Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը, որուն կ՛ընկերակցէր պատուիրակութիւն մը:
Հանդիպումին ընթացքին Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը բարձր գնահատեց նախագահ Աունի ի գործ դրած ջանքերն ու զոհողութիւնները` ի խնդիր Լիբանանի բարգաւաճման:
Իր կարգին, նախագահ Աուն յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումը կը կատարուի, որովհետեւ այդ սահմանագծումը կը նշանակէ լիբանանեան նաւթահորերուն մէջ նաւթի ու կազի հորատումներու սկսիլ, որոնք իրենց կարգին պիտի ըլլան Լիբանանի արձանագրելիք տնտեսական բարգաւաճման նախաքայլերը:



