Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաապտայի Մէջ. «Լիբանան Ի Վիճակի Չէ Նախագահական Աթոռի Թափուր Մնալը Հանդուրժելու» Շեշտեց Հուսամ Զաքի

October 8, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի օգնական, դեսպան Հուսամ Զաքին:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանանի համար առաջնահերթութիւն պէտք է ըլլայ նախագահական ընտրութիւն կատարելը, որպէսզի նորընտիր նախագահը կարենայ կազմել նոր կառավարութիւնը, եւ ոչ թէ հակառակը:

Ծովային սահմանագծումի թղթածրարին անդրադառնալով` նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան կը սպասէ ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի կողմէ կատարուած հաղորդակցութիւններու արդիւնքներուն` իմանալու համար անուղղակի բանակցութիւններուն ընթացքը:

Զաքի շեշտեց, որ Լիբանան կատարած իր այս այցելութիւնը կը միտի յայտնել Արաբական լիկային յանձնառութիւնը Լիբանանի մէջ սահմանադրական գործընթացներուն գործադրութեան եւ յատկապէս նախագահական ընտրութեան վերաբերեալ քաղաքական ուժերու դիրքորոշումներուն:

Զաքի շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը պէտք է միասնաբար յանգին համաձայնութիւններու, որպէսզի կարելի ըլլայ հանրապետութեան նախագահ մը ընտրել` սահմանադրական ժամկէտին ընթացքին:

Ան շեշտեց, որ Լիբանան ի վիճակի չէ նախագահական աթոռի թափուր մնալը հանդուրժելու` աւելցնելով, որ տակաւին կանուխ է Լիբանանի համար արաբական նախաձեռնութիւն մը առաջադրելու:

Միւս կողմէ, Զաքի հաստատեց, որ Արաբական լիկան կը զօրակցի Լիբանանի հողային եւ ծովային իրաւունքներուն:

Վարչապետարանին Մէջ

Զաքի այցելեց նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Հանդիպումին ընթացքին Զաքի վերահաստատեց Լիբանանի կատարելիք սահմանադրական գործընթացներուն, յատկապէս նախագահական ընտրութիւնը կատարելու կարեւորութիւնը:

Ան նկատել տուաւ, որ նախանցեալ օր այցելութիւններ կատարած է կարգ մը քաղաքական ուժերու, որոնց հետ հանդիպումներէն սակայն յստակ դարձած է, թէ կեցուածքներուն միջեւ տարակարծութիւններ կան, եւ կարիքը կայ յաւելեալ խորհրդակցութեան` յանգելու համար պէտք եղած համաձայնութիւններուն:

Զաքի մաղթեց, որ լիբանանցիներուն միջեւ կարելի ըլլայ համաձայնութիւններ գոյացնել, որպէսզի Լիբանանը դրական օրեր ունենայ:

Զաքի նշեց նաեւ, որ վարչապետին հետ քննարկած է Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի հարցը եւ շեշտած, որ Արաբական լիկան նեցուկ կը կանգնի լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող տնտեսական իրաւունքները պաշտպանելու լիբանանեան պետութեան կեցուածքներուն:

Պու Հապիպի Մօտ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ իր կարգին ընդունեց Զաքին, որ յայտնեց, թէ Լիբանան կը գտնուի երկրին պետական պաշտօնատարներուն հետ քննարկելու համար նախագահական ընտրութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ:

«Մեր պարտականութիւնն է իբրեւ Արաբական լիկա խորհրդակցիլ լիբանանցի մեր եղբայրներուն, յատկապէս քաղաքական ղեկավարութիւններուն հետ, որպէսզի օժանդակենք անոնց ելք մը գտնելու եւ երկրին օգտակար հանդիսանալու», հաստատեց ան:

Զաքի վերահաստատեց սահմանադրական գործընթացները կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Պու Հապիպ շնորհակալութիւն յայտնեց Արաբական լիկային` Լիբանանի նկատմամբ անոր նախանձախնդրութեան համար:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Այս Փուլին Ընթացքին Կարիքը Ունինք Մոհամետ Մարգարէի Արժէքներուն Ծննդեան»

Յաջորդը

Ուաշինկթըն Կը Շարունակէ Աջակցիլ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Հաշտեցման Նպաստելու Միջազգային Ջանքերուն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.