Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 8, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 39.300 լ. ոսկի է:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ կոչ ուղղեց կազմելու կառավարութիւնը, ինչպէս նաեւ համախոհական ոգիով ընտրելու հանրապետութեան նախագահը:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 11.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 11.000 լ. ոսկիով, մազութը` 21.000 լ. ոսկիով եւ պիւթակազի շիշը` 8000 լ. ոսկիով: Վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 710.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 727.000 լ. ոսկի, մազութը` 831.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 431.000 լ. ոսկի:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի թուիթըրեան իր հաշիւին ընդմէջէն կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Լիբանանեան ապահովական կառոյցները կատարեցին տեսակարար նոր գործողութիւն մը, որուն շրջագիծին մէջ լիբանանեան մաքսատան թմրեցուցիչի դէմ պայքարի բաժանմունքը բացայայտեց մէկ միլիոն ութ հարիւր քեփթակոն դեղահատեր, որոնք պահուած էին գործիքներու մէջ եւ Պէյրութի նաւահանգիստէն պիտի փոխադրուէին Թունուզ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Պուխարի յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա յանձնառու կը մնայ սահմանադրական գործընթացները իրենց ճշդուած թուականին կատարելու յանձնառութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ պաշտպանել Լիբանանի կայունութիւնն ու անոր ժողովուրդին միասնականութիւնը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ յայտնեց, որ ընդդիմադիր ուժերը պէտք է միանան ու խմբաւորուին նախագահական ընտրութեան մէկ թեկնածուի շուրջ, որպէսզի կարենան զայն հասցնել նախագահի պաշտօնին:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ, բարձրագոյն ուսման եւ մշակոյթի հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հասան Մըրատ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ծովային սահմանագծումի, կառավարութեան կազմութեան եւ նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցեր: Մըրատ եւ Վրոնեցքա քննարկեցին նաեւ շրջանային հարցեր:

Նախորդը

Առանց Հայ Դպրոցի Հայութիւնը Չ՛ապրիր

Յաջորդը

Ուահապ. «Հըզպալլայի Հրթիռները Կրնան Թիրախ Դարձնել Իսրայէլեան Բոլոր Պետական Հաստատութիւնները»

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Տեսակցեցաւ  Փաքիստանի Իր Պաշտօնակիցին Հետ
Լիբանանեան

Վարչապետ Սալամ Տեսակցեցաւ Փաքիստանի Իր Պաշտօնակիցին Հետ

September 26, 2026
Սալամ. «Ոչ Ոք Բացի Կառավարութենէն  Կրնայ Խօսիլ Կամ Բանակցիլ Լիբանանի Անունով»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ոչ Ոք Բացի Կառավարութենէն Կրնայ Խօսիլ Կամ Բանակցիլ Լիբանանի Անունով»

September 26, 2026
Նախագահ Աուն Բարձր Գնահատեց  Կարմիր Խաչի Եւ Կարմիր Մահիկի  Գործունէութիւնը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Բարձր Գնահատեց Կարմիր Խաչի Եւ Կարմիր Մահիկի Գործունէութիւնը

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.