուեստի Մարզին Վերաբերող Հարցեր

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ճարտարարուեստի մարզին վերաբերող հարցերը: Պըրրիի այցելեց նաեւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի օգնական, դեսպան Հուսամ Զաքի. քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Զաքի մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:  

Դրամատուներ Ներխուժելու Միջադէպերը  Կը Շարունակուին, Իսկ Հաֆեզ Ազատ Կ՛Արձակուի

Դրամատուներ Ներխուժելու Միջադէպերը Կը Շարունակուին, Իսկ Հաֆեզ Ազատ Կ՛Արձակուի

Լիբանանցի քաղաքացի Սալի Հաֆեզ, որ զինեալ ներխուժում մը գործած էր «Պլոմ» դրամատան դէմ եւ պահանջած իր գումարները` հաստատելով քրոջ բուժման ծախսերը հոգալու իր պարտաւորութիւնը, երէկ` ներկայութեամբ իր քրոջ` Իքրամի, դատավարութեան ենթարկուեցաւ Պէյրութի Արդարութեան պալատին մէջ: Սալի Հաֆեզ ինքզինք ապահովութեան ուժերուն յանձնեց նախանցեալ գիշեր: Պէյրութի Աւագ քննիչ դատախազի տեղակալ Շարպել Ապու Սամրա որոշեց ազատ արձակել Սալի Հաֆեզը` զայն ենթարկելով մէկ միլիոն...

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Մշակոյթի  Նախարարի Պաշտօնակատարին

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Մշակոյթի Նախարարի Պաշտօնակատարին

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ այցելեց մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատայի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ընդհանուր հարցեր, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները` բոլոր ոլորտներուն պարագային: Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ  մշակոյթի մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:  

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 39.850 լ. ոսկի է: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց նախագահական ընտրութեան նիստի մը, որ պիտի գումարուի հինգշաբթի, 13 հոկտեմբեր 2022-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին: ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի 11 հոկտեմբեր 2022-ին: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն`...

Օլիվըր Վարհելյի Լիբանանցի Ղեկավարներուն  Կոչ Ուղղեց Գործադրելու Բարեկարգումները

Օլիվըր Վարհելյի Լիբանանցի Ղեկավարներուն Կոչ Ուղղեց Գործադրելու Բարեկարգումները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց Եւրոպական Միութեան շրջանային հարցերու յանձնակատար Օլիվըր Վարհելյին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող հարցերը` պահանջելով Եւրոպական Միութեան օժանդակութիւնը` դիւրացնելու տեղահանուածներուն ապահով տունդարձը: Նախագահ Աուն յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը եւ յատկապէս Եւրոպական Միութիւնը կ՛անտեսեն Լիբանանի այս պահանջը, իսկ կարգ մը մեծ պետութիւններ ճնշումներ կը բանեցնեն` Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածները լիբանանեան...

Վարչապետ Միքաթի Նախագահեց Մաքսատնային  Վարչութեան Վերաբերող Ժողովի Մը

Վարչապետ Միքաթի Նախագահեց Մաքսատնային Վարչութեան Վերաբերող Ժողովի Մը

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Քաթարի դեսպան Իպրահիմ պըն Ապտել Ազիզ Սահլաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Վարչապետ Միքաթի նախագահեց ժողովի մը, որ կը վերաբերի մաքսատնային վարչութեան կացութեան եւ աշխատանքներուն: Ժողովին ընթացքին քննարկուեցան մաքսատնային վարչութեան իրավիճակն ու գործարարներուն եւ ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերուն համար մաքսատնային գործառնութիւնները դիւրացնող միջոցները: Մաքսատնային վարչութեան աշխատանքներուն եւ կարգ մը...

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը  Կոչ Ուղղեց Ընտրելու Հանրապետութեան  Նախագահը Եւ Կազմելու Կառավարութիւնը

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Ընտրելու Հանրապետութեան Նախագահը Եւ Կազմելու Կառավարութիւնը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ խորհուրդը մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւած է նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի անդրանիկ նիստին եւ դրական կը գնահատէ զայն` ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն կառչած մնալու առումով: Խորհուրդը կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն, յատկապէս խորհրդարանի նախագահին` ընտրելու հանրապետութեան նախագահը սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին:...

Պուչիքեան Զօր. Աունի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Պուչիքեան Զօր. Աունի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեան երէկ այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Եւրոպական Միութեան շրջանային հարցերու յանձնակատար Օլիվըր Վարհելյին, ինչպէս նաեւ «Մայեաս» պարախումբը` անոր հիմնադիր Նետիմ Շըրֆանի գլխաւորութեամբ: Զօր. Աուն շնորհաւորեց «Մայեաս»-ի արձանագրած յաջողութիւնը:  

Սամի Ժեմայէլ Ազգային Չափաւորականութիւն  Պլոքին Հետ Քննարկեց Նախագահական  Ընտրութեան Ռազմավարութիւնը

Սամի Ժեմայէլ Ազգային Չափաւորականութիւն Պլոքին Հետ Քննարկեց Նախագահական Ընտրութեան Ռազմավարութիւնը

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ, ինչպէս նաեւ պլոքի երեսփոխաններ Սելիմ Սայեղ եւ Նետիմ Ժեմայէլ երէկ այցելեցին Ազգային չափաւորականութիւն պլոքի գրասենեակը, ուր անոնք հանդիպում մը ունեցան երեսփոխաններ Ուալիտ Պաարինիի, Մոհամետ Սլէյմանի, Ահմետ Խէյրի, Սաժիհ Աթիէի եւ պլոքի ընդհանուր քարտուղար, նախկին երեսփոխան Հատի Հպէյշի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան ռազմավարութիւն մը մշակելու կարելիութիւնները: Հանդիպումէն ետք Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենք...

Երեսփոխան Սինթիա Զարազիր  Պահանջեց Դրամատան Իր Գումարը

Երեսփոխան Սինթիա Զարազիր Պահանջեց Դրամատան Իր Գումարը

Երեսփոխան Սինթիա Զարազիր երէկ ուղղուեցաւ «Պիպլոս» դրամատան Անթիլիասի մասնաճիւղը, ուր պահանջեց դրամատան մէջ ունեցած իր գումարը: Ան շեշտեց, որ դրամատան կողմէ անարդար լուծման մը յանգած են` աւելցնելով, որ դրամատունը ստիպած է իրեն ստորագրելու անարդար փաստաթուղթ մը: Զարազիր նկատել տուաւ, որ իբրեւ երեսփոխաններ իրենք ապահովագրութիւն ունին` աւելցնելով, որ իր պահանջածը ապահովագրութեան տարբերութիւնն է: Սինթիա Զարազիր դրամատուն ուղղուած էր պահանջելու իր ունեցած...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 39.600 լ. ոսկի է: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ շնորհաւորագիր մը յղեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին` Հոկտեմբերեան ազատագրական պատերազմի 49-ամեակին առիթով: Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանան հակամէտ է եւ կը զօրակցի Սուրիոյ` Կոլանի արաբականութիւնը պաշտպանելու եւ ահաբեկչութեան դիմադրելու անոր պայքարին մէջ: Պըրրի շնորհաւորեց նաեւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսին` 1973 հոկտեմբերի յաղթանակի տարեդարձին առիթով: Պըրրի...

Շիա Կը Թելադրէ Ծովային Սահմանագծումին  Մասին Լիբանանի Պատասխանը Արագացնել

Շիա Կը Թելադրէ Ծովային Սահմանագծումին Մասին Լիբանանի Պատասխանը Արագացնել

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շարունակեց հետեւիլ Լիբանան - Իսրայէլ ծովային սահմանագծումին մանրամասնութիւններուն, յատկապէս Պաապտայի մէջ նախանցեալ օր տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններուն լոյսին տակ արձանագրուած դիտողութիւնները սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւնները վարող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնին փոխանցելու քայլերուն: Այս շրջագիծին մէջ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն ներկայացուց նախագահական պալատին մէջ նախանցեալ օր տեղի...

Լիբանանեան Դրամատուներուն Դէմ Զինեալ  Ներխուժումները Կը Շարունակուին

Լիբանանեան Դրամատուներուն Դէմ Զինեալ Ներխուժումները Կը Շարունակուին

Դրամատուներուն դէմ գործուած զինեալ ներխուժումի դէպքերը կը շարունակուին: Երէկ Լիբանանի մէջ գործող երկու դրամատուներու մէջ պատահեցան ներխուժումներ` հոն հաշիւ ունեցող քաղաքացիներու կողմէ: Առաջինը արձանագրուեցաւ «Պի. Էլ. Սի.» դրամատան Շթորայի մասնաճիւղին մէջ, երբ հաշիւ ունեցող քաղաքացի Ալի Տիպ Սահիլի իր ատրճանակով մուտք գործեց դրամատուն եւ դրամատունէն պահանջեց 24.502 տոլարի հասնող իր գումարը: Աւելի ուշ ապահովութեան ուժերը ձերբակալեցին Ալի Տիպ Սահիլին, որ...

«Նոր Կառավարութիւն Մը Կազմելու Աշխատանքները  Ընթացքի Մէջ Են` Հակառակ Բոլոր Խոչընդոտներուն»  Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

«Նոր Կառավարութիւն Մը Կազմելու Աշխատանքները Ընթացքի Մէջ Են` Հակառակ Բոլոր Խոչընդոտներուն» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ հովանաւորեց «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած կլոր սեղանը, որ նուիրուած էր «Դէպի երկրորդ հարիւրամեակ սլացող Լիբանանի երիտասարդութեան»: Այս առիթով վարչապետ Միքաթի արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ հաստատեց, որ նոր կառավարութիւն մը կազմելու աշխատանքները ընթացքի մէջ են` հակառակ բոլոր խոչընդոտներուն: «Ոչ ոքի պիտի արտօնուի արգելակել երկրին սահմանադրական երթը», հաստատեց ան: Վարչապետ Միքաթի մաղթեց, որ Լիբանանի խորհրդարանը յաջողի...

Ճ. Պուչիքեան Այցելեց  «Փեփսի Քոլա»-ի Գործարան

Ճ. Պուչիքեան Այցելեց «Փեփսի Քոլա»-ի Գործարան

Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեան այցելեց Շուէյֆաթի «Փեփսի քոլա»-ի ընկերութիւն, ուր դիմաւորուեցաւ գործարանի տնօրէն Ուալիտ Թուֆիք Ասսաֆի եւ գործարանի պաշտօնեաներուն, ինչպէս նաեւ տնտեսական հեղինակութիւններու կողմէ: Ասսաֆ բարի գալուստի խօսք մը արտասանեց ի պատիւ Պուչիքեանի` բարձր գնահատելով անոր ցուցաբերած գուրգուրանքը լիբանանեան ճարտարարուեստին նկատմամբ: Ասսաֆ անդրադարձաւ գործարանին աշխատանքներուն եւ անոր դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Ճ. Պուչիքեան շրջեցաւ գործարանին մէջ` նշելով, որ ինք գործարանները կ՛այցելէ...

Ֆայեատ. «Ելեկտրական Հոսանք Արտադրելու Համար  Բնական Կազը Կը Ծառայէ Իբրեւ Իսկական Աղբիւր»

Ֆայեատ. «Ելեկտրական Հոսանք Արտադրելու Համար Բնական Կազը Կը Ծառայէ Իբրեւ Իսկական Աղբիւր»

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ Խրուաթիոյ Տուպրովնիք քաղաքին մէջ մասնակցեցաւ «MEDREG» խորհրդաժողովին, որուն ընդհանուր նիւթն էր Միջերկրականի մէջ կազի եւ ուժանիւթի տագնապները դիմագրաւելու համար կազմաւորման խորհուրդներու դերակատարութիւնը: Խորհրդաժողովին ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքի մէջ ուժանիւթի տագնապին հարցը եւ միջազգային ուժանիւթի տագնապը` Ուքրանիոյ պատերազմին լոյսին տակ: Խորհրդաժողովին ընթացքին քննարկումները կեդրոնացան այն իրականութեան վրայ, որ եւրոպական երկիրները կը վստահէին Ռուսիոյ...

Page 311 of 988 1 … 310 311 312 … 988

Արխիւներ